Երէկ` երկուշաբթի, 17 մայիսին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Վաղարշակ Յարութիւնեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար Սերկէյ Շոյկուի հետ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը` Հայաստանի իր պաշտօնակիցէն Հայաստանի սահմանային իրադարձութեան մասին տեղեկութիւններ ստանալէ ետք, հաստատեց, որ Ռուսիոյ ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը յատուկ ուշադրութեամբ կը հետեւի այս հարցին, եւ որ պաշտօնական Մոսկուան անհրաժեշտ բոլոր ջանքերը պիտի գործադրէ` ստեղծուած իրադրութեան խաղաղ հանգուցալուծման համար:
Վաղարշակ Յարութիւնեան անթոյլատրելի նկատած է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներուն հանդէպ ոտնձգութիւնները` շեշտելով, որ իրադրութեան հետագայ զարգացումները կրնան անկանխատեսելի հետեւանքներ ունենալ