ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Ծովափնեայ սրճարանի մէկ անկիւնը երկուքով նստած ենք՝ սուրճի եւ զրոյցի: Զրոյցի բնոյթը՝ ասկէ-անկէ: Նախորդ գիշեր կարճ գրութիւն մը կարդացած եմ յունական լրագրի մը սիւնակին մէջ: Պարզ դրուագ մըն է, զոր իմ բառերով թարգմանաբար կը վերարտադրեմ յոյն սիւնակագրին գրածը:
– «Երեկոյեան ժամու մը, սովորականի պէս մեր տան շնիկը պտոյտի հանած եմ եւ ման կուգամ Աքրոպոլի ստորոտին, ճեմավայրի երկայնքին: Քիչ անդին, ձիու պէս համաչափ մարմնով 16-17 տարեկան գեղեցիկ աղջիկ մը հեծանիւին խանգարուած շղթաները կը փորձէ կարգի դնել: Շնիկս տեսնելով կը թողու հեծանիւը, կը մօտենայ ինծի եւ «Կարելի՞ է» կ’ըսէ եւ առանց պատասխանիս սպասելու կը գրկէ զայն, դունչը իր դէմքին կը միացնէ ու կը բացագանչէ.
–Որքա՜ն սիրուն է, որքա՜ն անուշիկ: Խենթեցնելիք նայուածք ունի:
–Այո՛,– կը պատասխանեմ,–մարդու մեր ճաշակով քու ըսածիդ պէս է:
— Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսես, -հարց կուտայ անծանօթ պարմանուհին, շնիկս իր գլխէն վեր բարձրացնելով ու ետ դէմքին հպումին իջեցնելով:
— Որովհետեւ …այսքան ժամանակէ ի վեր, ամէն օր այս ժամուն պտոյտի կը հանեմ զայն եւ չէ պատահած, որ ուրիշ շնիկներ մօտենան իրեն, սիրագրգիռ նայուածքով պոչերնին շարժեն, սիրաբանելու փափաք յայտնեն: Ահա թէ ինչու համոզումս է, որ շուներու ճաշակին չի սազիր իմինիս «խենթացնող» նայուածքը:
–Կ’երեւի թէ ձեր շուքը ծանր է եւ միշտ իր վրայ, «աման հա, չըլլայ որ բան մը պատահի իրեն»ի պէս բան մը,– կը յարէ աղջիկը:
–Ճիշդ ես,- -կը պատասխանեմ,– շատ կը գուրգուրանք իր վրայ: Ընտանիքի մէկ անդամը դարձուցած ենք զայն:
Աղջիկը պահ մը կ’անշարժանայ, մտածկոտ ձեւ կ’առնէ, ապա.
— Խորհուրդ մը տա՞մ ձեզի: Մէկ-երկու օր ազատ ձգեցէք զայն տունէն դուրս: Առանձինն թող սլքտայ ու շփուի փողոցի թափառական շուներուն հետ: Պիտի տեսնէք, որ ազատութեան մէջ շուտով պիտի պեղէ ինքզինք ու գտնէ իր սեռին հմայքը եւ զայն ի գործ դնելու արուեստը: Անկէ վերջ իր շուրջ պիտի դառնան ամէնէն դժուարահաճ շուներն անգամ:
Կ’ըսէ եւ շնիկս թողելով, բաշ մազերը հովին տուած կը վերադառնայ իր հեծանիւին…:
Կ’ըսեն, որ արջին գիտցած երեք հեքիաթներն ալ տանձի վրայ են: Նոյնպէս, զրուցակից բարեկամիս բոլոր տեսակի հետաքրքրութիւնները կը սկսին ազգէն եւ կը վերջանան …ազգայինին վրայ: Հազիւ թէ աւարտած էի գրութեան վերարտադրութիւնը, համազարկը կը բանայ.
–Կը տեսնե՞ս, լրագրական կարճ ու դիպուկ նօթ մը, որքան խորունկ իմաստ ու թելադրականութիւն կը պարփակէ, իսկ ընթերցումը պարզապէս հաճոյք կը պատճառէ եւ ընթերցողն ալ խորհրդածութեան կը մղէ: Մինչ մեր յօդուածագիրները յաճախ մեզի կը հրամցնեն դարձդարձիկ նախադասութիւններով ու մանուածապատ վերլուծումներով խճողուած գրութիւններ, որոնց ընթերցումը տաժանք է եւ ժամանակի կորուստ: Բացառութիւններ կան անշուշտ, բայց ընդհանրական երեւոյթը մատնանշածս է: Արագութեան եւ կարծր մրցակցութեան ներկայ աշխարհին մէջ շատ թանկ է ժամանակ ըսուածը: Կեանքն ալ արդէն ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ ժամանակ: Կը սկսի ու կը վերջանայ որոշակի ժամանակով: Ժամանակի խնայողութեամբ առաւելագոյն արդիւնքի հասնելու հրամայականը ներկայ աշխարհի պատուէրն է բոլոր մարզերուն մէջ, նաեւ՝ ընթերցողին համար: Ահա յաջողութիւնը յոյն սիւնակագրին, որուն մէկ գրութեան անդրադարձար հիմա: Կա՛րճ ու թելադրական:
— Ո՞ւր գտար թելադրականութիւնը, – կը փորձեմ ընդմիջել բարեկամիս խօսքը,- – չափազանցութիւնը լաւ խորհրդատու չէ, նոյնիսկ գնահատումի մէջ: Կ’ընդունիմ, որ գողտրիկ պատկերի պատառիկ մըն է, որ հրապարակումի արժանի դարձած է պարմանի աղջկան տուած վերջին խորհուրդով:
— Ճիշդ այդ է արդէն թելադրականութիւնը: Կեանքի փորձառութեամբ դեռ չկոփուած պարմանուհի մը այսպէս անգիտակցաբար, բնազդօրէն քանի մը բառերու մէջ կ’արտայայտէ դաստիարակութեան ամբողջ փիլիսոփայութիւնը, գործնական մեթոտը,- – ազատ ձգել շնիկը, որպէսզի գտնէ իր էութիւնը, ներքին կարողութիւնները: Մինչ դաստիարակութեան ներկայ համակարգը ձեւաւորուած է անցեալէն ժառանգուած ըմբռնումներու վրայ եւ այդ ըմբռնումներու կաղապարովն ալ կը փորձենք այսօրուան սերունդը վաղուան պատրաստել: Ո՞ւր կը մնայ իտէալական ու ճշմարիտ կարգախօսը, որ կը պատգամէ, թէ մարդը կը կատարելագործուի ազատութեան մէջ: Մեր օրինակը տամ,- -կը շարունակէ դառնութեամբ, –հսկայ թիւ մըն էինք պատանի-երիտասարդներու, որ իբրեւ թէ դաստիարակուեցանք ու խանդավառուեցանք ազգային սրտագրաւ լոզունգներու կաղապարներով: Ի՞նչ եղաւ հետեւանքը. անցնող տարիներուն հետ լոզունգներու ազդեցութիւնը տկարացաւ, խանդավառութիւնը չքացաւ եւ այդ սերունդէն մնաց անտարբեր ու անդիմագիծ զանգուած մը: Անոնցմէ մէկը չկայ, որ ազգայինով տագնապի, այդ լոզունգներու իրացման հետամտի…
— Ահաւասիկ որ դուն կաս, –կ’ըսեմ քմծիծաղով, ու կ’աւելցնեմ, –երբ սխալ մեկնակէտէ ճամբայ կ’ելլես, բնական է նաեւ որ անճիշդ եզրակացութեան յանգիս: Նախ՝ մարդը շնիկ չէ, որ բնազդի ճամբով փորձառութիւն ձեռք ձգէ: Մտածող ու ընկերային էակ է եւ իբրեւ այդպիսին մտածելու եւ ընկերութեան հետ յարաբերուելու յատկութիւնը մատղաշ տարիքէն իսկ զարգացնելու պէտքը ունի, այնքան անհրաժեշտ, որքան ֆիզիքական աճումը, սնունդը: Եւ դեռահասին այդ պէտքը երէցին պարտքն է: Երկրորդ, որ հազարամեակներու կուտակումով մեզի ժառանգ ձգուած մարդկային փորձառութիւնը այնքան մեծ է ու բազմակողմանի, որ անկարելի է սոսկական կեանքի մը կարճ ժամանակամիջոցին մէջ եւ սեփական ճիգերով իւրացնել անիկա: Ըսեմ նաեւ, որ իմ կարծիքով, մարդկային փորձառութեան մեծ նուաճումը եւ մարդ արարածին գերագոյն յատկութիւնը կազմակերպուելու հմտութիւնն է, որու շնորհիւ կրցած է տոկալ, դիմանալ, յառաջդիմել: Եւ կազմակերպուածութիւն կը նշանակէ կարգ ու կանոն, քու նշած «կաղապարներդ». եւ հոն ուր կաղապարներ կան, հոն չկայ քու ակնարկած «իտէալական» ազատութիւնը:
Ուրեմն, ըստ քեզի ցնո՞րք է եւ խաբկա՞նք բացարձակ ազատութիւնը, որուն կը ձգտի հասնիլ մարդ էակը: Այն տպաւորութիւնը կ’ունենամ …
–Հարցումով թակարդ մի փորձեր լարել, –ափովս արգելք կ’ըլլամ որ աւարտէ իր խօսքը, –քու դաւանած ազատութեան ըմբռնումովդ ուրեմն պէտք է քանդուի ընկերութեան ներկայ կառոյցը: Կրօնական թէ ազգային դաստիարակութեան եւ համամարդկային արժէքներու վրայ խարսխուած ընդհանրական ներկայ համակարգը ժխտո՞ւմն է արդեօք իտէալական ազատութեան: Անշուշտ՝ ո՛չ: Ինչպէս իտէալական ազատութեան ձգտումը, նոյնպէս եւ ներկայ համակարգը միեւնոյն մարդուն մտքին ու հոգիին յղացումն են, հազարամեակներու փորձով ձեւաւորուած ու բիւրեղացած: «Անազատ ըլլալու» ընտրանքն ալ ազատութեան իրաւունք մըն է ի վերջոյ: Գիտե՞ս, 20-րդ դարու մեծագոյն մտածողներէն Eric Fromm իր հատորներուն մէջ հոգեվերլուծական առանձին գլուխ մը ունի «Fear of freedom» խորագրով, ուր համոզիչ տուեալներով կը հաստատէ, թէ մարդ արարածը որքան որ կը ձգտի կատարեալ ազատութեան, նոյնքան կը վախնայ անկէ եւ այդ պատճառով ալ իր հաւատալիքներով, նախապաշարումներով, հաստատած ծէսերով ու խորհրդակատարութիւններով, վերջապէս իր տարաբնոյթ ըմբռնումներով ինքզինք կը կաշկանդէ եւ կատարեալ ազատագրումի ճամբան փակ կը պահէ իր առջեւ: Կատարեալ ազատագրումը գերագոյն ձգտում ըլլալէ ետք, մարդը մարդկութենէ
պարպող սարսափազդու հրէշ մը կը թուի ըլլալ: Ո՞վ կրցած է պեղել ու ճշմարտապէս ճանչնալ մարդ էակին հոգեյատակը: Ո՛չ ոք:
Բարեկամս պահ մը լուռ կը մնայ , ապա կը վերադառնայ …իր «տանձին»:
— Ուրեմն,– կ’ըսէ,– պատճառը այդ հրէշն է, որ թոյլ չի տար մամլոյ պատասխանատուներուն, որ հրատարակեն «թապու» մտածումներ: Երեւի հաւատարիմ մնալու համար ազատութեան պատճառած վախին: «Fear of freedom»ին: Վախը լաւ խորհրդատո՞ւ է արդեօք:
— Մեկնինք այլեւս, օրը ճաշ դարձաւ,- -վերջ կուտամ խօսակցութեան եւ կ’աւելցնեմ,- – այսօրուան մեր զրոյցը եթէ գրի առնեմ, վստահաբար հարց պիտի տաս, թէ ինչպէ՞ս կ’ըլլայ, որ շնիկով սկսած պարզ պատմութիւն մը այսպէս կը յանգի դարձդարձիկ նախադասութիւններով ու մանուածապատ վերլուծումներով խճճուած յօդուածի մը, որու ընթերցումը ժամանակի կորուստ է պարզապէս…: