« Պսալիմի-Մըզհէր քաղաքապետարանի կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ 20 Դեկտեմբեր 2013 երեկոյեան, Յոյն Ուղղափառներու Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Ծնունդին նուիրուած համերգ մը տեղի ունեցաւ, «Միութեան ու Խաղաղութեան Ծնունդը» անունով:
Սոյն համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերին զանազան եկեղեցիներու երգչախումբերը, որոնց կարգին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» Երգչախումբը, խմբավարութեամբ` Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանի: Երգչախումբը Հայ Եկեղեցւոյ շարականներէն Ծննդեան նուիրուած փունջ մը շարականներ հրամցուցին ներկաներուն: