Ժամանակին թագաւորը ուզեց գիտնալ, թէ ո՞րքան խելացի են իր հպատակները, ուստի ձեւով, չափով ու ծանրութեամբ իրարու նման երեք ոսկեայ պուպրիկներ շինել տուաւ , ու ըսաւ իր պալատականներուն.
-Այս պուպրիկներէն մէկը աժան է, միւսը՝ սուղ, իսկ երրորդը` աւելի սուղ… Ինչո՞ւ այդպէս է գիտցէք…
Պալատականները զննեցին, քննեցին, բայց տարբերութիւն մը չգտան…
Լուրը տարածուեցաւ երկրին մէջ,ու շատեր եկան, բայց տարբերութիւն չնկատեցին…
Աղքատ պատանի մը եկաւ ու զննեց պուպրիկները…նկատեց որ երեք պուպրիկներուն ականջները ծակ էին: վերցուց գաւաթ մը ջուր եւ կաթիլ-կաթիլ ջուր հոսեցուց անոնց ականջներէն: Ներկաները նկատեցին, որ ջուրը առաջին պուպրիկին բերանէն դուրս ելաւ, Երկրոդին պարագային՝ միւս ականջէն, իսկ երրորդ պուպրիկէն ջուր դուրս չելաւ…
Ապա դարձաւ թագաւորին եւ ըսաւ.
-Ո’վ թագաւոր, այս պուպրիկները կը նմանին մարդոց…առաջին պուպրիկը՝ իր լսածը բոլորին կը պատմէ…անգաղտնապահ է…
երկրորդը՝ կը նմանի այն մարդոց, որ խօսքը անոնց մէկ ականջէն կը մտնէ եւ միւսէն դուրս կ’ելլէ…այսպիսիները անհոգ ու անուշադիր են…
Այդ պատճառով ալ աժան են…
իսկ երրորդը՝ լսածը միտքը կը պահէ, գիտէ ըսուելիքն ու չըսուելիքը… այսպիսիները խելացի ու վստահելի են…
Թագաւորը կը հիանայ այս պատանիին վրայ ու զինք կը դարձնէ իր խորհրդականը…