Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Գրական Յանձնախումբին, Կիրակի, 7 Յունիս 2021-ին, Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ “Շիրաճեան” սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Տիար Զաւէն Խանճեանի “Հալէպ. Առաջին Կայարան” եւ “Այս Տունը Քո՞ւկդ է Թէ Իմս” գիրքերու շնորհանդէսը։ Հանդիսութեան բացման խօսքն ու “Այս Տունը Քուկդ է Թէ Իմս” գիրքի ամփոփ ներկայացումը կատարեց Լուսին Ապաճեան- Չիլաբոշեան։ “Հալէպ. Առաջին Կայարան” գիրքը հանգամանօրէն եւ հոգեհարազատ կերպով ներկայացուց հալէպահայ մտաւորական,գրող, կրթական մշակ Լեւոն Շառոյեան։ Այնուհետեւ կատարուեցաւ աւանդական գինեձօնը։
Յաջորդաբար իրենց սրտի խօսքերը փոխանցեցին Տիար Զաւէն Խանճեանն ու Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան։
Գեղարուեստական յայտագիրին մէջ իրենց բաժինը բերին օրդ. Մարինէ Մարգարեան “Տուն Իմ Հայրենի” երգի մեկնաբանութեամբ, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ժագ Պօզեագալեանի, Սօլօ քառեակը դասական երաժշտութեան նուագակցութեամբ եւ հեռակայ դրութեամբ օրդ. Արմանի Հերա Սելիմեան “Հայոց Աշխարհ” երգը, երաժշտութիւնը տիկ. Շողակաթ Աբարդեան_Սելիմեանի մշակումով։
Սոյն հանդիսութեան իրենց ներկայութիւնը բերին Բերիոյ Հայոց Թեմի ներկայացուցիչ Արժ. Տէր Խորէն Քհն. Պէրթիզլեան, Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի ներկայացուցիչ Արժ. Տէր Կոմիտաս Քհն. Տատաղլեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսը, ՀՀ Մարդասիրական խումբի ներկայացուցիչը, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, բարեսիրական եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ։