Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Շնորհաւոր 95-ամեայ տարեդարձ

March 15, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Շնորհաւոր 95-ամեայ տարեդարձ

ԹԱԴԷՈՍ ԵՍԱՅԵԱՆ

Հրաշալուր նախաձեռնութիւն էր «Ազդակ»-ի առաջին երախայրիքը, որ լոյս տեսաւ Պէյրութի մէջ, 5 մարտ 1927-ին: Սուրբ Ծնունդի օրուան պէս գեղեցիկ օր մըն էր այդ, որովհետեւ վերածնունդի տեսլականը ներշնչեց հայ ժողովուրդին համար, մանաւանդ` այդ օրերուն, երբ տարագրութեան շապիկը տակաւին կը հոտէր, ու հայու բեկորները, ճողոպրած` Սիպիլի դաշտերէն ու արաբական անապատներէն, պարզապէս ապրելու թել մը կը փնտռէին:  Բախտաւոր էին անոնք, որոնք շուտով հասան Լիբանան, եղբայրացան հիւրասէր տեղացիներու, աղ ու հաց կիսուեցան արաբին հետ ու Լիբանանը որդեգրեցին` որպէս անկրկնելի հրաշածին հայրենիք: Հայրենիք մը, ուր «Ազդակ»-ով Հայ Գիրը ներմուծեց տուներէ ներս:

Հետագայ տարիները այդքան ալ դիւրին չէին. «Ազդակ» ականատես եղաւ բոլոր վերիվայրումներուն` Համաշխարհային Բ. պատերազմ, ժամանակակից բզկտուած Լիբանան ու վերջապէս` անկախութիւն, 22 նոյեմբեր 1943-ին, երբ հայ ու արաբ միասնաբար շեփորեցին ազատութեան փողերը, ու «Ազդակ»-ի էջերուն վրայ պատկերազարդուեցաւ Լիբանանի վսեմ դրօշակը:

Եւ ի՜նչ պատիւ` «Ազդակ»-ի նախկին ու ներկայ խմբագիրներուն: Շնորհիւ անոնց կոթողային անխոնջ աշխատանքին` «Ազդակ»-ը գնահատուեցաւ որպէս առաջնակարգ օրաթերթ, ոչ միայն Լիբանանի մէջ, այլ` բոլոր սփիւռքահայերու համար: Վեհ առաքելութիւն մըն էր, որ «Ազդակ» սկսաւ ու տակաւին կը շարունակէ իր բծախնդիր, ճշգրիտ լրատուական սիւնակներով եւ իմաստալից յօդուածներով:  Արդարեւ, հայկականութիւն մըն է, որ «Ազդակ»-ը կը շնչէ ու կ՛ապրի մեզի հետ` ի պարծանք Լիբանան եւ Հայաստան աշխարհի: Առաքելութիւն մը, որ պիտի շարունակուի նորանոր 95-ամեակի տարեդարձներով:

Շնորհաւոր տօնդ, սիրելի՛ «Ազդակ»:

Previous Post

95-ամեայ «Ազդակ օրաթերթ»-ին անցելապանծ յոբելեանին առիթով

Next Post

Պաապտայի մէջ. «նախագահ Աուն կառչած կը մնայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացման» շեշտեց Ապուլ Ղէյթ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.