Քուէյթ Յունիս 27, 2021
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.Վեհափառ Հայրապետ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն
Անթիլիաս, Լիբանան
Վեհափառ Տէր,
Ուրախութեամբ իմացանք թէ այսօր ձեր գահակալութեան եւ օծման 26-րդ տարեդարձն է։
Մեր հայ ժողովուրդի համար եւ համահայկական իմաստով՝ու տակաւին համաշխարհային եկեղեցական ու միջ-եկեղեցական շատ մը բնագաւառներու մէջ՝ մեծ ու տիրական ներկայութիւն էք Վեհափառ Տէր։ Եւ ի մասնաւորի ներկայ ժամանակներուն՝ուր աշխարհ մեծ դժուարութիւններու մէջ է, միջին արեւելքը տագնապահար ու հայաշխարհը շատ մը մարտահրաւէրներու դիմաց՝ձեր հոգեւոր, եկեղեցական ու ազգային առաջնորդութիւնը մեզի համար ուժ գօտեպնդող եւ ներկայի ու ապագայի տեսիլք բնորոշող գրաւական է։ Շնորհակալ ենք Վեհափառ Տէր ձեր առաջնորդութեանը եւ հոգածութեանը համար մեր հայ ժողովուրդի յառաջխաղացքի ի խնդիր։ Ձեզի կը մաղթենք ուժ,կորով եւ արեւշատութիւն՝շարունակելու համար ձեր առաքելութիւնը Քրիստոսի, Անոր Եկեղեցիին ու հայ ժողովուրդի բարօրութեանը համար։
Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան խնամակալ մարմինի անունով եւ անձնապէս՝խնդրեմ ընդունեցէք մեր ջերմ շնորհաւորութիւնները եւ լաւագոյն մաղթանքները։
Յարգանքով եւ երախտագիտական զգացումներով՝
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան
Ընդհանուր Քարտուղար՝Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւն