Խմբագրական «ԱԶԱՏ ԽՕՍՔ»-Ի
Սարդարապատը մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն փառապանծ էջերէն մէկն է, անտարակոյս, երբ հայկական Ցեղասպանութենէն միայն երեք տարի ետք, հայ ժողովուրդը կրցաւ մահուան սեւ գեհենէն ետք յարութիւն առնել իր հրաշազօր ոգիով եւ նուաճեց իր ապրելու իրաւունքը:
Արդարեւ, թուրքը՝ կոտորելէ ետք մեր ժողովուրդի արեւմտեան կէսը, ամայացնելէ ետք արեւմտահայութեան բազմահազարամեայ բնօրրանը իր բնիկ ժողովուրդէն, անսանձ ու անպատիժ կը սպառնար միւս կէսին վրայ՝ 1918-ի Մայիսեան ճակատագրական օրերուն, եւ կը յառաջանար դէպի Երեւան ու Ս. Էջիածին, դէպի «սիրտը մեր երկրին, մեր հաւատքին, մեր կենսագրութեան», դէպի վերջին մնացորդ բուռ մը հողը, որպէսզի զայն եւս բզքտէր եւ յետոյ չարախնդար, ըսելով. «Կար հայ ազգ, ա՛լ ան չկայ, եւ մենք ենք անոր տան ու հողի տէրը»…
Բախտորոշ այդ պահուն, սակայն, հինաւուրց մեր ժողովուրդը դարերու խորքէն եկող ոյժ գտաւ իր մէջ, զարթնեցան իր մէջ՝ իր հերոսական նախնիներէն ժառանգած Հայկեան ազատաբաղձ արիւնն ու ոգին, Աւարայրի ոգին, եւ թէեւ՝ ուժասպառ ու արիւնաքամ, գերագոյն լարումով ոտքի ելաւ ան ազգովի՛ն, դարձաւ ահեղ բռունցք եւ ետ մղեց անարգ թշնամին, նուաճելով իր յաւէտ ապրելու եւ յարատեւելու իրաւունքը:
Երիտթուրքերու վատահամբաւ առաջնորդներէն Պէհաետտին Շաքիր այսպէս կը բացատրէր իր կառավարութեան քաղաքական ծրագիրը հայկական պատուիրակութեան պետ՝ Աղեքսանդր Խատիսեանին.- «Հայերդ կանգնած էք մեր համիսլամական ու համաթրքական սրբազան բաղձանքներու իրականացման ճամբուն վրայ, եւ մենք, ուզենք թէ չուզենք, կը բախուինք ձեզի հետ: Այդ բախումը վեր է եւ դուրս՝ մեր անձնական զգացումներէն ու տրամադրութիւններէն: Մենք տարերայնօրէն հարկադրուած ենք ոչնչացնել այն ամէնը որ արգելք կը հանդիսանայ այդ սրբազան բաղձանքներու իրականացման»: Սա, ըստ էութեան, համաթուրանական կամ Մեծ Թուրանի ձեւաւորման ձգտող մեծ երազն էր:
Լքուած առանձինն, առանց որեւէ արտաքին օգնութեան եւ ստոյգ մահուան դէմ յանդիման՝ հայ ժողովուրդը ցուցաբերեց հաւաքական արտակարգ ոյժ ու վճռակամութիւն՝ հերոսաբար ծառանալու հայակուլ թշնամիին դէմ եւ պաշտպանելու իր պապենական հողերէն մնացած վերջին կորիզը: Զինուորագրուեցան բոլորը, երիտասարդն ու ծերը, հարուստն ու աղքատը, բանուորն ու շինականը, հոգեւորականն ու մտաւորականը, տեղացին ու գաղթականը…: Հայուհիներ՝ 5-րդ դարու Հայ Տիկնանց օրինակով, ջերմեռանդօրէն կը պատրաստէին պարէնի եւ ջուրի պաշարներու հերթական բեռները եւ զանոնք կ’առաքէին կռուողներուն: Յայտնի հայագէտ եւ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանի տեսուչ Գարեգին Սրբազան Յովսէփեանց կը ոգեւորէր եւ օրհասական մարտի կը մղէր հայոց զօրքերը, որպէս նոր օրերու Ղեւոնդ Երէց: Ամենուրեք կը թեւածէր Աւարայրի ոգին: Մայր տաճարի եւ բոլոր եկեղեցիներուն զանգերը այդ օրհասական օրերուն անընդմէջ կը ղօղանջէին և այդ ղօղանջը կը տարածուէր Արարատյան դաշտավայրի բոլոր անկիւններէն, իբրեւ ահազանգ ու մարտակոչ գերագոյն վտանգին դէմ յանդիման:
24 Մայիսին, Երեւանեան զօրախմբի հրամանատար գեներալ Մ. Սիլիկեանը կոչով կը դիմէր հայ ժողովուրդին.
«Հայե՛ր, շտապեցէ՛ք հայրենիքն ազատելու: Հասել է պահը, երբ իւրաքանչիւր հայ, մոռանալով իր անձնականը, յանուն մեծ գործի` հայրենիքի փրկութեան և իր կնոջ ու աղջիկների պատուի պաշտպանութեան, պիտի գործի դնի իր վերջին ճիգը` թշնամուն հարուածելու համար…
Յանուն բազմաչարչար հայ ժողովրդի ֆիզիքական գոյութեան, յանուն ոտնակոխ եղած ճշմարտութեան: Ոտքի կանգնեցէք: Դէպի գործ, դէպի սրբազան պատերազմ…»:
Եւ այսպէս, Բաշ-Ապարանի, Ղարաքիլիսէի եւ Սարդարապատի յաղթական հերոսամարտերով կը փրկուէր Արարատեան երկրի այն մի բուռ հողը՝ որպէս մեր ազգի սուրբ հայրենիքի անկորնչելի կորիզը: Ծնունդ կ’առնէր Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը Մայիս 28, 1918-ին: Դարաւոր պայքարներէ եւ ցաւատանջ տառապանքներէ ետք, կը վերականգնէր մեր պետականութիւնը՝ մեր պատմական հայրենիքին մէկ տասներորդ տարածքին վրայ եւ վեց դարեան պետականազուրկ իրավիճակէն կը բարձրանայինք պետական ազգի մակարդակին:
Սարդարապատի վսեմաշունչ օրինակով, հրացայտ կը ժայթքէր՝ 1988-ին, Արցախը Հայաստանին վերամիացնելու միլիոնանաց երթ-բողոքը Երեւանի փողոցներուն մէջ եւ կը հրաշակերտուէր արցախեան պանծալի յաղթանակը՝ մեր քաջ որդւոց սուրբ արիւնով…եւ դարձեալ Մայիս ամսուան մէջ կ’ազատագրուէր Շուշին, 1992-ին, ինչպէս նաեւ կ’ազատագրուէին արցախեան աշխարհի մեր նախնեաց այն սուրբ հողերը, որոնք շաղախուած են հայուն հազարամեայ քրտինքով ու աճիւնով սրբազան…
Ներկայիս, Սարդարապատէն 101 տարի ետք, հայութիւնը ազգովին կը գտնուի նոր մարտահրաւէրներու դիմաց, որոնց արդիւնաւէտ դիմակայումը կը պահանջէ Սարդարապատեան միասնական ոգի, համայն հայութեան միասնական ուժերու առաւելագոյն զօրաշարժ:
Սարդարապատը կը յուշէ որ մեր ժողովուրդը կրնայ հրաշքներ գործել եթէ իր մէջ արթուն է ազգի անկոտրում ոգին, որ կը շաղախէ ազգի առանձին միաւորները մէկ հզօր եւ անպարտելի հաւաքական ՄԵՆՔ –ի մէջ…
Համաթուրանական վտանգը՝ թուրք-ազերիական սերտ գործակցութեամբ եւ «մէկ ազգ, երկու պետութիւն» գաղափարախօսութեամբ, դեռեւս առկայ փաստ է եւ կը շարունակէ սպառնալ այսօրուան Հայաստանի լինելութեան, Արցախի հետ միասին, ինչ որ անհրաժեշտօրէն կը պահանջէ կերտել հզօր Հայաստան եւ վերակազմակերպուած Սփիւռք, համատեղ ուժերու ամէնէն սերտ ու համակարգուած գործակցութեամբ:
Հզօր Հայաստան՝ որ կարենայ հարազատ հայելին ըլլալ ազգային մեր երազներուն եւ իղձերուն, մեր տեսլականին, որ կարենայ ազատ, արդար, արժանավայել կեանք ստեղծել ազգի զաւակներուն, որ կարենայ ճիշդ հայելին ըլլալ ազգային մեր ինքնութեան, հայ մշակոյթին, հայ արժէքներու ամբողջութեան եւ ուղղորդուի ազգային գաղափարախօսութեաբ ու ծրագիրով…., որ կարենայ զարգացման իրապաշտ եւ միաժամանակ խիզախ եւ յանդուգն հեռանկարներ ստեղծել մեր երկրին ու ժողովուրդին, համայն ազգին…, որ խօսի սրտին ու մտքին մէն մի հայուն, ո՛ւր որ ալ ապրի ան, եւ դէպի իրեն քաշէ զայն, որպէս լուսաւոր փարոսը համայն հայութեան…Նման Հայաստանի մը հիմքերը սկսած են կեանքի կոչուիլ 2018-ի թաւշեայ յեղափոխութեամբ, բայց դեռ շատ բան կայ ընելիք, մանաւանդ դատա-իրաւական ոլորտէն ներս, որ անիկա իսկապէս դառնայ շօշափելի, տեսանելի յեղափոխութիւն եւ տարածուի հայրենական կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ…, հեռու մնալով յատկապէս ազգն ու հայրենիքը պառակտելու միտող բոլոր քայլերէն: Քանզի հիմա եւս, ինչպէս միշտ, մեր փրկութիւնը միայն ու միայն մեր հաւաքական ոյժին մէջ է:
Ինչ կը վերաբերի Սփիւռքի իրականութեան, աներկբայ իրականութիւն է որ միայն հզօր Սփիւռք մը կրնայ անփոխարինելի ու կենսական աջակից ու զօրակից ըլլալ Հայաստանին: Իսկ զօրաւոր Սփիւռքը կ’ենթադրէ վերակազմակերպել եւ նոր հիմքերու վրայ դնել անոր հաւաքական կեանքը՝ իր դպրոցներու ցանցով եւ հայեցի կրթութեամբ, իր Պահանջատիրական արդար Դատի պայքարով, իր մարդուժի արդիւնաւէտ օգտագործումով….
Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք հաւաքական, միասնական ուժի գոյառումով միայն, մենք կրնանք յաջողութեամբ դիմագրաւել թրքական, ազրպէյճանական, համաթուրանական թէ այլ սպառնալիք, լիարժէք ՏԷՐ կանգնիլ մեր բոլոր իրաւունքներուն, ազատագրեալ Արցախէն մինչեւ Արարատը մեր պանդուխտ, կերտել արժանապատիւ, զարգացող, յառաջդիմող երկիր, շարունակելով մեր քաղաքակրթական երթը դէպի նորանոր հազարամեակներ…
ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ