Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Շողիկին «Երազ»-ը

December 1, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Շողիկին «Երազ»-ը

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Վերջին տարիներուն Շողիկը աւելի ծանօթ եղաւ իր «Երազ»-ով:

Սակայն նախքան «Երազ»-ով անուն ստանալը` Շողիկ այն անձերէն էր, որ շրջապատին մէջ երազ կը ստեղծէր:

Այո՛, Շողիկ, ընտանիքիդ երազն էիր, շրջապատիդ երազն էիր, ո՛ւր ալ գտնուէիր, քու ժպիտդ տիրապետող կ՛ըլլար:

Մեղմ, ազնիւ, ընկերային բնաւորութեամբդ, բոլորին հասնող եւ մանաւանդ մարդկային քու մօտեցումովդ կը մտնէիր բոլորին սրտերուն մէջ:

Ներկայութիւն էիր ամէնուրեք` երկար տարիներ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ, պարախումբի ներկայացուցիչի պարտականութիւնները ստանձնող, «Գասպար Իփէկեան»-ի ներկայացումներուն օժանդակող, «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի ձեռնարկներուն գործօն դեր ունեցող: Այլ խօսքով, գործի վրայ էիր հոն, ուր որ պէտք էր, ո՛չ գործի տեսակ կը փնտռէիր, ո՛չ ալ` գործի չափ: Օգտակար ըլլալն էր սկզբունքդ:

Մեր օրերուն անանձնական մարդոց թիւը նուազած է: Շողիկը իր պահուածքով եւ միութենական գիտակցութեամբ անանձնական էր ու նուիրուած:

Շողիկին ամուր բերդը իր ընտանիքն էր` Լեւոնը, Կարոն եւ Լոռին:

Իրեն համար իր կողակիցին եւ զաւակներուն ուրախութիւնը ամէն բան էր: Բոլորին կողքին եւ բոլորին համար նուիրուած կողակից եւ մայր էր:

Անցնող տարիներուն լիբանանահայութեան համար գլխագիր տառերով կորուստներու տարի էր:

Տերեւաթափ եղաւ լիբանահայութեան գոյն, համ, ուժ եւ ներուժ տուող ծառը:

Այսքան կորուստ մէկ տարուան մէջ իսկապէս շատ է եւ անընդունելի:

Շողի՛կ, հաւանաբար հիմա հոն, ուր որ կը գտնուիս, նորէն պիտի ըսես` «Յակո՛բ, պէտք չկայ այս բոլորին»:

Բայց ես ալ իմ կարգիս պիտի ըսեմ, որ ճիշդ է, թէ կեանքը պիտի շարունակուի, բայց ամէն օր այդ կեանքէն բան մը պակաս պիտի զգանք: Վստահեցնելով սակայն, որ յիշատակդ անթառամ է մեր հոգիներուն եւ սրտերուն մէջ:

Previous Post

UAE releases Turkish businessman in custody since 2018

Next Post

Small Crude Draw Fails To Boost Oil Prices

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.