Դոկտ. Մինաս Գոճայեան
-Ե-
ՀԱՅՈՒ ՄԵԾԱՄՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆՄԱՆ ԲԱՆԵՐ
Արեւելքցիի, հաւանաբար նաեւ ընդհանրապէս մարդկային տկարութեան արտայայտութիւն է մեծգլխութիւնը կամ մեծամտութիւնը։ Օրինակ՝ յաճախ կը լսենք.
-Դուն գիտե՞ս ես ո՛վ եմ։
-Ես որ կ՚ըսէի դուն ո՞ւր էիր։
-Երբոր մենք՝ հայերս Գառնիի տաճարը կը կառուցէինք, Եւրոպայի ազգերէն շատերուն նախահայրերը կապիկներու պէս ծառերուն վրայ կը ցատքէին։
-Ես գիտեմ ի՛նչ կը խօսիմ(կոր)։
-Երբոր ես կը խօսիմ, դուն կը լռես։
Եւայլն եւայլն։
Վերջին ամիսներուն մեծամտանալու նոր առիթ մըն ալ ստեղծուեցաւ՝ առնչուած պսակաժահրի համաճարակի հետ։ Մասնագէտներ, պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, հոգեւորականներ եւ այլ խելամիտ մարդիկ աղաչելու պէս կը խնդրէին ու կը խնդրեն տակաւին զգոյշ ըլլալ, դիմակ դնել, ձեռնոց հագնիլ, եթէ ստիպուած են տունէն դուրս ելլել, խուսափիլ այցելութիւններէ եւ նման բաներ։
Առջի օրը նկատեցի որ տնական ոզնիս ալ սկսեր է իր ձագուկներով ինձմէ փախչիլ եւ քանի մը մեթր հեռուէն երթալ իր գործին։ Այս տեսարանը քանի մը անգամ կրկնուելէ ետք փորձեցի հասկցուիլ. հազիւ մօտեցայ իրեն, ձագուկները ետեւը նետեց եւ փուշերը տնկեց։ Ի՛նչ ըսեմ՝ վախցայ իսկապէս։
Արագ մը վերլուծելէ ետք տհաճ կացութիւնը այն եզրակացութեան եկայ թէ ոզնիս բնազդօրէն ինքզինք եւ ձագուկները հեռու կը պահէ ինձմէ։ «Ի՜նչ խելացի կենդանի», մտածեցի։ Ոզնի ըլլալով եւ մեր նման «բանական» արարած չըլլալով հանդերց, փշոտ բարեկամս լաւ հակցեր է մահացու վտանգը եւ պատասխանատուութեան զգացում ունենալով՝ ինզինք հեռու կը պահէ ինձմէ, որ իր ձեռքերուն մէջ պահած է զինք։
Հազարաւոր մարդիկ, որոնց մէջ նաեւ իմ մեծամիտ հայրենակիցներս, ոզնիիս չափ ալ «խելք» ու հոտառութիւն չունին։ Խնդրեմ՝ կը լսենք այսպիսի արտայայտութիւններ.
– Ի՞նչ «վիրուս-միրուս», պարապ բան է։
– Ի՞նչ էք ասում, «վիրուս-միրուս» չկայ, «սաղ» սուտ բան ա։
– Դիմակ դնողները չե՞ն մեռնիր(կոր)։
– Ես թաւլու-նարտիէն ե պլոթէն ետ կեցողը չեմ։
– Եղածը մեծ պետութիւններու յօրինածն է…։
Եւայլն, եւայլն։
Այն օրը կարդացի թէ Քալիֆորնիայի եւ Հայաստանի մէջ ժահրէն վարակուածներուն թիւը չէ պակսած, այլ աւելցած է…, նոյնիսկ մեր երիտասարդ վարչապետն ու իր ընտանիքը: Փոխանակ քաջալերական խօսքեր եւ բարեմաղթանքներ յղելու իրեն եւ ընտանիքին, հայու անուն-մականունով մարդիկ, դիմատետրամոլներ (ներող եղէք այս շինծու եւ երկարավիզ բառին համար), վախկոտ եւ մատներու ետեւ պահուըտած մեր հայրենակիցներէն շատեր «օ՛խ եղաւ» ըսելու պէս սիրտերնին կը զովացնեն, նոյնիսկ յոյսեր կը կապեն վերադառնալու իրենց փտած աթոռներուն, ակռաները կը սրեն՝ փոխանակ պահիկ մը մտածելու կամ մտահոգուելու որ մեր ակամայ դրացի պետութիւնը նոյնպէս ակռաներն ու մագիլները կը սրէ այս օրերուն՝ այս անգամ վերջին մահացու հարուածը տալու (ըստ իրենց մեծամտութեան) հայկական Արցախին ու Հայաստանի Հանրապետութեան:
- Խելքի աշեցէ՛ք,- պիտի ըսէր մեր անմահ աշուղը:
-Զ-
ՈԶՆԻՍ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՌԱԶՄԱՃԱԿԱՏ
Ի՞նչ ըսեմ այս ոզնիիս, որ կը խանգարէ յետ-միջօրէի մրափս եւ մեղմօրէն կը ծակծկէ զիս իր փշիկներով:
- Ի՞նչ եղար, հիմա ի՞նչ կ’ուզես,- կ’ըսեմ կէս յանդիմանական շեշտով:
-Այդ ի՞նչ լեզուով կը խօսիս հետս, տէ՛ր իմ,- կը պատասխանէ ան իր փշերէնով,- փոխանակ օգնելու, սիրտ տալու եւ իմ մասիս գրելու, սրտնեղութեամբ կը վարուիս հետս:
Ոզնիս երբեք այս ոճով չէր խօսած հետս: Լուրջ հարց մը կար ուրեմն: Նստեցայ, ակնոցներս դրի որ աւելի լաւ հասկնամ եւ ճիշդ ըմբռնեմ պահի լրջութիւնը: Եւ ի՞նչ տեսնեմ աղէկ՝ իմ մայր ոզնիս ձագուկները հաւաքեր է եւ զինուորներու պէս շարեր է ետեւ ետեւի:
- Այս ի՞նչ նորութիւն է, մայր Ոզնուհի, պատերազմի՞ կ’երթաս, որո՞ւն դէմ,
դրացիին շո՞ւնը կ’անհանգստացնէ նորէն,- կը հարցնեմ մտահոգ շեշտ մը դնելով հարցումիս մէջ:
- Ի՞նչ շուն, ի՞նչ դրացի, կը պատրաստուիմ անդրովկիանոսեան նաւ մը
նստիլ, հասնիլ Եւրոպական մայր ցամաք եւ հոնտեղէն ամէնէն արագ միջոցներով հասնիլ հայրենիքդ: Վտանգուած է հայ ոզնազգիներուս կեանքը, զանոնք պաշտպանելու կը մեկնինք ընտանեօք,- աւելցուց մայր ոզնին եւ ձագուկները առնելով ուղղուեցաւ թուփերու ուղղութեամբ: Մի կերպ հասայ ետեւէն եւ հարցուցի մտահոգուած.
- Սիրելի ոզնիս, բաւական տկար եւ բարի կենդանի մըն ես, ոչ զէնք ունիս, ոչ ալ
զրահ, ձեզի հում հում կ’ուտեն թշնամիներդ…
Հազիւ բերանս բացի, խօսքս չաւարտած փշիկ մը կերայ սրունքէս:
- Տէ՛ր իմ, բարի մարդ ես, բայց միամիտ ես: Կ’երեւայ թէ աշխարհքէն լուր
չունիս: Հայկական Ոզնաստանի վրայ յարձակելու կը պատրաստուին ձեր դրացիներու բորենիներն ու գորշ գայլերը: Թերթ, համացանցի լուրեր չե՞ս կարդար…
- Կը կարդամ, ի հարկէ կը կարդամ, բայց դուք…ը՜…
- Ի՜նչ, կ’արհամարհե՞ս մեր փուշերը, չե՞ս հետեւիր Ոզնաստանէն եկած
լուրերուն, ուր ազգակիցներդ կոկորդի ինկած են զիրար խեղդելու համար փոխանակ պաշտպանուելու մասին հոգալու,- ըսելով անհետացաւ թուփերուն մէջ:
(Շարունակելի)