ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ- ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ
Հայ գրական հուժկու դէմքերէն մէկն է Շահան Շահնուր:Վաւերական մեծութիւն մը, իր յոյզերով, իր պոռթկուն էջերով կը հասնի մինչեւ հոգիին խորքը ընթերցողին:
Գրողներ կան, որոնց գործերը տարիներով կը յիշուին ամենայն մանրամասնութեամբ, կարծես երէկ կարդացած ըլլայիր:
Շահնուր գրողի բնութագրական յատկանիշը իր ստեղծագործութեան բոլոր շրջաններուն, քննադատական հայեացքն է հայ իրականութեան նկատմամբ:
Ոչ թէ պակասութիւններ տեսնելու եւ կամ թերագնահատելու միտումով, այլ բացայայտելու, պատկերելու այն ամէնը ինչ որ կրնայ տանիլ դէպի ազգային ախտերու վերացումը:
Զգացումներու եւ յոյզերու բազմերանգութեամբ կը նկարագրէ անհայրենիք մնացած սերունդի մը կեանքը: Իր գործին մէջ դնելով արուեստի մեծ ուժ, իրականութեան ճշնարիտ արտացոլում, եւ քննադատական համարձակութիւն:
Շահնուրի հայ գրականութենէն հեռանալու հարցը անվիճելի չէ եղած մեր գրականագէտներուն համար: «Նահանջի» հեղինակին հայերէնէ դէպի ֆրանսերէն անցումը, ֆրանսական թերթերուն Արմէն Լուպէն գրչանունով:
Բայց միթէ՞ օտարամոլութեան դէմ ընդվզող Շահնուրը կրնար օտարանալ…
Ի՞նչպէս կրնար օտարանալ Շահնուրի պէս խիզախ ըմբոստ մը, որ չէր կրնար հանդուրժել գաղթական վիճակին:
Կը խոյանար իր ճակատագրին դէմ, կ՜ուզէր յանդուգն ոստումներ կատարել, փրկելու համար հայու հոգին:
Քաջ գիտակցելով, որ մենք հայերս կեանքի շրջադարձային պահերուն, որքան հեռու ենք ազգային միասնութենէն եւ լիակատար փոխըմբռնումէն:
Այդ մասին ակնարկելով կ՜ըսէ._ « Կ՜ըսուի թէ մեր գրագէտները ցոյց տուած են , գաղթականականկեանքի մէջ , փոխադարձ եւ ջերմ իրերօգնութիւն, եւ իրենց միջեւ բաժնած են պատառ մը հացը եղբայրաբար:
Ստեփանեան կը թուէ օրինակներ, կու տայ անուններ»: «Բայց ցոյց չի տար մետալին միւս երեսը, որ այլեւս եղբայրացում չէ, այլ եղբայրասպան կռիւ:
Գոյութիւն ունի ազգային պատմութեան իմացում մը, ըստ որուն վեր կ՜առնուի եւ կը խոշորացուի այն ամէն ինչը, որ նպաստաւոր է ազգին, եւ կը քօղարկուի աննպաստը»:
«Մենք բաւական պատճառներ ունինք հպարտ ըլլալու իբրեւ հայ, որպէսզի պէտք չըլլայ քօղարկել աննպաստը:
Նամանաւանդ երբ այդ աննպաստը մասնայատուկ չէ հայուն»: Շահնուր այն գրողն է, որ չի թաքցներ իր յոյզերն ու տարակոյսները որոնք կ՜արտայայտեն յստակ ու ճշմարիտ միտքեր:
Իր գործերը ոչ միայն հայ ժողովուրդի գոյավիճակի ստոյգ պատկերն են:
Այլ կարեւոր պատգամ են սերունդներուն համար:
«Գրական Դէմքեր » ( Հատուածներ )