Նահատակաց տօնին առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Դիմատետրի իր էջին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը.
«Մայիս 6-ի նահատակները ամբողջ Լիբանանի նահատակներն են: Բոլոր անոնց, որոնք կը փորձեն խեղաթիւրել Մայիս 6-ի նահատակներուն յիշատակը, կ’ըսենք. «Մայիս 6-ի նահատակները ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան նահատակներն են: Անոնք այն նահատակներն են, որոնք մերժեցին օսմանեան ու թրքական բռնագրաւումն ու բռնարարքները: Անոնք դիմադրողներ են եւ իրաւունքի, արդարութեան, ազգային ինքնորոշման եւ ազատ ապրելու մարդու իրաւունքի համար պայքար մղողներ: Անոնք հայրենիքի ազատագրութեան նահատակներն են: Անոնք լրագրողներ են, բժիշկներ եւ հոգեւորականներ: Անոնք իսլամներ են եւ քրիստոնեաներ: Անոնք Ճեմալ փաշայի կախաղաններուն եւ սովի նահատակներն են: Անոնք ամէնէն արժանապատիւ քաղաքացիներն են: Անոնք առաջին նահատակներն են, որոնք գոյատեւելու եւ յարատեւելու զինամթերքն են: Անոնք յարատեւ պայքարի զինամթերքն են»: Պատմութիւնը մի՛ նենգափոխէք, որովհետեւ ոճիրին մասին անձայն մնացողը, լուռ մեղսակից է»: