ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ներկայացուցած՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կնքած «Շուշիի հռչակագիր»ին արձագանգող յայտարարութեան նախագիծը չընդգրկուեցաւ Ազգային ժողովի լիագումար նիստերու օրակարգին վրայ:
Խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան յիշեցուց, որ յայտարարութեան նախագիծը յանձնաժողովին մէջ մերժուած է քաղաքական մեծամասնութեան կողմէ: «Խորհրդարանական կառավարման երկրում այս խորհրդարանը պէտք է գնահատական տայ` ընդգծելով մեր մտահոգութիւնները, որ այն դէմ է Հայաստանի անկախութեան հռչակագրին: ԱԺի լռութիւնն այս թեմայով կը դառնայ համաձայնութեան նշան` թուրք-ադրբեջանական դաշինքի կողմից նախաձեռնած պատերազմում պարտութեան եւ հետագայ անյաջողութիւնների», ըսաւ ան:
Օհանեանի համաձայն՝ հաշուի առնելով քաղաքական մեծամասնութեան տեսակէտը, որ այդ յայտարարութիւնը կրնայ վնասել խաղաղութեան դարաշրջանի ձեւաւորման, ընդդիմութիւնը կը նշէ, որ՝ ընդհակառակը, անիկա ամբողջութեամբ ազգային է, ուղղուած է ազգային շահերու պաշտպանութեան։
Իր կարգին, իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Գուրգէն Արսէնեան ըսաւ․ «Առաջինը` մենք յղում արեցինք, որ 2021ի Յունիսի 17ին ԱԳ նախարարութեան կողմից եղել է համապատասխան գնահատականն ու արձագանգն այդ հռչակագրի առնչութեամբ: ՀՀ վտանգների կառավարման տեսանկիւնից ընթացիկ վիճակը մեզ չի պարտադրում նմանատիպ յայտարարութեամբ հանդէս գալ: Մենք գտնում ենք, որ խաղաղութեան օրակարգը շատ կարեւոր ու անհրաժեշտ օրակարգ է ՀՀի համար եւ այդ օրակարգը բխում է այն ընթացիկ վիճակից եւ այն նպատակներից, որ ունի մեր երկրի օրինական իշխանութիւնը»:
Նախագիծը օրակարգի վրայ ընդգրկելու քուէարկութեան հարցը ստացաւ 26 թեր, 1 դէմ, 57 ձեռնպահ ձայներ:
Ազգային ժողովի նիստին օրակարգին վրայ չներառուեցաւ նաեւ 10 Ապրիլը Արցախի Մարաղա գիւղի խաղաղ բնակչութեան ջարդերու զոհերու յիշատակի օր սահմանելու նախագիծը, զոր ներկայացուց «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արեգնազ Մանուկեան:
«Մարաղայի վրայ յարձակումը ունէր բացառապէս հայ խաղաղ բնակչութեան ոչնչացման նպատակ եւ այդ ոճրագործութեան շարունակութիւններ` Սումգայիթի, Բաքուի, Կիրովաբադի եւ այլ բնակավայրերում հայկական բնակչութեան կազմակերպուած եւ զանգուածային ջարդերի ու տեղահանութեան, սակայն այս ոճրագործութիւնները տեղի են ունեցել Սովետական Ադրբեջանի տարածքում, իսկ Մարաղայի դէպքում գործ ունենք Արցախի Հանրապետութեան տարածքում արդէն անկախ Ադրբեջանի կողմից իրականացուած ջարդերի հետ, ինչը դատապարտելու օր մենք պէտք է սահմանենք», յայտնեց Մանուկեան:
Պատգամաւորը անհրաժեշտ նկատեց ընդգծել, որ ինչպէս Խորհրդային Ատրպէյճան կը վարէր հայատեաց քաղաքականութիւն, այնպէս ալ այդ գործելաոճը կը շարունակուի յետանկախութեան շրջանին եւ կ՛իրականացուի մինչ օրս, ինչ որ առաւել ցայտուն դարձաւ 44օրեայ պատերազմի ժամանակ:
«Մենք պէտք է յետսովետական շրջանում իրականացուած Մարաղայի դաժան ջարդերի արձանագրումն ու դատապարտումը հակակշռենք Խոջալուի այսպէս կոչուած «ցեղասպանութեան» կեղծ հարցը միջազգային օրակարգ տեղափոխելու թշնամական Ադրբեջանի ջանքերին եւ շահարկումներին: Տուեալ դէպքում Ադրբեջանը` որպէս յանցագործ, ինքն է բարձր գոռում «բռնէք յանցագործին»: Մենք պէտք է ի ցոյց դնենք, որ Ադրբեջանի գործելաոճը չի փոխուել, ինչը նաեւ յուշում է, թէ ինչ կը լինի հայ բնակչութեան հետ, եթէ Արցախը յայտնուի Ադրբեջանի կազմում: Ինձ համար անընդունելի է, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը տարբեր պատճառաբանութիւններով չընդունեց մեր այս նախագիծը», նշեց Մանուկեան: