Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Շէյքսփիրեան 11րդ Փառատօն Հայաստանի Մէջ

March 20, 2014
in Մշակութային
0
Շէյքսփիրեան 11րդ Փառատօն Հայաստանի Մէջ
Wednesday, March 19th, 2014 | Posted by Asbarez Staff
Share
Print Print

 ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Վ. Փափազեանի անուան Շէյքսփիրեան միջազգային տարեկան փառատօնին հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցաւ 19 Մարտին, Երեւանի պատանի հանդիսատեսի թատրոնին մէջ՝ Ուիլիըմ Շէյքսփիրի «Լիր Արքայ» հայ-վրացական միացեալ ներկայացումով (բեմադրիչ՝ Հ. Ղազանչեան): Փառատօնին մասնակցելու համար Երեւան եկած են Շէյքսփիրեան փառատօներու եւրոպական ցանցի տնօրէնները՝ Անգլիայէն, Լեհաստանէն, Գերմանիայէն, Հունգարիայէն, Ռումանիայէն, Սպանիայէն, Չեխիայէն եւ Դանիայէն:
19 Մարտին լրագրողներուն հետ ունեցած տեսակցութեան ընթացքին Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարար Ներսէս Տէր Վարդանեանն ու Հայաստանի թատերական գործիչներու միութեան նախագահ, փառատօնի տնօրէն Յակոբ Ղազանչեանը խօսեցան փառատօնին ընթացքին ծրագրուած ներկայացումներուն եւ ակնկալուած արդիւնքներուն մասին: «Փառատօնն արդէն ունի տասից աւելի տարուայ պատմութիւն եւ այդ ընթացքում Հայաստանում են հիւրընկալուել երեսունից աւելի երկրների մասնակիցներ՝ մօտ վաթսուն թատերախմբեր», յայտնեց Ներսէս Տէր Վարդանեան եւ աւելցուց, որ փառատօնը միջազգային համագործակցութեան տեսանկիւնէ Հայաստանի համար կարեւոր կը նկատուի առաջին հերթին անով, որ փառատօնին իբրեւ արդիւնք առկայ է մնայուն կերպով գործող հարթակ մը, ուր կը ծնին նոր գաղափարներ, համագործակցութեան նոր եզրեր, մեքանիզմներ եւ ծրագիրներ: «Այս առումով յատկանշական է, որ փառատօնը կրում է հէնց Շէյքսպիրի անունը, քանի որ նրա անուան հետ են կապւում Հայաստանում ոչ միայն թատերական ներկայացումները, այլ նաեւ Շէյքսպիրի գործերի ուսումնասիրութեան մեծ աւանդոյթ կայ եւ դրա վառ օրինակներից մէկն այն է, որ հրատարակչութիւնները վերահրատարակում են Շէյքսպիրի գործեր», ըսաւ ան:
Փառատօնի տնօրէն Յակոբ Ղազանչեան նշեց, որ այս տարի փառատօնը նշելու իւրայատուկ ձեւ ընտրուած է: «Քանի որ Հայաստանի Շէյքսպիրեան փառատօնը Շէյքսպիրեան փառատօների ցանցի անդամ է, որոշեցինք ներկայացումները ցուցադրել փառատօների տնօրէններին», յայտնեց ան՝ կարեւոր նկատելով հետագայ համագործակցութեան կարելիութիւնը: Փառատօնը, ինչպէս նշեց ան, այս տարի պիտի կայանայ երկու հանգրուանով. առաջինը արդէն իսկ ընթացքի մէջ է, իսկ երկրորդը տեղի պիտի ունենայ աշնանը։ Այս օրերուն տեղի ունեցողը կը կոչուի Շէյքսփիրեան օրեր: «Նրա անունը անմիջական կապուած է հայկական թատրոնի հետ: Հայ թատրոնի բոլոր մեծանուն դերասանները մնացել եւ յիշուել են իրենց խաղացած շէյքսպիրեան դերերով: Շէյքսպիրը հոգեհարազատ հեղինակ է մեզ համար», ըսաւ Ղազանչեան:
Փառատօնը պիտի տեւէ մինչեւ 22 Մարտ: Անիկա տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ «Վիվասել–Էմ.Թի.Էս.»ի հովանաւորութեամբ:

Previous Post

Հայ Բանաստեղծութեան Եւ Մանկական Գրականութեան Նուիրուած Ձեռնարկներ

Next Post

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ՝ 20 ՄԱՐՏ

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.