ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու 2022ի Ազգային պաշտպանութեան լիազօրութիւններու բանաձեւին (թիւ 4350) իբրեւ յաւելուած ներկայացուած են Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական աջակցութինները կասեցնելու երեք տարբեր առաջարկներ։
Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Պրետ Շըրմընի յաւելուածին մէջ կը շեշտուի հետեւեալը․ «Դաշնակցային կառավարութիւնը գումարներ պէտք չէ տրամադրէ Ատրպէյճանին ռազմական կամ ապահովութեան մարզին մէջ աջակցութիւն տրամադրելու համար»։
Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ Ֆրենք Փալոնի յաւելուածը կը վերաբերի պաշտպանութեան նախարարութեան արտաքին աջակցութիւններու թիւ 333 բաժինով Ատրպէյճանին տրամադրուող աջակցութեան կասեցման։ Պաքու այդ միջոցաւ կը ստանայ ամերիկեան ռազմական աջակցութեան մեծ մասը։
Ներկայացուցիչներու տան Ռազմական սպասարկութիւններու յանձնախումբի մեծապէս յարգուած անդամ Ճեքի Սփիրի յաւելուածը եւս կը շեշտէ, թէ ռազմական աջակցութեան կողքին, Ատրպէյճանի հետ ռազմական ոլորտին մէջ գործակցութիւնը եւս պէտք է կասեցուի։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնեց քոնկրեսականներ Սփիրին, Փալոնին եւ Շըրմընին, յիշեցնելով, որ Արցախի եւ Հայաստանի դէմ շարունակուող ատրպէյճանական բռնարարքներուն լոյսին տակ Քոնկրէսը պէտք է պատասխանատուութեան կանչէ Պաքուն։