Սահմանադրական օրինական ձեւակերպումներով, Սուրիան հետամուտ է ընդունելու եւ հաստատելու Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Ցեղասպանութեան ճանաչումը անխուսափելի է ի տես տարածաշրջանի իրադարձութիւններու զարգացման եւ օսմանցիներու թոռներուն կողմէ զայն Սուրիոյ ժողովուրդին նկատմամբ եւս ի գործ դնելու կրկնութեան:
«Շամ Փրէս»ի տուած մեր յայտարարութեան մէջ, Հայաստանեան-Սուրիական Գործարար Խորհուրդին եւ ընդհանրապէս հայութեան անունով մեր գոհունակութիւնը յայտնեցինք այն չհաստատուած լուրերուն մասին, որոնք, որպէս սպրդում, սկսած են հրապարակ իջնել եւ որոնք կը բացայայտեն Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան այն տրամադրութիւնը, որ ի մօտոյ Սուրիան պիտի միանայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցող երկիրներու ցուցակին: Տեղին է յիշել, որ Գործարար Խորհուրդը այս հարցը հանրային շրջանառութեան դնելու նախաձեռնողներէն մէկը եղած էր` մինչեւ անոր պաշտօնական յայտարարութիւնը:
Վերջերս «Եռագոյն» կայքէջը յայտնած էր «Արմէն Փրես» լրատու գործակալութեան հաստատումով, Հայաստանեան-Սուրիական Խորհրդարանական Բարեկամութեան Յանձնախումբի, հայկական բաժինի նախագահ Տաճատ Վարդապետեանի Սուրիոյ այցելութեան մասին եւ նշած նախագահ Պաշշար ալ Ասատի հետ անոր տեսակցութեան աւարտին կատարած մէկ յայտարարութիւնը, թէ «նախագահը հաստատեց, որ Սուրիան մօտ ապագային պիտի միանայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցող երկիրներու ցուցակին»:
Հայաստանեան-Սուրիական Գործարար Խորհուրդի ճիգերը առաջին հերթին կեդրոնացած էին սուրիական լրատուամիջոցներու մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան խընդրի արծարծման վրայ, որպէս ծանօթացում եւ հանրային նպաստաւոր կարծիքի ձեւաւորում, մինչեւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հանդիպում եւ սկսուած աշխատանքի նպատակաուղղում դէպի Սուրիոյ խորհրդարան, ի խնդիր սահմանադրական կարգով ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հաստատման:
Սուրիոյ կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը, ցեղասպանութեան հարիւր ամեակին առիթով, ամբողջացումն է հայ ժողովուրդի նկատմամբ Սուրիոյ ցուցաբերած յարգալիր վերաբերմունքին: Հայ ժողովուրդը չի մոռնար իր եղբայր սուրիացիին կողմէ ցեղասպանութեան, վախի ու սովի ճիրաններէն մազապուրծ իր նախնիներուն գրկաբաց ընդունումը:
Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող պետութիւններու ցուցակին Սուրիոյ միացումը եւ սահմանադրական կարգով ցեղասպանութեան հաստատումը մասնաւոր կարեւորութեամբ կը ներկայանայ, յատկապէս Սուրիոյ մերօրեայ տագնապի ամբողջ տեւողութեան, Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ Սուրիոյ ժողովուրդին նկատմամբ որդեգրուած բարբարոսութիւններու լոյսին տակ:
Լեւոն Զաքի Ետալեան