Հայ ժողովուրդը այս օրերուն հպարտութեամբ կը նշէ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան 115-րդ տարեդարձը:
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը իր ազգանուէր գործունէութիւնը նախորդ դարուն սկիզբը սկսելով, 115 տարի շարունակ անփոխարինելի գործունէութիւն կը ծաւալէ Սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ:
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը անշահախնդիր մօտեցումով ազգային բարեգորործական բազմաթիւ եւ բազմատեսակ ծրագիրներ կ’իրագործէ ամենուրէք:
Հպարտ ենք մեր Մեծ միութեան 115-ամեայ փայլուն գործունէութեամբ: Այս առթիւ անգամ մը եւս կ’ուխտենք հաւատարիմ մնալ մեր հիմնադիրներուն՝ «Միութիւնը Զօրութիւն է» կարգախօսին:
Մեր մաղթանքն է, որ ՀԲԸՄ-ը յաւերժ շարունակէ կատարել իր համազգային առաքելութիւնը:
Հպարտութիւն ներշնչող այս տարեդարձին առթիւ, ՀԲԸՄ-ի նախագահին, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետին, ղեկավարութեան եւ կառոյցի բոլոր անդամներուն կը մաղթենք բեղուն աշխատանք, անսպառ եռանդ՝ յանուն հայ ժողովուրդի լուսաւոր ապագայի, ի փառս Սփիւռքի եւ հայրենիքի:
ՀԵԸ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ