ԱՐԱ ՍԱՆՃԵԱՆ
Մի քանի օր առաջ Ֆէյսպուքի վրայ «ՄԱՅԻՍ 28 ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԸ» խորագրուած գրութիւնս ծաւալուն բանավէճի առիթ հանդիսացաւ։
Այդ գրութեան վերջաւորութեան բարձրացուցած հարցս թէ արդեօք տասնամեակներէ ի վեր գործնապէս Դաշնակցութեան քաղաքական ազդեցութեան տակ գործող Լիբանանի ազգային (այսինքն՝ հայ առաքելական) առաջնորդարանին իրաւասութեան ներքոյ եկեղեցիներէն երկուքը՝ Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգը եւ Ռըմէյլի Ս. Յարութիւնը, որոնք մաս կը կազմեն Հնչակեան Կուսակցութեան ազդեցութեան գօտիին, պիտի ընդառաջեն իրենց վերադաս հոգեւոր մարմինի որոշման ու պատարագի ընթացքին կատարեն Գոհաբանական մաղթանք եւ Եռագոյն դրօշակի օրհնութիւն, արդէն ունի իր պատասխանը։ Կիրակի օրը այդ երկու եկեղեցիներուն մէջ օրհնութեան արարողութիւնը փաստագրող երկու թուայնացուած լուսանկարներ մի քանի ժամ ետք ստացայ Հայկազեան Համալսարանի նախկին մէկ ուսանողուհիէս, որուն ընտանիքը հպարտ հնչակեաններ են։ Երբ պատանի էի, այսպիսի բան պատկերացնել աներեւակայելի էր, եւ լա՛ւ է որ տեղի կ’ունենայ փոփոխութիւն, քանի որ քարացած քաղաքական կեանքն ու միտքը միայն վնաս կրնան պատճառել։
Բայց դեռ շատ անելիք կայ մինչեւ որ յետեղեռնեան հայ սփիւռքը յաղթահարէ Մայիս 28-ի՝ որպէս խորհրդանիշ տարբեր ընկալումներուն միջեւ ամբողջ եօթանասուն տարի գոյացած վիհը, մանաւանդ որ՝ այդ մասին բանավէճը միայն պատահական ու ոչ համակարգուած ձեւով տեղի կ’ունենայ, ինչպէս օրինակ՝ եղաւ իմ գրութեանս առթիւ։
Այսօր դարձեալ պիտի փորձեմ ուշադրութիւն սեւեռել նոյն տօնին առթիւ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած մէկ այլ արարողութեան վրայ եւ անոր ընդմէջէն նոր հարց մը բարձրացնել՝ կրկին անգամ յոյս տածելով, որ ան ձեւով մը կ’օգնէ որ ի վերջոյ յետեղեռնեան սփիւռքի մէջ 28 Մայիս 1918-ին մասին միասնական պատում կամ պատմում մը (récit կամ narrarive իմաստով) գոյանայ։
«Ազդակ» կը հաղորդէ թէ «28 մայիսին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան տօնին առիթով Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը այցելեց հանրապետութեան երախտաւոր հայ մեծանուն գործիչներու շիրիմները` յարգանքի տուրք մատուցելու եւ ծաղիկներ զետեղելու համար:»
Լիբանանը չճանչցողներուն համար ըսեմ թէ այդ շիրիմները կը գտնուին Պուրճ Համուտի հայ առաքելական գերեզմանատան մէջ։ Առանձին չեն, այլ այդ գերեզմանատան մէջ գտնուող ՀՅԴ պանթէոնը կը համախմբէ տասնամեակներու ընթացքին Լիբանանի մէջ իրենց հոգին աւանդած բազմաթիւ վաստակաշատ դաշնակցական գործիչներ, ներառեալ՝ 1918-1920 թուականներու հանրապետութեան ականաւոր դէմքերէն հոյլ մը։ Կիրակի օր եւս, այնտեղ կատարուած է նոյն տօնին առիթով մէկ այլ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ ներկայութեամբ Լիբանանի հայ առաքելական թեմի կաթողիկոսական փոխանորդին, քահանայ հայրերու, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանին ու Լիբանանի մէջ դաշնակցական բազմաթիւ ղեկավարներու։
Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարելը վաղուց հաստատուած հայ քրիստոնէական աւանդոյթ է, որուն խորհուրդը կը յարգեն նոյնիսկ հայ … գործնապէս աթէիստները։
Վերոնշեալ բանավէճին մասնակցած ինծի սիրելի ու յարգելի գործընկեր մը, որ միաժամանակ հպարտ դաշնակցական է, կը գրէր (նախադասութիւնը կրճատելու ժամանակ, քերականական փոքր պատշաճեցումներ կատարած եմ)․ «Մայիս 28ը ընդունիլ բայց անոր ղեկավար դէմքերուն դերակատարութիւնը անտեսել ինծի համար անընդունելի վարքագիծ է։ Հոս ոչ միայն պատմական արդարութեան հարց է, այլ՝ այդ ղեկավարներու ընդմէջէն ազգային յանձնառութեան օրինակ մը տեսնել, այնպէս ինչպէս, օրինակի համար, Արժանթինի պարագային զօրավար Սան Մարթինն է, Ուրուկուայի՝ Արթիկասը և ԱՄՆի՝ Հիմնադիր Հայրերը (օրինակները գիտակցաբար բերի այսպէս կոչուած «նոր ազգեր»ու պարագայէն)։»
Այս նախադասութիւնը սոյն գրութեան մէջ պիտի ընդունիմ իբրեւ անվիճելի մեկնակէտ եւ ըստ այնմ շարժիմ առաջ։ Իմ յաջորդ հարցումս ու նշելիք պարագաս կ’առնչուի 28 Մայիս 1918-ի Հիմնադիր Հայրերու շրջանակի սահմանագծման։
Պատմական դէպքերու զարգացումով Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը դարձաւ միակ քաղաքական կազմակերպութիւնը որ իր պարտականութիւնը սեպեց վառ գոյներով յիշել ու յիշեցնել 1918-1920-ի հանրապետութիւնը։ Զարմանալի չէ, որ այդ տարեկան յիշատակումներուն ժամանակ, որ կը կազմակերպուէին Դաշնակցութեան կողմէ, յանուանէ յիշատակուելու արժանի համարուեցան միայն 1918-1920-ին պատասխանատու դիրքերու վրայ գտնուած դաշնակցական գործիչներ եւ … մի քանի բարձրաստիճան անկուսակցական զինուորականներ։
Բայց եթէ կայ ցանկութիւն 28 Մայիս 1918-ի ամէնամեայ տօնակատարութիւնները դարձնել համասփիւռքեան, ի՞նչ պիտի ըլլայ այդ պարագային Հիմնադիր Հայրերու ցուցակը։ Կա՞ն այդ ցուցակին վրայ աւելցուելիք այլ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, օրինակ՝ Հայաստանի անկախութեան յայտարարութիւնը ստորագրած Ազգային Խորհուրդի ժողովրդական անդամները, Հայաստանի երկու օրէնսդիր ժողովներուն ժողովրդական, սոցիալիստ-յեղափոխական եւ սոցիալ-դեմոկրատ անդամները, Հայաստանի գործադիր իշխանութեան մէջ նախարարական պաշտօններ վարած ժողովրդականներ ու սոցիալիստ-յեղափոխականներ եւ այլն։ Հնչակեան կուսակցութիւնը այդ օրերուն շատ հետեւորդներ չունէր Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին վրայ, բայց երբ 1920-ի Սեպտեմբերին սկսաւ քեմալական արշաւանքը, հնչակեանները իրենց ներկայացուցիչը ունէին բանակին ի նպաստ համաժողովրդական աջակցութիւն ապահովելու կոչուած միջ-կուսակցական մարմինին մէջ։
Ու վերջապէս գանք յատուկ մէկ պարագայի, որուն մասին երկու հարց կ’ուզեմ բարձրացնել։ Լիբանանի մէջ թաղուած է նաեւ Արսէն Կիտուրը, որ աւելի ծանօթ է իբրեւ հնչակեան գործիչ, հեղինակ ու խմբագիր։ Երբ 1919 Մայիս-Յունիսին, 12 արեւմտահայ ներկայացուցիչներ հրաւիրուեցան իբրեւ Հայաստանի Խորհուրդի անդամ, Կիտուրը այդ 12-էն մէկն էր։ Կարճ ժամանակ ետք, այդ խորհրդարանը ցրուեցաւ, իսկ Հայաստանի կառավարութիւնը Կիտուրը ուղարկեց Իրաք իբրեւ ներկայացուցիչ՝ զբաղուելու համար այնտեղ ապաստանած, մեծ մասամբ վանեցի գաղթականներու հարցով։ Խորհրդայնացումէն քիչ ետք, այդ գաղթականներէն մի քանի հազարը հասան Հայաստան, իսկ Կիտուրը Իրաք մնաց մինչեւ 1930-ական թուականները՝ երբ իր ձախակողմեան հայեացքներուն համար, Իրաքի անգլիամէտ կառավարութիւնը զինք արտաքսեց Լիբանան։ Իբրեւ հնչակեան, Կիտուրը «հաշտուեցաւ» խորհրդային իրականութեան հետ, Խորհրդային Հայաստան դարձեալ այցելեց միայն 1958-ին՝ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի յիսնամեակի տօնակատարութեան ժամանակ եւ, ինչքան գիտեմ, առաջին սփիւռքահայ գործիչը եղած է, որ Հայաստանի մէջ պաշտօնական ճաշկերոյթի ժամանակ հրապարակաւ խօսած է Ղարաբաղի ու Նախիջեւանի մասին։ Ինչեւէ։
Սփիւռքի տարածքին, կան ուրիշ շիրիմներ եւս՝ 1918-1920 թուականներուն Հայաստանի Հանրապետութեան ծառայած ու տարբեր կուսակցութիւններու անդամակցած կամ համակրած շարք մը գործիչներու։ Անոնց մէկ մասը երբեք չհանդուրժեց խորհրդային վարչակարգը, իսկ ուրիշներ աստիճանաբար համակերպեցան ու նոյնիսկ «լեզու գտան» հայ համայնավարներուն հետ։
Հարցումս այս է։ Պէ՞տք է Մայիս 28-ին Կիտուրի եւ իր նմաններուն շիրիմներուն ալ այցելել։ Եթէ ո՛չ, ինչո՞ւ։ Եթէ այո՛, ո՞վ պէտք է նախաձեռնէ ու համակարգէ այդպիսի նախաձեռնութիւն մը։