ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն
ակադեմիկոս
ԱՇՈՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
Յետեղեռնեան տարիներուն տարբեր մայրցամաքներու վրայ սփռուած, վերապրող հայու բեկորները իրենց գոյութեան պահպանման համար պայքար մղեցին: Փորձութեան այդ օրերուն, սակայն, պայքարի ամենաուժեղ զէնքը, հայ դպրութեան կողքին, համարեցին հայ մամուլը, որով հայրենազուրկ հայութիւնը պիտի ապրէր իր անցեալով, աւանդոյթներով. պիտի ոգեշնչուէր` ներկայով եւ պիտի վերկանգնէր յոյսն ու հաւատքը` ապագայի հանդէպ:
Լիբանանահայ «Ազդակ» հայաթերթը ծնաւ լրացնելու այդ պահանջքը: Նպատակը եղաւ սատարել համայնքի եւ համայն հայութեան մտաւոր եւ բարոյական զարգացման: Իննսունհինգ տարիներու իր գործունէութեամբ «Ազդակը»-ը լուսաբանեց հայկական, լիբանանեան եւ միջազգային քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, գիտական եւ մարզական անցուդարձերը: Իր յօդուածներով լիբանանահայութեան եւ հայկական միւս համայնքներուն սպառնացող վտանգի դէմ հանդէս եկաւ` յանուն հայապահպանութեան, Հայ դատի արդարացի լուծման:
Իննսունհինգ երկար ուղի հարթած «Ազդակ» օրաթերթը, այսօ՛ր կրկին կը դիմագրաւէ բազմապիսի դժուարութիւններ, բայց, շնորհիւ իր մեծ ընտանիքին, կը շարունակէ թիավարել հոսանքն ի վեր եւ ճանապարհ հարթել դէպի հարիւրամեակ:
Այս առթիւ կը շնորհաւորենք «Ազդակ» օրաթերթի ողջ անձնակազմը:
Երեւան