Լեւոն Շառոյեան
Երէկ, երբ կը խօսէինք տոքթ. Ռ. Ճէպէճեանի ու 50-ականներուն հիմնուած անոր սեփական ակնաբուժարանին մասին, ինքնաբերաբար մղուեցանք մտածելու նաեւ վերջին քանի մը տասնամեակներուն Հալէպի մէջ ծառայած ու այստեղ իրենց սեփական դարմանատուները բանեցուցած հայ ակնաբոյժներուն մասին:
Իրապէս, հայ ակնաբոյժներու կարեւոր թիւ մը ունեցեր ենք Հալէպ: Սուրիոյ վերջին պատերազմէն առաջ՝ զանազան թաղամասերու մէջ կարելի էր հանդիպիլ հայ ակնաբոյժներու եռալեզու (արաբերէն, հայերէն, անգլերէն) ցուցանակներուն: Մեր յիշողութեան ապաւինելով՝ կը թուենք անուններ.- Բժ. Ռ. Ճէպէճեան (երիցագոյնը եւ տէր՝ սեփական հիւանդանոցի), բժ. Ալեքսան Քէշիշեան, բժ.Կարօ Հաճընլեան, բժկհ. Մակի Քէշիշեան, բժ. Յարութ Պալեան, բժ. Յակոբ Վարդապետեան, բժ. Մինաս Ադամեան, բժկհ. Արփի Փամպուքեան-Պոյնէրեան, բժկհ. Սօսի Տէր Արթինեան-Շառոյեան, բժկհ. Ժանին Սրուրեան:
Այս անունները, գրեթէ բոլորը, գաղթեցին Հալէպէն՝ անվերադարձ…: Ոմանք հաստատուեցան Հայաստան, ուրիշներ՝ թռիչք առին դէպի Արեւմուտք…: Ճէպէճեան ու Վարդապետեան մահացան Հալէպ:
Այսօր, Հալէպի ակնաբուժութեան բնագաւառին մէջ (անշուշտ նաեւ այլազան ուրի՛շ մարզերու մէջ) հայ տարրը ԳՐԵԹԷ ԱՆԳՈՅ Է: Փակուած են երբեմնի հայապատկան ԲՈԼՈՐ դարմանատուները, մինչ անոնց փոխարէն ՈՉ ՄԷԿ նոր դարմանատուն բացուեր է՝ 2013-14-էն ասդին…:
Երբեմնի շէն ու հարուստ մեր գաղութը կը կծկուի, հետզհետէ կը վերածուի աննշան ու արհամարհելի համրանքի մը: