ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ – ՊԱՅՔԱՐ 205
Մեզմէ շատեր կը կարծեն, թէ Արմին Վեկներ լոկ գերմանական բանակի մէջ ծառայող սպայ մըն էր: Ան, խորքին մէջ, Պրեսլաուի, Ցիւրիխի եւ Պերլինի համալսարաններուն մէջ իրաւագիտութիւն ուսանած եւ դոկտորի կոչումով վկայուած հեղինակութիւն մըն էր:
Արմին Վեկներ 1921-ին Պերլինի մէջ լոյս ընծայեց «Թալեաթ Փաշայի դատավարութիւնը» խորագիրը կրող գրքոյկը: Անոր նախաբանին մէջ Վեկներ, արդարացնելով Թալեաթի սպանութիւնը, զայն կը գնահատէր միլիոնաւոր հայերու բնաջնջումը ծրագրած եւ իրագործած ոճրագործի մը արդար պատիժը: Վեկների կարծիքով՝ Թեհլերեան անիրաւուած ցեղի մը յուսահատ ինքնապաշտպանութեան խորհրդանիշն էր: Վեկներ Թալեաթը կ’ամբաստանէր միտումնաւոր կերպով ցեղի մը սպանութիւնը կազմակերպելու յանցագործութեամբ: Իր տեսակէտները հիմնաւորելու նպատակով՝ Վեկներ դիտել կու տար, թէ ոչինչ կ’արդարացնէր Արեւմտեան Անատոլիայի անմեղ բնակչութեան կոտորածները: Հայերու դէմ այսպէս կոչուած «Ռազմական անհրաժեշտութեամբ թելադրուած միջոցառումները» պատրուակ էին պարզապէս, որովհետեւ անոնք՝ հայերը, մղոններով հեռու կը գտնուէին ռազմական գործողութիւններու շրջաններէն: Իբրեւ վկայութիւն՝ Վեկներ կը մէջբերէր բռնագաղթի ենթարկուող հայերը Միացեալ Նահանգներ փոխադրելու դեսպան Մորկընթաուի առաջարկը եւ օսմանեան իշխանութիւններուն մերժումը: Վեկներ, իր գրքոյկին նախաբանին մէջ, հայերու դէմ ոճիրները կանխամտածուած ըլլալու վերաբերեալ ապացոյցներ նշելէ ետք, արդարացիօրէն կը հարցնէր՝ բաւարար փաստեր չե՞ն արդեօք համոզուելու, թէ ռազմական միջոցառումները շինծու պատրուակներ էին, անուրանալի ոճիրները քողարկելու նպատակով:
Իր եզրակացութեան մէջ Վեկներ յստակօրէն կը գրէր. «Թուրքերուն նպատակը ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ ջանասէր եւ բարձր կեցած ցեղի մը ի սպառ ոչնչացումը…»: Ցեղ ըսելով՝ Վեկեէր նկատի ունէր հայ ժողովուրդը, այսինքն՝ հայ ժողովուրդի բնաջնջումը, կամ՝ ցեղասպանութիւնը: Փաստօրէն, «ցեղի ոչնչացում» արտայայտութեամբ, «Թալեաթ Փաշայի դատավարութիւնը» ուսումնասիրութեան մէջ իրաւագէտ Արմին Վեկներ կը բացատրէր մարդկային տեսակի ոչնչացման գաղափարը՝ իբրեւ դարու անուրանալի ոճիր եւ տակաւին աւելին՝ մարդկութեան դէմ ուղղուած մահապատիժի արժանի ոճրագործութիւն: «Ցեղի ոչնչացում» արտայայտութենէն կարելի է հետեւցնել, թէ ցեղասպանութիւն եզրին առաջին սահմանումին հեղինակը նոյնինքն Արմին Վեկնէրն է՝ հայ ժողովուրդի բնաջնջումը դատապարտող ձայներուն հնչեղութիւն տալու մտահոգութեամբ: Այս մէկը, հրեաներու Ողջակիզումէն առնուազն քսան տարիներ առաջ..:
Մեր ժողովուրդի տառապանքները նկարագրող Արմին Վեկների վկայութիւնները, ուսումնասիրութիւնները հետաքրքրութիւնը արթնցուցին եւրոպացի հեղինակաւոր մտաւորականներու՝ Ֆրանց Վերֆէլի, Ռաֆայէլ Լեմքինի եւ ուրիշներու:
Ցեղասպանագէտները ընդհանրապէս ծագումով հրեայ իրաւագէտ Ռաֆայէլ Լեմքինին կը վերագրեն «Ցեղասպանութիւն» եզրին սահմանումը: Լեմքին ծնած է 1900-ին, Լեհաստան: Ան մահացած է 1959-ին, Նիւ Եորք: Քսանը հազիւ բոլորած երիտասարդ՝ Լեմքինի մէջ հետաքրքրութիւն կը ծագի ժողովուրդներու դէմ կազմակերպուած սպանդներուն հանդէպ: Պերլինի մէջ Թալեաթի սպանութիւնը խոր ազդեցութիւն կ’ունենայ երիտասարդ Լեմքինի վրայ: Ան կ’որոշէ ուսումնասիրել օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հայ ժողովուրդի տեղահանութեան եւ սպանդին պատճառները: Լեմքին կը ծանօթանայ Արմին Վեկների՝ «Թալեաթ Փաշայի դատավարութիւնը» գրքոյկին, անոր մէջ արձանագրուած փաստերուն, հայ ժողովուրդի տառապանքները նկարագրող Վեկների յղած նամակներուն, ելոյթներուն…: Հայ ժողովուրդին դէմ զարհուրելի ոճիրները ծանր ազդեցութիւն կը ձգեն երիտասարդ Լեմքինի վրայ: Ան կ’որոշէ Լեմպերկի (Լվով- Ուքրանիա) համալսարանին մէջ պաշտպանած ատենախօսութեան նիւթը դարձնել օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու դէմ զանգուածային ոճիրները՝ սկսելով 1890-ականներէն, հասնելու մինչեւ «զարհուրելի ոճիրները», դէպի Միջագետք տեղահանութիւնները, զանգուածային կոտորածները…: Իր ատենախօսութեան մէջ Լեմքին կ’անդրադառնայ հայ ժողովուրդին աւելի քան երկհազարամեայ պատմութեան, քաղաքակրթութեան եւ մշակոյթին: Լեմքին կ’եզրակացնէ՝ հայերը հին ժամանակներէն ի վեր ենթարկուած են բռնութեան: Իր եզրակացութիւններուն մէջ, Լեմքին կ’ իւրացնէ հայ ժողովուրդի դէմ գործուած ոճիրները իբրեւ «ցեղի ոչնչացում» ներկայացնելու Վեկների սահմանումը :
Այնքան տպաւորուած Արմին Վեկների վերոյիշեալ գնահատականէն՝ հրեաներու դէմ վայրագութիւններուն մասին իր «Axis Rule in Occupied Europe» աշխատութեան մէջ (1943), Լեմքին, նացիներուն ոճրագործութիւնները նկարագրելու նպատակով, լեհերէն եւ գերմաներէն լեզուներով կ’օգտագործէ Վեկների «ցեղի ոչնչացում» եզրը: Սոյն, 670 էջնոց գիրքին անգլերէն թարգմանութեան մէջ , Լեմքին, «ցեղի ոչնչացում» եզրին իբրեւ լեհերէնի եւ գերմաներէնի հոմանիշ, առաջին անգամ ըլլալով թարգմանաբար կ’օգտագործէ «Ճենոսայտ» բառը: Փաստօրէն «Ճենոսայտ» եզրին նախատիպը, հայ ժողովուրդի տառապանքները նկարագրող, Արմին Վեկների՝ «ցեղի ոչնչացում» արտայայտութիւնն է:
Ռաֆայէլ Լեմքինի ցուցմունքներով, 1948-ին բանաձեւուած, ՄԱԿ-ի ուխտին երկրորդ յօդուածին մէջ, ցեղասպանութիւնը կը բնորոշուի՝ «ազգային, ցեղային կամ կրօնական ոեւէ խումբ ոչնչացնելու միտումով ոճրային արարք»: Սակայն քիչեր գիտեն, որ վերոյիշեալ սահմանումին համար Ռաֆայէլ Լեմքին տառացիօրէն օգտագործած է 1934-ին, Գոփենհակենի մէջ կայացած, Ազգերու լիկայի նիստին առիթով, ցեղասպանութեան մասին ներկայացուցած իր բանաձեւը, որուն մէջ իբրեւ ցեղասպանութեան նախատիպ կը վկայակոչէ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հայ ժողովուրդին կոտորածները: Փաստօրէն, 1921 թուականին, հայ ժողովուրդի բնաջնջման մասին Արմին Վեկների տուած իրաւագիտական գնահատականը եւ Հայոց ցեղասպանութեան գաղափարը՝ 1948-ին, Ռաֆայէլ Լեմքինի առաջարկով, ՄԱԿ-ի մօտ ընդունուած է իբրեւ «ցեղասպանութեան իրաւաբանական սահմանում»: Մեր ժողովուրդը, պատմաբաններուն մեծամասնութիւնը զարմանալիօրէն լռութիւն կը պահէ պատմական այս իրողութիւններուն առջեւ: Ցեղասպանութեան սահմանումին հիմքն ու նախատիպը հայ ժողովուրդի ողբերգութիւնն է, ոչ՝ հրեաներու Ողջակիզումը, ինչպէս կը քարոզեն…
Լեմքին մինչեւ իր կեանքին վերջը պաշտպանեց հայ ժողովուրդին դատը: 1934-ին Գոփենհակենի մէջ Լեմքինի ներկայացուցած բանաձեւը նշանակալից էր այն իմաստով, որ 1935-ին կը լրանար հայ ժողովուրդի ողբերգութեան քսանամեակը: Լեմքին կը փորձէր լուսարձակի տակ առնել օսմանեան Թուրքիոյ ոճրագործութիւնները եւ հայերու բնաջնջման փաստերը: Լեմքին իր ամբողջ ներուժը ի գործ դրաւ ՄԱԿ-ի ցեղասպանութեան ուխտի որգեգրման, հիմք ունենալով Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Մեր պատմագիտութիւնը հազիւ կ’անդրադառնայ այս իրողութիւններուն: Տակաւին կը խօսինք պահանջատիրութիւնը իրաւական դաշտ փոխադրելու մասին… երբ յանդգնութիւնը չունինք յայտարարելու՝ Ցեղասպանութեան սահմանումին նախատիպը Հայոց ցեղասպանութիւնն է:
Հայ քաղաքական միտքը, մեր ղեկավարները տեղեա՞կ են արդեօք այս իրականութիւններուն: Պատասխանը մեզի կը վերապահենք: