Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համլսարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին` Ուրբաթ, 9 Մարտ 2018-ին, տեղի ունեցաւ վաստակաւոր կրթական մշակ, Տիկ. Մաքրուհի Թաթուլեան Խաչատուրեանի « Կեանքիս Առաքելութիւնը Ծիածանի Գոյներովե գիրքին շնորհահանդէսը:
Ներկայ էին, Հ.Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տէր եւ Տիկ.Սամուէլ Մկրտչեան, Հայկազեան համալսարանի նախագահ` Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, մտաւորականներ եւ հեղինակին մօտիկ բարեկամններ:
Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ, Հայկազեան համալսարանի արտաքին կապերու պատասխանատու Տիկ. Միրա Եարտըմեան նշելով թէ.- «Յատկանշանական է այս շաբաթավերջը, երէկ համայն աշխարհը տօնեց Կանանց օրը, իսկ այսօր ուսուցչաց տօն է: Այս զոյգ առիթները յատկանշականօրէն մաս կը կազմեն հայկազեանի էութեան եւ առաքելութեան: Այս առումով, հարիւրաւոր ուսուցիչներ եւ դաստիարակներ հարստացուցած են մեր հաւաքական ազգային արժէքներըե:
Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկազեան համալսարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի տիկիններուն, բարձր գնահատելով այս նախաձեռնութիւնը եւ անոնց երրկարամաեյ ծառայութիւնը Հայկազեան համալսարանին:
Բացման խօսքէն ետք ելոյթ ունեցաւ Հայկազեան Համլսարանի Սփիւռքի հետազօտութեան բաժնի տնօրէն` Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան:
Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Տիկ. Մաքրուհի Թաթուլեան Խաչատուրեան անձին մասին: Ան ըսաւ,« Տարիներու դիտարկումներուս, ծանօթներու թէ այլ խօսակցութեանց ընթացքինեւ մամուլին մէջ յաճախ կը հանդիպէի Մաքրուհի Խաչատուրեանին անունին:Կարծէք, հասունցած էր ժամանակը անմիջականօրէն ճանչնալու զինք ու շփուելու իրեն հետ, մանաւանդ որ լիբանահայ առաջին սերունդի իննսունամեայ մոհիկան մըն էր ան:
Եւ քանի որ աւելի քան վաթսունամեայ կրթամշակութային ու հասարակական գործունէութիւն ծաւալած էր, ապա առաւել հետաքրքրական կը դառնար գիտնալ թէ ազգային ու մարդկային ինչպիսի ներուժ կը պարունակէ այս կինը. իբրեւ Լիբանան ժամանած խլեակներու զաւակ ի՛նչպիսի դաստիարակութիւն ունեցած է ան, ի՞նչպիսի մտադրոյթ (mindset), ինչպիսի արժէքային համակարգ ունի եւ ի՛նչ վերիվայրումներուենթարկուած է իր կեանքը:
Ինծի համար կարեւոր էր գիտնալ թէ լիբանահայ շէնշող պարտէզին իւրօրինակ այս պարտիզպանը ըստ իրեն ի՛նչ կ’ընէր, ի՛նչու կ’ընէր եւ ի՛նչպէս կ’ընէր:
Հեռաձայնիս պատասխանեց ջերմօրէն, վաղեմի հարազատութեամբ: Այնուհետեւ եւ անցնող աւելի քան երեք տարիներուն յաճախ գացի քովը, միշտ ալ առնելիք ունէի իրմէ:
Իր ջերմութիւնը, կենսունակութիւնը, լաւատեսութիւնը, մարդկայնութիւնը, նուիրուածութիւնը, խոհեմութիւնը, ազգայնականութիւնը, աւանդականութիւնը, բաշխելու-օգտակար դառնալու իր ձգտումը, ազատականութիւնը, կորովը, պարտականութեան յանձնառու ըլլալու գիտակցութիւնը, անոխակալութիւնը, ներող հոգին, անանձնականութիւնը, նախանձախնդրութիւնը, արժէհամակարգը, դրականութիւնը իր այս բարեմասնութիւնները ինծի համար կենդանի, խօսուն մատեանի վերածուեցան եւ ես առի իրմէ, լիցքաւորուեցայ ու զօրացայ:
Բայց իմ առնելս քիչ էր եւ անձնական. պէտք էր նաեւ սփռել այս արժէքները:
Ահա թէ ինչու առաջարկեցի գիրքի վերածել մամուլին մէջ ցրուած իր յօդուածներէն ընտրանի մը, ուր ամփոփուէրամբողջ կեանք մը բաշխած այս կնոջ արժէհամակարգը:
Այս գիրքը պատմական յուշարձան է, վկայութիւն` թէ լիբանահայութիւնը ի՛նչ արժէքային հիմնաքարերու վրայ կը կանգնի, որոնց պէտք է հոգալ, գուրգուրալ, մշակել:
Այս գիրքը խորհրդանիշ-արդիւնքնէ ազնիւ եւ օրինակելի բարեմասնութիւններու, որոնց կորիզը այս պարագային տիկին Մաքրուհի Թաթուլեան-Խաչատուրեանն է, որ կը մարմնաւորէ եւ կ’արտացոլացնէ մեր միջավայրին ազնիւը: Այս գիրքը աղուոր է նաեւ, որովհետեւ դուք գեղեցիկ հոգեհարազտութեամբ հաւաքուած էք հոս: Ան աղուորութեան ուժականութիւն ունի, որովհետեւ մաքուր է, հարազատ կաթով է սնանած անոր տէրը, այս գիրքը մեր տուներուն մէջ նոր հաւաստիքը պիտի ըլլայ բարիին ու ազնիւին հետ մեր բոլորին կնքածհին ուխտին շարունակման եւ տարածումին:
Խունկ եւ աղօթք բոլոր անոնց, որոնք ուղղակի կամ անուղղակիօրէն, գիտակցաբար կամ ոչ սատարած են տիկին Մաքրուհիին կենսագործունէութեան, եւ մեկնած են մեզմէ: Իսկ մաղթանք, ներշնչանք եւ քաջալերանք մեզի, որոնք չենք մեկնած այս աշխարհէն եւ այս գիրքով ու տիկին Մաքրուհիին իրողութեամբ առաւել զօրացած, մե՛ր կարողութեամբ, միջոցներով ու գիտակցութեամբ կը մնանք միջավայրին սատարելու ծառայութեան մէջ:
Վերջաբանի փոխարէն կը փափաքիմ երկու անուշ տպաւորութիւն յայտնել տիկին Մաքրուհիին մասին. ան մարդկային յարաբերութեանց մէջ գեղեցիկը յայտնաբերող եւ հայօրէն տարածող օրհնանքն է: Ժողովրդային աւանդական եւ տոհմիկ դարաւոր իմաստութեան աւանդապահն ու փոխանցողը: Ան մարմնաւորումն է աստուածաշնչական եւ բոլոր կրօնքներէն ընդունուած, համաշխարհային համախոհութեան արժանացած թելադրականասոյթին` «Ինչպէս որ կ’ուզես մարդիկ քեզի ընեն, դուն ալ անոնց այդպէս ըրէե:
Դոկտ. Տագէսեանի խօսքէն ետք, Տիկ.Մաքրուհի Թաթուլեան Խաչատուրեանի քրոջ դուստրը, Տիկ. Հուրի Սարաֆեան դաշնակի վրայ հոյակապօրէն ներկայացուց, Առնօ Պապաճանեանի
Ապա, Տիկ. Անի Սարաֆեան Եփրեմեան իր սրտի խօսքը փոխանցելէ ետք Տիկ. Խաչատուրեանին ներկայացուց Թէքէեանի « Հաշուեյարդար»-ը մեծապէս տպաւորելով ներկաները:
Բեմ հրաւիրուեցաւ գիրքին հեղինակ Տիկ. Մաքրուհի Խաչատուրեան Թաթուլեան որ հիացուց ներկաները իր ելոյթով եւ յիշողութեամբ , ուր ան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ իր կեանքի ընթացքին ունեցած յաջողութիւններուն եւ դժուարութիւններուն մասին նշելով թէ գիրքը կը պարունակէ իր յուշերն ու յիշատակները, զգացումներն ու ապրումները իր ունեցած ուսուցչական թէ ընկերային փորձառութիւններէն:
Փակման խօսքը կատարեց Հայկազեան համլասարանի նախագահ` Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ շնորհաւորելէ ետք Կանանց եւ Ուսուցչաց զոյգ տօները, նշեց թէ այս օրը ներշնչման օր է: Երբ անձ մը իր կեանքի ընթացքը կ’արժեւորէ որպէս առաքելութիւն, երբ անձ մը իր հատորը կը բանայ Աստուծոյ փառք տալով, երբ անձ մը կեանքի ընկճող պարագաները կը դիտէ հաւասարակշռուած ակնոցով, երբ անձ մը իր առօրեան կը նուիրէ վաղուան սերունդին, խօսքով, նուիրումով, ծրագիրներով, օրինակով: Վստահաբար ան արժանաւոր կերպով պիտի կոչուի դաստիարակ, այլ նաեւ սերունդներու առաջնորդ: Այսօր արհեստի եւ արուեստի վարժութիւններ ստանալու համար կը ծախսենք գումարներ: Կը կատարենք զիջումներ: Յաճախ զանց կ’առնենք այն որ ուրախութիւն ու գոհունակութիւն բերող բուն կորիզը հոգիի վարժութիւնն է որ կը ծնի նուիրեալ եւ կամաւոր ծառայութեամբ:
Խօսքէն ետք Վեր. Դոկտ. Հայտոսթեան Հայկազեանի յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց Տիկ. Մաքրուհի Թաթուլեան Խաչատուրեանի անոր ունեցած կրթական եւ միութենական վաստակին համար: