Վաստակաւոր Սրբազան Քահանայապետ Բենեդիկտոս ԺԶ.-ի կողմէ Մեսրոպեան վարժարանի մնայուն բարերար եւ բարեկամ պրն.Վարուժ Ներկիզեանի Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետի կարգի շքանշանի տուչութեան առիթով, Մեսրոպեան վարժարանի մեծ ընտանիքը բարերարին եւ ընտանեկան պարագաներուն կը փոխանցէ իր անկեղծ շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները:
Այս առիթով, վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ Կիրակի, 31 Մարտ 2013-ին կայացած շքանշանի տուչութեան արարողութան յաջորդող ընթրիքին ընթցաքին ըսաւ. «պրն. Վարուժ Ներկիզեանին մեծարանքը ինքնանպատակ չէ, եւ այդպէս ալ պէտք չէ ըլլայ: Մենք մեր տիպարներուն կը գնահատենք, որպէսզի գալիք սերունդները օրինակ առնեն, հետեւին իր ծառայողական, մարդասիրական եւ ազգային ուղիին»:
Մեսրոպեանի Տնօրէնը շեշտեց, որ բարերարը, իբրեւ Մեսրոպեանի հայրական հոգատարութեան պարտականութիւն, այսօր առանց փոխադարձ ակնկալութեան ու հաւատքով իր նիւթական եւ բարոյական գործակցութիւնը աւելիով կը կատարէ: Պրն. Գալուստ աւելցուց, որ պրն. Վարուժ Ներկիզեանին համար հայ աշակերտները ապագայի ծիլերն են, ու ինք, իբրեւ մշակ, իր բոլոր կարելիութիւններով ու կարողութիւններով կը նպաստէ ծաղկումի գործունէութեան:
Աւարտին, երախտագիտական զգացումներու իբրեւ արտայայտութիւն, Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութիւնը պրն. Վարուժ Ներկիզեանին նուիրեց Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետի կարգի շքանշանը ամբողջացնող սուրը` ենթակային մաղթելով յարատեւ վերելք եւ նորանոր յաջողութիւններ:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ