ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու մեկնաբանեց Թուրքիոյ եւ յետ-խորհրդային կարգ մը պետութիւններու մէջ, մասնաւորաբար՝ Ղազախստանի մէջ, քաղաքական գործիչներու՝ «Մեծ Թուրան» եւ «Թուրանի բանակ» ստեղծելու մասին յայտարարութիւնները: Ան յիշեցուց, որ թրքալեզու ժողովուրդներ կը բնակին նաեւ Ռուսիոյ տարածքին մէջ, ուստի անհասկնալի է, թէ որո՛ւն դէմ ուղղուած են այդպիսի խօսակցութիւնները:
Խօսելով Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մասին՝ նախարարը յիշեցուց, որ Մոսկուայի եւ Անգարայի միջեւ «շատ բարդ, շատ դժուար, սակայն շատ արդիւնաւէտ աշխատանք կ՛ընթանայ»: Ըստ անոր՝ աշխատանքը բարդ է, որովհետեւ կարգ մը կողմեր կը խանգարեն. կը խանգարէ նաեւ այն հանգամանքը, որ Թուրքիա ՆԱԹՕի անդամ է:
Գործակցութեան իբրեւ օրինակ՝ ան նշեց Սուրիոյ մէջ Իտլիպի լարուածութեան մեղմացման գօտին: