ՊՕՂՈՍ ՎՐԴ. ԹԻՆՔՃԵԱՆ
Կաթիլ մը արցունք, որ իր մէջ կը բովանդակէ անբացատրելի խառնուրդ մը զգացումներու:
Հաւանաբար ամէնքս ուրախութեան ու տխրութեան արցունքներ թափած ենք մեր կեանքի զանազան փուլերու, սակայն… Հայրապետական արցունքը տարբեր է:
Ինծի նման հաւանաբար դուն եւս, յարգելի՛ ընթերցող, նշմարեցիր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն ուղիղ սփռուած Ս. Զատկուան պատարագի աւարտին, Ս. Աթոռոյս ազգընտիր հայրապետին յուզումնալից աչքերը, եւ անոնց մէջ սեղմուած հայրապետական արցունքը: Յիսուս Քրիստոսի յարութեամբ մահուան վրայ տարուած յաղթանակին առթած ուրախութեան արցունքը ըլլար երանի, սակայն… ոչ ոք կրնայ հասկնալ ամբողջ ժողովուրդին հայրութիւն ընող հայրապետին արցունքները, քան իր մտահոգութիւններուն ծանօթ զաւակ մը:
Հայրապետական յուզումնալից արցունքները պահ մը զիս պատմութեան էջերուն տանելով, ծերունազարդ երանաշնորհ Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսին օրերը յիշեցուցին, երբ յուզումնալից տողերով կը նկարագրէր ժողովուրդին տարագիր օրերը եւ հայրապետական մտահոգութիւնները հանդէպ իր հօտին ու զաւակներուն:
Պատարագի աւարտին, երբ հայրապետին աչքերը կը պտտէին մայր տաճարի դատարկ նստարաններուն վրայ, վստահ եմ, որ հայոց հայրապետը յիշեց Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ խուռներամ բազմութեան «Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի» բարձրաձայն աղաղակը, երբ հաւատացեալներ ակնածանքով կը սպասէին հայրապետական օրհնութիւններուն` Զատկուան տօնին առիթով:
Տարբեր էր 2020 տարուան Զատիկը: Տարբեր էր նաեւ առանց հաւատացեալներու մրմունջին երգելն ու աղօթքներ կարդալը: Հաւատացեալներուն բացակայութիւնը զգալի էր վեհափառ հայրապետին աչքերէն, անոնց մէջ սեղմուած արցունքի կաթիլներէն ու թեթեւ հեծեծանքէն: Ժպտադէմ հայրապետին դէմքը բաւական ժամանակէ ի վեր չէինք տեսած` ներկայ պայմաններուն բերումով իր ունեցած համազգային մտահոգութիւններուն պատճառով բնականաբար: Սակայն յուզումնալից դէմքը, յոգնած աչքերը, անքուն անցուցած գիշերները կ’արտացոլային անոր դէմքին վրայ, եւ ի վերջոյ, հաւանաբար ինծի նման դուն եւս յուզուեցար հայրապետական արցունքէն, ո՜վ սիրելի ընթերցող: Վայրկեան մը մտահոգուեցայ, յուզուեցայ եւ տխրութիւն մը պատեց զիս` տեսնելով, որ վեհափառ հայրապետը յուզուած էր իր ժողովուրդին, իր հօտին եւ եկեղեցւոյ համար:
Անկրկնելի ու եզակի զգացում մըն էր այս հաւանաբար: Աղօթակից եղէք մեզի, որպէսզի հայոց հայրապետին եւ հովուապետին աչքերը երբեք տրտմութեան արցունքներով չլեցուին, եւ ընդմիշտ երջանկութեան շիթեր հոսին անկէ:
«Երկար կեանք տուր Հայրապետին, երկար օրեր Հայոց հօր» մաղթերգի բառերով առողջութիւն եւ երկար գահակալութիւն կը մաղթենք Արամ Ա. վեհափառին` շնորհաւորելով Քրիստոսի յաղթական եւ կենսատու յարութիւնը` ըսելով. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»: