Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

«Ո՞վ կը սիրէ տարիքոտ մարդը»

August 12, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
«Ո՞վ կը սիրէ տարիքոտ  մարդը»
Լեւոն Շառոյեան(Հալէպ)
(Հեռաւոր ողջո՜յն ալեւոր գրագէտ Ռ. Հատտէճեանին)
Շատ յստակ կը յիշեմ, որ մօտաւորապէս քսան տարի առաջ կարդացեր էի վերի չակերտեալ խորագիրը կրող յօդուած մը, Ռ. Հատտէճեանի գրիչէն, ուր ան իրեն յատուկ հոգեբանական ու փիլիսոփայական մերձեցումով լուսարձակ կը բանար ծերութեան երեւոյթին վրայ ու կը ջանար բացատրել՝ թէ ինչո՛ւ երետասարդ տարրը առհասարակ չ՛ախորժիր ծերունիներու ընկերակցութենէն ու կ՛աշխատի զանոնք առօրեայի լուսանցքէն անդին հրել…:
Այդ օրերուն Հատտէճեան շուրջ 75 տարեկան էր: Յարաբերաբար աշխոյժ եւ առոյգ:
Այսօր, մեր սիրելի ու թանկագին գրագէտը թեւակոխած է արդէն իր կեանքին 96-րդ տարին: Ալեփառ ծերունի մըն է, որուն շուքը եթէ մէկ կողմէ օրհնութիւն կը տարածէ իր ընտանիքին վերեւ, ապա միւս կողմէ ալ կ՛երջանկացնէ մեզ բոլորս՝ իր հազարաւոր ընթերցողները, Պոլիս թէ արտասահման:
Արդէն ամիսներէ իվեր Հատտէճեան ա՛լ խմբագրատուն չ՛իջներ: Տարիքի պարտադրանքով՝ ան իր կեանքին սա փուլը կ՛անցընէ իր բնակարանը, իր վիթխարի գրադարանին մտերմութեան մէջ, մերթ ընթերցումներ կատարելով, մերթ ալ խոկալով անցնող այն 60, 70, 80 տարիներուն վրայ, որոնք ի՛րը եղան եւ որոնք անհաւատալիօրէն հարուստ էին անմոռանալի դէպքերով ու բախտորոշ իրադարձութիւններով: Ինք ժամանակակիցը եղաւ Կ. Պոլսոյ նուիրապետական աթոռը բարձրացած իրերայաջորդ 6 պատրիարքներու…:
Քանի մը օր առաջ Հատտէճեան երջանիկ պահ մը ապրեցաւ՝ իր բնակարանին մէջ ընդունելով այցելութիւնը իսթանպուլահայ խումբ մը գրասէր տիկիններու: Բոլորն ալ՝ իրեն հարազատ անձեր, երբեմնի մօտիկ գործակիցներ: Անոնք եկած էին շնորհաւորելու զինք՝ «Մարմարա» օրաթերթի «Յուշատետր» սիւնակին հաստատման 41-րդ տարեդարձին առիթով: Ազնիւ ու փափկավարական քայլ մը, որ զի՛ս եւս հրճուեցուց, որովհետեւ «Յուշատետր»-ը ի՛մ ալ ամէնէն նախընտրելի սիւնակը եղած է հայատառ մամուլին մէջ, ահա արդէն գո՛նէ 37-38 տարիէ իվեր: Իմ մտաւորական ու գրական կազմաւորումին առաջնային լծակներէն մէկը՝ անկասկած:
Հատտէճեանի այցելուները չէին մոռցած յիշատակելի լուսանկար մըն ալ հրամցնել մեզի՝ այդ օրուան մթնոլորտը ցոլացնելով:
Երկարօրէն նայեցայ այդ լուսանկարին: Իմ դիմաց, ահաւասիկ, կանգնած էր 96 տարեկան ալեւոր գրագէտ մը, որուն գրած ու հրատարակած գիրքերուն ծանրութեան տակ կրնայ կքիլ… ուղտն անգամ: Հմուտ եւ օրինակելի խմբագիր մը, որ 54 տարի շարունակ հայերէն շա՛տ որակաւոր օրաթերթ մը խմբագրեց ու հրատարակեց Թուրքիոյ նման երկրի մը մէջ: Ճարտար ու անկրկնելի բեմասաց մը, որ իր հիւթեղ բանախօսութիւններով փայլեցուց մա՛նաւանդ Պոլսոյ հայ բեմերը:
Ինք քսան տարի առաջ հարց կու տար, թէ «ո՞վ կը սիրէ տարիքոտ մարդը»:
Մենք ամբողջ սրտով կը սիրենք զինք: Կը խոնարհինք իր լեռնակուտակ վաստակին առջեւ ու կը համբուրենք իր Աջը, զոր բացառաբար սուրբ կը նկատենք, նմանողութեամբը Հացեկացի մեծ գիւտարարին Աջին, որովհետեւ այդ աջերը միայն ու միայն սպասարկած են Հայոց Այբուբենին…:
Լուսանկարը.- Ձախէն աջ՝ տիկ. Մարիամ Տրամէրեան, տիկ. Սիլվա Կոմիկեան, տիկ. Սիւզան Հատտէճեան (գրագէտին կողակիցը), Ռոպեր Հատտէճեան, տիկ. Գարոլին Հատտէճեան (գրագէտին աւագ հարսը), Բ. շարք՝ Արի Հատտէճեան (գրագէտին երէց որդին), օրդ. Մաքրուհի Յակոբեան (երկարամեայ խմբագրուհի «Մարմարա»-ի) եւ Նայիրա Մկրտիչեան-Սիւզմէ («Մարմարա»ի այժմու խմբագրուհին):
Previous Post

FIFA officially advances World Cup by a day for Qatar

Next Post

Արցախի հարցում բեկումնային հանգուցալուծման համար աշխարհաքաղաքական կոնսենսուս չկա․ Շահան Գանտահարյան

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.