Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Մինասեան
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք
Հոգեւոր Տէր,
Ուրախութեամբ իմացանք թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ 22 եւ 23 Սեպտեմբերին՝ Հռոմի մէջ գումարուած Տանն Կիլիկիոյ Պատրիարքական Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու սինհոդոսը ընտրած է Ձեզ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայոց Պատիրարք Կաթողիկոս։
Քաջածանօթ ըլլալով ձեր առաքելութեանը եւ երկար տարիներու վրայ երկարած մեր ծանօթութեանը եւ գործակցութեանը մէջէն տեսած ենք ձեր մէջ հոգեւոր-եկեղեցական եւ ազգային կղերական-առաջնորդը։ Ձեր գործունէութիւնը միշտ ալ ապացուցեց ձեր անսակարկ նուիրումը Քրիստոսի,եկեղեցիին եւ հայ ժողովուրդին։ Մեր գործակցութիւնը՝սկսելով Պէյրութի մէջ Ձեր ծառայութեան ժամանակէն ընդգրկած է նաեւ Աստուածաշունչի դաստիարակութեան անհրաժեշտութեանը՝ի մասնաւորի նորահաս սերունդին համար երբ շարք մը հրատարակութիւններ իրականացուցինք միասին՝ինչ որ նոյնպէս կ՚արտացոլացնէ Ձեր համակ նուիրումը Քրիստոնէական եւ Աստուածաշունչի կրթութեան ձեր ջանքերուն մէջ։
Ձեզի կը մաղթենք արեւշատ առաքելութիւն։ Ուժ եւ կորով ձեր այս նոր պատասխանատուութեան մէջ։ Ձեր երկար տարիներու փորձը տարբեր երկիրներու եւ գաղութներու մէջ ներառեալ՝ մայր հայրենիք, անպայմանօրէն իր կարեւոր եւ օգտաշատ ներդրումը պիտի ունենայ Ձեր եկեղեցանուէր եւ ազգաշէն գործունէութիւններուն մէջ։
Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան խնամակալ մարմինի անունով եւ անձնապէս՝խնդրեմ ընդունեցէք մեր շնորհաւորութիւնները։ Կը մնանք աղօթող ձեր առաքելութեանը համար՝նաեւ պատրաստակամ շարունակելու մեր գործակցութիւնը Ձեզի հետ։
Յարգանքով՝
Դոկտ. Հրայր ճէպէճեան
Ընդհանուր Քարտուղար Աստուածաշունչի Ընկերութեան Արաբական Ծոցի երկիրներու
24 Սեպտեմբեր 2021