Օգոստոս 3-ին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը Շահան Շահնուրի, որ 86 տարի առաջ հրատարակուած իր գլուխ-գործոց երկով` «Նահանջը առանց երգի» վէպով, ոչ միայն դարաշրջան բացաւ հայ գրականութեան մէջ, այլեւ ամէնէն բուռն եւ դասական հնչեղութեամբ ահազանգը հնչեցուց հայոց ազգային ճակատագիրը տագնապեցնող գլխադիր վտանգին դէմ` հայրենահան հայ ժողովուրդի այլասերման ու ապահայացման, օտարացման եւ ի վերջոյ ձուլման ծանրագոյն աղէտին դէմ:
Որքան իր սեփական տուայտանքին, նոյնքան եւ աւելիով ամբողջ սերունդի մը ողբերգութեան բանբերը եղաւ Շահնուր: Թրքական Պետութեան գործադրած ցեղասպանութենէն վերապրած Հայուն ողբերգութիւնը իւրովի եւ շատ խոր մղձաւանջով ապրեցաւ Շահնուր, անձնապէ՛ս: Եւ որքան իր մարմնին ու սրտին, մտքին ու հոգիին յետին բջիջներուն մէջ զգաց ահաւորութիւնը դատապարտեալ հայու իր ճակատագրին, այնքան անզուսպ եւ կատաղի դարձաւ Շահնուրի ընդվզումը հայութենէ եւ հայկականութենէ նահանջին… անխուսափելիութեան դէմ:
«Կը նահանջեն ծնողք, որդի, քեռի, փեսայ. կը նահանջեն բարք, ըմբռնում, բարոյական, սէր: Կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն: Եւ մենք դեռ կը նահանջենք բանիւ ու գործով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ. մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին»:
Շահնուրեան այս ահազանգը սթափեցուց ամբողջ սերունդներ եւ անոնց մէջ վառեց կրակը` հայկականութեան վիթխարի ժառանգութիւնը միշտ Արարատն ի վեր բարձրացնելու եւ, իյնալով ու վար գլորելով հանդերձ, վերստին կանգնելու եւ դժուարին մագլցումը վերսկսելու պայքարունակ ոգիով:
Ինքնալքումի եւ ձուլումի հոսանքին անձնատուր չըլլալու այդ վճռակամութենէն տարբեր կրակ չէր կրնար վառել Շահնուրի արձակած ահազանգը, որովհետեւ ինչպէս «Նահանջը առանց երգի»-ն հերոսը կ’ազդարարէր`
«Եղան հայեր, որոնք իրենց մորթը փրկելու համար վճարեցին ոսկի. եղան ուրիշներ, որոնք տուին հաւատք, կուսութիւն. եղան անոնք, որոնք լքեցին տուն, տեղ, երկինք. եղան դեռ վատեր, որ ուրացան ազգ ու լեզու. եւ հերոսներ, որ տուին արիւն, կեանք, օր ու արեւ: Իսկ մե՞նք, կը վճարենք իբրեւ վերջին փրկագին այն, որ պիտի գայ: Իբրեւ վերջին փրկագին` մանուկներ, որոնք կրնային մեծնալ. ապագայի սերունդներ, որոնք մեզմէ վերջ պիտի գային: Որովհետեւ այն, որ պիտի գայ, պիտի ըլլայ օտար, բանիւ եւ գործով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ, մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին»…
Ահա՛ պատգամը Շահնուրին, որ հազիւ 26 տարեկան էր, երբ «Նահանջը առանց երգի» իր վէպով հայ գրականութեան մէջ բարձունք նուաճեց եւ յաւերժութեան արժանացաւ:
Ծնած էր Պոլիս, 1903-ին, Շահնուր Քերեսթէճեան աւազանի անունով: Նախնական կրթութիւնը թաղի ազգային վարժարանին մէջ ստանալէ ետք, աւարտած էր Պէրպէրեան վարժարանը, 1921-ին:
Կենսագիրներուն վկայութեամբ, ինքնաշխատութիւնը հիմնական դեր ունեցաւ Շահնուրի գրական-գեղարուեստական եւ մտաւորական-իմաստասիրական հակումներու մշակման ու զարգացման մէջ: Յատկապէս իր մօրեղբօր` հայ իրականութեան մէջ տարեգիրքի պատրաստութեան աւանդը ստեղծած Թէոդիկի հարուստ գրադարանը իսկական դպրոց մը եղաւ պատանի Շահնուրի համար, որ Պէրպէրեան վարժարանը նոր աւարտած` սկսաւ կանոնաւորաբար աշխատակցիլ ատենի Պոլսոյ «Ոստան» հանդէսին, առաւելապէս թարգմանութիւններով:
1923-ին, Թուրքիոյ մէջ քեմալականութեան վերջնական հաստատումէն ետք, իր սերնդակից հայ գրողներէն շատերու պէս, Շահնուր իր կարգին հեռացաւ Պոլիսէն: Հաստատուեցաւ Փարիզ, ուր նկարչատան մը մէջ աշխատելու կողքին, թափով նուիրուեցաւ գրական-գեղարուեստական ստեղծագործութեան:
1920-ականներու սկզբնաւորութեան Փարիզը հայ մտքի եւ գրականութեան ամէնէն եռուն կեդրոններէն մէկը դարձաւ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ: Եթէ Պէյրութն ու Հալէպը իրենց վրայ կեդրոնացուցին Մերձաւոր Արեւելքի հայրենամերձ գօտիներու հայութեան ստեղծագործ կեանքը, նոյնը ըրաւ Փարիզ` եւրոպական տարածքի վրայ: Իսկ Շահնուր շատ արագ դարձաւ փարիզեան սերունդին ամէնէն տաղանդաւոր արձակագիրը:
Արդարութեան սիրոյն եւ յանուն ճշմարտութեան կ’արժէ անմիջապէս ընդգծել, որ հայ գրողներու փարիզեան սերունդին դիմագիծը միայն Շահնուրեան չէ, որքան ալ անուրանալիօրէն մեծ ըլլայ «Նահանջ»-ի երգիչին գեղարուեստական տաղանդը եւ որքան ալ արտակարգօրէն ուժեղ հնչէ անոր ահազանգով փոխանցուած պատգամը: «Փարիզի տղոցմէ» իւրաքանչիւրը` Ահարոն եւ Որբունի, Սարաֆեան եւ Թոփալեան, բայց մանաւանդ Շուշանեան նոյնքան եւ, վերջինի պարագային, նաեւ աւելիով իրենց դրոշմը դրին սփիւռքահայ գրականութեան վրայ:
Երբ 1929-ին, «Յառաջ»-ի մէջ իբրեւ թերթօն տպուելէ ետք, առանձին հատորով լոյս տեսաւ Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի»-ն` «Պատկերազարդ պատմութիւն հայոց» վերտառութեամբ, «Փարիզի տղոց» հոյլը արդէն իր դպրոցը ստեղծած էր սփիւռքեան գրականութեան մէջ` հայրենի հողին կարօտն ու պաշտամունքը, հայկականին համն ու բուրմունքը եւ հայեցիութեան արմատական արժէքները իբրեւ սրբութիւն սրբոց պահպանելու դրօշով:
Շահան Շահնուր եկաւ իր ուրոյն հորիզոնը բանալու` ե՛ւ գրականութեան, ե՛ւ մտածողութեան առումներով: Ուզեց եւ յաջողեցաւ բանալ հոգեկան ամբողջ աշխարհը հայրենի հողէն արմատախիլ եղած հայ մարդոց, որոնք օտար ափերու վրայ դատապարտուած են անխուսափելիին` այլասերման ու օտարացման, ուծացման եւ ի վերջոյ ձուլումին:
Շահնուր 1933-ին լոյս ընծայեց իր երկրորդ հատորը` «Յարալէզներու դաւաճանութիւնը» անունով պատմուածքները, որոնք հայերէնով գրուած իր արձակին կարապի երգը եղան երկար ժամանակաշրջանի մը համար: 1937-ին ան ոսկորախտ ունեցաւ, որ շատ արագ իր աւերը գործեց երիտասարդ Շահնուրի կեանքին մէջ, ֆիզիքապէս անկարողութեան մատնեց եւ մինչեւ մահ ցաւն ու տառապանքը բաժին հանեց Շահնուրի: 1939-ին, սեփական տունէ ալ զրկուած, ան ինկաւ հիւանդանոցները:
1945-ին, մասամբ ապաքինած իր հիւանդութենէն, Շահնուր սկսաւ ֆրանսերէնով ստեղծագործել` Արմէն Լիւպէն գրչանունով: Յաջորդաբար լոյս ընծայեց «Կրակ կրակի դէմ», «Օտարականը», «Աննկատ անցորդը» եւ «Գիշերային փոխանցում» վէպերը, ինչպէս նաեւ` բանաստեղծութեանց երկու հատորներ, որոնք գրական մրցանակներու արժանացուցին զինք:
Բայց հայերէնով ստեղծագործելու հայ գրողի իր կոչումին հետ կապը բնաւ չխզեց Շահնուր, հակառակ որ արդարօրէն դառնացած էր հայ գրողին նկատմամբ հայ իրականութեան մէջ դրսեւորուած անփոյթ վերաբերումէն:
1960-ականներուն Շահնուր վերստին սկսաւ լոյս ընծայել հայերէնով գործեր` «Ազատն Կոմիտաս», «Թերթիս կիրակնօրեայ թիւը», «Երկու կարմիր օրատետր» եւ ուրիշներ:
Եւ շարունակեց իր պայքարը անողոք հիւանդութեան դէմ, մինչեւ որ 1974-ի օգոստոս 20-ին, Սեն Ռաֆայէլ հիւանդանոցին մէջ առյաւէտ փակեց իր աչքերը:
Դժբախտ կեանք ունեցաւ Շահնուր` հակառակ ի վերուստ իրեն շնորհուած մեծ տաղանդին եւ սեփական ժողովուրդի ցաւով ու ճակատագրով տառապելու հոգեկան մեծութեան:
Եւ նոյնիսկ այսօր, երբ կը կարդանք իր «Նահանջը առանց երգի»-ն, ոչ միայն կը յափշտակուինք իր վիպագրական տաղանդով ու պատումի բացառիկ կարողութեամբ, այլեւ իր աչքերով կը բանանք խորագոյն ծալքերը հաւաքական մեր գիտակցութեան եւ յուզաշխարհին` նորովի ապրելու համար տուայտանքը Հայուն դատապարտուածութեան`
Ի վերջոյ «նահանջ»-ի… դատապարտուած մեր ճակատագրին, այնքան ատեն որ հայրենի մեր հողէն ու ջուրէն, արեւահամ Հայաստանէն իրենց կենարար աւիշը չեն ստանար մեր… սերունդները:
Տարագիր հայուն վիճակուած անդիմադրելի եւ անխուսափելի օտարացման խոր ցաւին վրայ Շահնուր աւելցուց յատկապէս ինքնագիտակից հայու ինքնախարազանման շատ աւելի ծանր ու դաժան մղձաւանջը: Ինչպէս որ իր վէպին հերոսներէն մէկը պիտի պոռթկար` «Որքան որ մտածումս ետեւ տանիմ, հայերը կը տեսնեմ միշտ այնպէս, ինչպէս որ են այսօր: Պզտիկ, գաճաճ, տխեղծ: Իւրաքանչիւրը անդիմադրելի պաշտամունքը ունի իր կաշիին, իր մորթին», այդպէս ալ Շահնուր, ամենայն կատաղութեամբ, անխնայ հարուածեց նահանջի հոսանքին անձնատուր ըլլալու փորձութեան պահերը:
Բայց զգուշ. համակերպումի եւ պարտուողականութեան երգիչը չեղաւ սակայն Շահնուր: Իր ոճով ու աշխարհայեացքով ինքնուրոյն արտայայտիչը եղաւ Նահանջի անխուսափելիութեան դէմ հայու ընդվզումին ու պայքարին:
Թուրքիոյ պետականօրէն գործադրած ցեղասպանական մեծագոյն ոճիրէն ճողոպրած հայ երիտասարդին անսանձ կատաղութիւնը կը պոռթկայ Շահնուրեան «Նահանջ»-ին մէջ: Շահնուրի ցասումը խարազանող է եւ անդին կ’անցնի ցեղասպան թուրքին դատապարտումէն` ամէնէն սուր քննադատութեան նշաւակ դարձնելով նաեւ սեփական ժողովուրդին, նահատակուած հայութեան ազգային թերութիւններն ու ճակատագրական սխալները:
Աւելի՛ն. սեփական եսին հետ ներքին անհաշտ պայքարի «պատկերազարդ պատմութիւն»-ն է Շահնուրի «Նահանջ»-ին… երգը: Մեծատաղանդ գրողը, իր հակադիր հերոսներուն բերնով, հարազատօրէն կ’արտայայտէ հակասական կեցուածքներու այն բախումը, որ բնորոշ է վերապրող հայու ներքին տուայտանքին:
Այդպիսի՛ն է, օրինակ, Շահնուրեան հերոսներէն մէկուն պոռթկումը հայոց ազգային սրբութիւնը հանդիսացող «Նարեկ»-ին դէմ.
– «Հայերը գիրք մը ունին: Անոնց ամենագէշ, զզուելի, ամենասխալ, վատառողջ
եւ ամէնէն աւելի անբարոյական գիրքն է ան «Նարեկ»-ը:… Ո՛չ մէկ սերունդ չխորհեցաւ զայն ջնջել, որովհետեւ անոր լեզուական եւ բանաստեղծական ինչինչ յատկութիւններէն խաբուելով` ծածկուած թոյնը չնշմարեց: Ընդհակառակը, փոխանցեցին որդիէ որդի, արիւնէ արիւն, ու ան եկաւ մինչեւ մեզի:
«Թունաւորուեցանք, ազգովին թունաւորուեցանք: Ահա՛ թէ ինչու պարտուած ենք: Պարտուածներ ենք, որովհետեւ այդ վանականին հաշմանդամ հոգիին պէս արհամարհեցինք եւ անգիտացանք գոյութիւնը մեր եսին, մեր ուժին, կամքին, անհատականութեան. չկռուեցանք, չխածինք, չմաքառեցանք: Քրիստոնէական վարդապետութեան անոր սխալ ու թերի մեկնութիւնը ընդունելով` եղանք անմտօրէն կրաւորական, համակերպուող, աղերսարկու, անգիտակից»:
Շահնուրեան ինքնախարազանումը լիարժէք ընկալելու համար անհրաժեշտ է հաղորդուիլ հեղինակի ողբերգական այն տուայտանքին հետ, որուն կիզակէտը բախումն է մէկ կողմէ ազգային իր ժառանգութեան ու սրբութիւններուն տէր կանգնելու նախանձախնդրութեան, իսկ միւս կողմէ` այդ սրբութեանց պահպանման համար ազգի մարմնէն եւ հայրենիքէն այդքա՜ն ծանր ու անփոխարինելի կորուստներու գին վճարելու դատապարտուածութեան դէմ ցասումին միջեւ:
Այսօր ալ ցնցիչ է Շահնուրեան ինքնախարազանումին գործած ազդեցութիւնը հայ մարդոց մտքին եւ հոգիին վրայ, մանաւանդ երբ իր սլաքները կ’ուղղէ ազգին մէջքը կռանելու կոչումը ունեցող, բայց փորձութեանց առջեւ տկարացած ազգի առաջնորդներուն.
– «Արտաքին թշնամիներէ աւելի կը փնտռենք ներքին թշնամիները: Կը կռուինք ներքին թշնամիներու դէմ: Դուք մեզ բոլորովին տարբեր տեղ մը առաջնորդեցիք: Անվերջ հայհոյեցիք թուրքին…
«Մենք կը խորհինք, որ եթէ երբեք մենք պարտուեցանք, որովհետեւ «անգլիական զրահաւորները չէին կրնար Արարատը ելնել», պարտուեցանք նաեւ անոր համար, որ մենք չէինք կրնար մեր մէջը իջնել: Այդ իսկ պատճառաւ սկսած է ինքնաճանաչման շրջան մը: Կ’ուզենք ճանչնալ մեր կարողութիւնները, մեր արժանիքներն ու թերութիւնները: Կը կռուինք այդ թերութիւններուն դէմ: Կը պոռանք` ցնցելու համար:
Շահնուրեան «ճիչ»-ին ներքին այս տուայտանքն է, որ ինքնաճանաչման, այլեւ ինքնաքննարկման երգը տուաւ հայոց «առանց երգի նահանջ»-ին:
Ն