Երեւանի մէջ, Երեքշաբթի, 24 Դեկտեմբերին պատահած ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով, Ազգային Ժողովի անդամ, երգչուհի Շուշան Պետրոսեան փոխադրուեցաւ «Նայիրի» բժշկական կեդրոնի վերակենդանացման բաժանմունքը: Պետրոսեան ստացած է գանկուղեղի վնասուածք:
Ըստ «Արմէնփրես»-ի՝ ՀՀ առողջապահութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ երգչուհիին վիճակը կայուն է, անվտանգութեան համար` ան կը գտնուի բժիշկներու հսկողութեան տակ: Արկածին հետեւանքով տուժած եւս երկու անձեր Առաջնային օգութեան ինքնաշարժով տեղափոխուած են «Նայիրի» հիւանդանոց, որոնք հետազօտուելէ ետք դուրս եկած են: