Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ողջո՛յն` լիբանանահայ կրթական մշակներուն

March 8, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Ողջո՛յն` լիբանանահայ կրթական մշակներուն

Մեր օրերու տաղտուկն ու մտահոգութիւնները մեր յիշողութենէն չեն ջնջած «Ուսուցչաց տօն»-ը, եւ մենք չենք մոռցած լիբանանահայ մեր վարժարանները, որոնք անկասկած պէտք է կանգուն մնան, որպէսզի իբրեւ ազգային դիմագիծ ունեցող հաւաքականութիւն կանգուն մնանք մենք եւ գալիքին համար ալ ստեղծենք նոր վաստակ:

Ուստի, երբ Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը իրենց գոյութեան ծանրագոյն պահերը կ՛ապրին, Ուսուցչաց տօնին առիթով մենք  սիրով ու յարգանքով կ՛ողջունենք լիբանանահայ մեր վարժարաններուն բոլոր կրթական մշակները եւ յարգանքով նաեւ կ՛ողջունենք մեր վարժարաններուն կրթանուէր առաքելութիւնը, որ կեանքի չափ կարեւոր խնդիր կը մնայ մեզի համար:

Այս օրերու պայմաններուն մէջ բոլորս ալ գիտենք, որ ո՛չ մեր դպրոցները եւ ո՛չ ալ մեր կրթական մշակները վեր են ու զերծ մեր ապրած մտահոգութիւններէն ու տագնապներէն: Սակայն, ամէն օր քիչ մը աւելի բարդացող մեր առօրեային մէջ, հայ դպրոցը կը շարունակէ մեծ ճիգով իրագործել իր ուսերուն դրուած բոլոր պարտականութիւնները եւ տուեալ կացութեան մէջ, նաեւ ստեղծել գեղեցիկ ու ընտիր արդիւնք: Իրենց կարգին եւ յանուն գալիք արշալոյսներու, մեր կրթական մշակները եւս ուսման ու գիտութեան կողքին կը շարունակեն խնամքով հայ հոգիի յատկանիշները փոխանցել մեր ժողովուրդի դեռատի զաւակներուն, որպէսզի մեր ժողովուրդը շարունակէ հաւատարմութեամբ քալել իր պատմութեան ուղիներէն:

Վստահաբար կը դիմագրաւենք բազմաթիւ տագնապներ ու խնդիրներ, սակայն մեր համայնական կեանքը կը շարունակուի լիբանանեան իւրայատկութիւններով` ազգային տեսլականներու շուրջ եւ հոգեւոր, մշակութային ու կրթական առաքելութիւններով:

Հետեւաբար, Ուսուցչաց տօնը առիթը կը ստեղծէ յիշեցնելու մեր ժողովուրդին, որ այսօր, մեր դպրոցներն ու կրթական մշակները աւելիով պէտք ունին մեր աջակցութեան: Ուստի, կոչ կ՛ուղղենք մեր մէջ գտնուող բարերար ձեռքերուն, որպէսզի հայ դպրոցին նային ազնուական հոգիով ու սրտերը աւելի լայն բանալով տէր կանգնին անոր սրբազան առաքելութեան:

Ուսուցչաց տօնին առիթով, երբ դարձեալ քաղցր բախտը կ՛ունենանք ողջունելու մեր վարժարաններու կրթական մշակները եւ բոլորին մաղթելու քաջառողջութիւն, սրտովին կը մաղթենք, որ իրենց ապրած  մտահոգութիւններուն առընթեր, մեր ուսուցիչները պատուով գլուխ հանեն իրենց վստահուած ծանր գործը, որպէսզի հայ դպրոցին վաստակով լիբանանահայ մեր կեանքը շարունակէ մնալ յարացոյցը սփիւռքահայ կեանքին ու կեցուածքին:

Աղօթարար`
ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ

Previous Post

«Ադրբեջանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելը կառավարութեան օրակարգային առաջնահերթութիւններից է». Վ. Յունանեան

Next Post

Կրթութիւնը եւ սեռային իրաւահաւասարութիւնը (Կանանց եւ Ուսուցչաց տօներուն առիթով)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.