Համայն աշխարհ ողջունեց Լիպիոյ բռնատէրին տապալումը: Համայն աշխարհ ողջունեց բռնատէրի մը լուծէն Լիպիոյ ժողովուրդին ազատագրութիւնը: Համայն աշխարհ ողջունեց Միջազգային Քրէական Ատեանին կողմէ Մուամար Քազաֆիի դէմ հրապարակուած ձերբակալութեան հրամանագիրը: Անձնաւորութիւն մը, որ տասնամեակներ շարունակ իր ժողովուրդին ազատութեան ու արդարութեան կոչերուն պատասխանեց մահ ու աւերով: Անձնաւորութիւն մը, որ արաբական ու իսլամական աշխարհին առջեւ կը ներկայանար իբրեւ եւ արաբ ժողովուրդին փրկիչն ու պաշտպանը:
Միջազգային Քրէական Ատեանին որոշումը, որքան որ ողջունելի էր, նոյնքան ալ ուշացած կարելի է սեպել, առնուազն քառասուն տարի հեռաւորութեամբ: Այդ միջոցին կարելի պիտի ըլլար խնայել տասնեակ հազարաւոր մարդոց կեանքը:
Կ’արժէ արձանագրել, որ Մուամար Քազաֆի Սուտանի նախագահ Օմար Պեշիրէն ետք, պիտի դառնայ Միջազգային Քրէական Ատեանին առջեւ հաշուետուութեան համար ներկայացող արաբական աշխարհի երկրորդ ղեկավարը…:
Առանց վարկաբեկելու կամ կասկածի տակ առնելու Միջազգային Քրէական Ատեանին հեղինակութիւնը եւ առանց անտեսելու Սերպիոյ, Ռուանտայյի, Գոնկոյի ու Գամպոտիայի մէջ հաւաքական մարդասպանութեան յանցագործներուն դէմ Միջազգային Քրէական Ատեանին արձակած վճիռները, մարդ արարածը կը ստիպուի յաճախ ինքզինքին հարցնել. արդեօք միայն արաբական Երրորդ աշխարհի ժողովուրդներու համար կը գործէ Միջազգային Ատեանը: Ինչո՞ւ միջազգային արդարութիւնը կոյր աչք կը ձեւանայ արեւմտեան ուժերու եւ անոնց դաշնակիցներուն գործած ոճիրներուն հանդէպ:
Իսրայէլեան բանակը 2000-էն մինչեւ մեր օրերը հազարաւոր քաղաքացիներ սպաննեց Կազայի մէջ: Չխօսինք պաղեստինցի ժողովուրդին կրած տնտեսական, ընկերային ու քաղաքական ճնշումներուն մասին…: Միջազգային Քրէական Ատեանի գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ կը նախընտրէ լռութիւն պահել Իսրայէլի ՙժողովրդավար՚ ղեկավարներուն կատարած ոճիրներուն հանդէպ£ Ի՞նչ պատճառներով ՙԱնքըլ Սէմ՚ը իսրայէլեան ոճրագործութիւնները դատապարտող նուազագոյն “ամենամեղմ” հնչողութեամբ բանաձեւ մը կը մերժէ քուէարկել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին մէջ£ Օքամփօ արդեօ՞ք պահ մը խորհա՞ծ է Աֆղանիստանի, Իրաքի, Փաքիստանի մէջ տասնեակ հազարաւոր զոհերուն պատասխանատուութեան մասին£ Անոնց տառապանքը շատ աւելի ծանր է քան Լիպիոյ ժողովուրդին կրածը£
Լուիս Օքամփօ արդեօք ըսելիք մը չունի Ճորճ Պուշի, Թոնի Պլէրի նման անձնաւորութիւններու, որոնք այսօր ոչ միայն կը յոխորտան Իրաքի ու Աֆղանիստանի մէջ իրենց կատարած աւերներով, այլեւ միլիոնաւոր տոլարներ թիզելու ակնկալութեամբ յուշագրութիւններ լոյս կþընծայեն, առանց վախի ու ամօթի զգացումի կը շրջին երկրէ երկիր:
Իրաքի պարագային, փոքր սուտի մը հետեւանքով սպաննուեցան աւելի քան միլիոն քաղաքացիներ£ Ո՞վ այսօր Ճորճ Պուշին պիտի հարցնէ ո՞ւր պահուած են զինք շատ յուզող Իրաքի այսպէս կոչուած հաւաքական քանդումի զէնքերը£ Ինչո՞ւ եւ ինչպիսի պատճառաբանութեամբ, կազմակերպուեցաւ Իրաքի ներխուժումը, երբ Իրաք ոչ մէկ առնչութիւն ունէր 11 Սեպտեմբերի աղէտին հետ: Մարդկային այս ողբերգութիւնը բնաւ չի յուզե՞ր Օքամփօն: Աֆղանիստանը նոյնպէս առնչութիւն չունէր 11 Սեպտեմբերի աղէտին հետ, սակայն Աֆղանիստանի, Փաքիստանի եւ Սոմալիի մէջ մարդ արարածն ու սովորական ճանճը կը ներկայացնեն միեւնոյն արժէքը: Միացեալ Նահանգներու խօսքն է Օրէնքը: Միացեալ Նահանգներն է ամբաստանողը, վճիռը արձակողը եւ գործադրողը: Օքամփօ կրնա՞յ որեւէ ակնկարկ կատարել այս իրողութեան դէմ£ Անցնող օրերուն, ՙԱյզենհաուըր Սթատի Կրուփ՚ հեղինակաւոր կազմակերպութիւնը հրապարակեց ամերիկեան տնտեսութեան վրայ ՙԱհաբեկչութեան դէմ պատերազմ՚ին արժեգինը: Պատերազմը մինչեւ օրս 4 եռիլիոն տոլարի գումար մը արժած է Ուաշինկթընին, վեց հազար մարդկային կորուստներու եւ մօտաւորապէս կէս միլիոն անդամալոյծներու կողքին: Այս պաշտօնական ցուցանիշները հրապարակուելէ ետք, երբեք ալ զարմանալի չէ, թէ ինչո՞ւ փոխ նախագահ Ճօ Պայտըն կþայցելէ Չինաստան եւ ամերիկեան պարտքերը հատուցելու պայմանաժամը երկարաձգելու աղերս կը ներկայացնէ Փեքինին…:
Բայց եթէ Ուաշինկթընի համար յստակ են անոր մղած պատերազմներուն մուրհակը, ո՞վ պիտի գնահատէ Իրաքի, Աֆղանիստանի, Սոմալիի եւ այլուր ամերիկեան արկածախնդրութիւններուն պատճառած ֆիզիքական, տնտեսական, բարոյական կորուստներուն պատասխանատուութիւնը: Մենք տակաւին կը մոռնանք, 2003-ի ներխուժումէն առաջ, Իրաքի դէմ շղթայազերծած տնտեսական ու օդային պաշարումը որուն հետեւանքով մահացան տասնեակ հազարաւոր իրաքցիներ: Մեծամասնութեամբ անչափահասներ…:
2006-ին, Լոնտոնի մէջ լոյս տեսնող ՙՏը Լանսէթ՚ բժշկագիտական պարբերականը, որոշակի ուսումնասիրութիւններու եւ վիճակագրութիւններու լոյսին տակ, համեստ եզրակացութեան մը յանգելով, 258 հազար գնահատեց Իրաքի պատերազմին ընթացքին մարդկային զոհերուն թիւը գնահատեց 258 հազար£ Այս 2006-ին£ ՙՏը Լանսէթ՚ գրեց, թէ աւելի քան տասը միլիոն քաղաքացիներ, բռնի տեղահանութեան ենթարկուած են Իրաքի մէջ£ Այսª 2006-ին:
Համեստ հարցում մը. ո՞վ է պատասխանատուն մարդկային այս զարհուրելի ոճիրներուն: Միջազգային Քրէական Ատեանը որո՞ւն պատասխանատուութեան պիտի կանչէ այս ոճիրներուն համար£ Արդեօ՞ք անկարելին կը խնդրենք արդարութենէն…: Միջազգային Քրէական Ատեանը կիրարկելի է երրորդ Աշխարհի ժողովուրդներուն:
Միացեալ Նահանգներու համար այսօրինակ ՙնուրբ՚ հարցեր, իբրեւ նախընտրական քարոզչութեան մէջ սպառողական առարկայ սկսած են ծառայել: Ոչ աւելի, ոչª պակաս:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
www.araraddailynews.com