Մեծանուն հայ երգիչ` Շարլ Ազնաւուրի մասին պատմող շարժանկարին համար կը հաւաքագրուին պատմութիւններ` սիրուած երգիչին մասին: Շարլ Ազնաւուրի դիմատետրի էջին վրայ նշուած է.
««Անյայտ Ազնաւուրը» աննախադէպ փաստագրական տեսանիւթին մէջ ներառելու համար պատմէք մեզի Ձեր ամենագեղեցիկ յուշը` կապուած Շարլ Ազնաւուրի հետ: Ինչպէ՞ս Դուք այն կը ներկայացնէիք քանի մը բառով: Ձեր պատմութիւնները բազմաթիւ յայտնի մարդոց պատմութիւններու կողքին կը յայտնուին եւ կը դառնան այս իւրայատուկ փաստագրական շարժանկարի մէկ մասը, շարժանկարի մը, որ պիտի հեռարձակուի ամբողջ աշխարհով մէկ»:
Տեսանիւթերը պէտք է չգերազանցեն երեք վայրկեանը, ատոնց ընդունման վերջնաժամկէտը փետրուար 20-ն է: Ատոնք պէտք է ուղարկուին [email protected] ելեկտրոնային հասցէին:
Երգիչի երկրպագուները այս յայտարարութեան արձագանքած են այդ յայտարարութեան մեկնաբանութիւններուն մէջ` Ազնաւուրին անուանելով «Հայոց սոխակը` Փարիզի մէջ», «Լեկենտ», «Համեստ, խելացի, առատաձեռն», «Իւրայատուկ, կախարդական, անմահ», «Վերջին հսկան», «Հրաշալի», կը գրէ panorama.am-ը: