Հեղինակաւոր հայազգի շանսոնյէ Շարլ Ազնաւուրն իր ծննդեան 90-ամեակը պիտի նշէ Գերմանիոյ մէջ: Իր ծննդեան օրը` մայիս 22-ին, Ան «Առասպելը կը վերադառնայ» խորագիրով համերգ կ’ունենայ Պեռլինի O2 World մարզադաշտին մէջ, ըստ համերգի կազմակերպիչներուն, կը գրէ Deutsche Welle-ը: Գերմանիոյ մէջ Ազնաւուրի 2-րդ համերգը նախատեսուած է մայիս 24-ին: Այն պէտք է կայանայ Ֆրանքֆուրտ քաղաքին մէջ: