Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը 114 տարեկան…
Հին, բայց մի’շտ նոր:
Անցեալ, բայց մի’շտ ներկայ:
Մանաւանդ՝ ապագայ:
114 տարիներու տիրական ներկայութիւն, գործուն մասնակցութիւն, ամբողջանուէր ծառայութիւն հայ ժողովուրդին:
ՀԲԸՄ-ի 114-ամեակին առիթով, վերանորոգ յանձնառութեամբ նոր իրագործումներ, անփորձանք օրեր կը մաղթենք անոր ղեկավարութեան եւ աշխարհատարած բոլոր անդամներուն, յատկապէս այսօր, ի տես՝ «քորոնա» ժահրին պատճառած համաշխարհային ողբերգութեան:
114 տարի ետք, ՀԲԸՄ-ը աշխարհի բոլոր անկիւններէն, յուսավառ աչքերով եւ վճռակամ քայլերով կը շարունակէ քալել ներկայէն դէպի ապագայ, նո’յն տեսիլքով եւ նո’յն վճռակամութեամբ:
ՀԵԸ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ