Նորութիւն չեն հիւսիսային Լիբանանի մէջ լիբանանեան բանակին դէմ ոտնձգութիւնները: Յայտնապէս, Նահր Պերիտ գաղթակայանին ծանրակշիռ ճակատումներէն, ետք, երբ բանակը, բազմաթիւ նահատակներու արեամբ յաջողեցաւ քայքայել գաղթակայանին մէջ բոյն հաստատած ահաբեկչական որջերը: Դժբախտաբար, քաղաքական բեմի ոչ բոլոր կողմերը արժեւորեցին բանակին հայրենանուէր այս սխրագործութիւնը: Բանակը դարձաւ տարբեր համոզումներու եւ ուղղութիւններու պատկանող ծայրայեղական կազմակերպութիւններու թիրախը: Բանակին դէմ ատելութեան եւ անհանդուրժողութեան արտայայտութիւն մըն էր անցեալ տարի Սայտայի մէջ, բանակի անցարգելի մը վրայ ահաբեկիչ Շաքէր Ապսիի խմբաւորումին անակնկալ յարձակումը:
Հարուածել բանակը կը նշանակէ ուրճացնել քաղաքական բեմին վրայ տիրող համայնքային տարբաժանումները եւ անդամալուծել Լիբանանը: Հարուածել եւ քննադատել բանակը կը նշանակէ դաւաճանել՝ հայրենիքի հանդէպ հաւատարմութեան, զոհողութեան պատրաստակամութեան սկզբունքներուն: Յանուն պատմութեան,անհրաժեշտ է հպարտօրէն արձանագրել, թէ մեր քաջարի բանակը, իր բազմաթիւ նահատակներուն գնով կը մնայ համակեցութեան եւ ազգային միասնականութեան խորհրդանիշ:
Այսօր, նոր մարտահրաւէրի մը դէմ յանդիման կեցած է լիբանանեան բանակը: Աննախընթաց մարտահրաւէր: Տաաշ անունը կրող ահաբեկչական,ծայրայեղական կազմակերպութիւնը իր փայփայած իսլամական խալիֆայութիւնը տարածելու նպատակով ազդեցութեան նոր ոլորտ մը ծրագրած է ստեղծել հիւսիսային Լիբանանի մէջ: Տաաշի ընդլայնումը լիբանանեան հողերու վրայ մահացու հարուած մը պիտի դառնայ 1943-ի անկախութենէն բխած, Թայէֆի համաձայնագիրով ամրագրուած համակեցութեան: Այս՝ իբրեւ լիբանանցի: Իսկ իբրեւ քրիստոնեայ՝ նոր բռնագաղթի մը ահազանգը…: Մուսուլի քրիստոնէութեան տխուր ճակատագիրը կրնայ շարունակուիլ այլուր…: Որու՞ն ապաւինիլ, որու՞ն հաւատք ընծայել՝ Միացեալ Նահանգներու երկդիմի քայլերու՞ն, Մայր Ֆրանսայի ամլութեա՞ն, ցինիզմով պճնուած Մեծն Բրիտանիոյ արտայայտած անհեթեթութիւններուն, լիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ բիւզանդական վէճերով զբաղող մեր քաղաքագէտներուն թ՞է նուիրական մեր բանակին, հաւաքական ուժին եւ Լիբանանի ժողովուրդին միասնականութեան: Իրաքի, Լիպիոյ, Եմէնի, Սուրիոյ, Կազայի զարգացումները մեզի ուղեցոյց՝ ժամավաճառութեամբ չզբաղինք եւ հաւատք ընծայենք հաւաքական ուժին: Օտարը մեզ պիտի չփրկէ Տաաշներէն: Օտարին մխիթարական յորդորներն ու նամազները, որքան ալ յուզիչ ու տպաւորիչ ըլլան անոնք, դուրս պիտի չելլեն փարիսեցիներու շողոգորթութիւններէն: Տաաշը գոյութեան սպառնալիք է բոլորին: Անոր սարսափը չի պարուրուիր ականուած ինքնաշարժներու, մարդասպանութեան, բռնի հաւատափոխութեան, քրիստոնէութեան դէմ ցցուած, համայնքային խլրտումներու փորձով,այլ՝ ժողովուրդներու, համայնքներու իւրայատկութիւնները, պատմամշակութային անցեալն ու ներկան, քաղաքակարթութիւններու քայքայումով: Տաաշը հաւասարապէս սպառնալիք է քրիստոնեային ու սիւննիին, շիին եւ տիւրզիին: Տաաշ երեւոյթը սպառնալիք է արաբական աշխարհին, արաբական քաղաքակրթութեան:
Ռազմական գետնի վրայ, Արսէլ կռուախնձոր մը դարձած է բանակին եւ ծայրայեղական զինեալներու միջեւ: Բանակը պաշտօնապէս յայտարարեց, առ հասարակ ոչ մէկ դիրքոորշում ունի Արսէլի բնակիչներուն դէմ, սակայն օտար զինեալներու ներկայութիւնը եւ լիբանանեան տարբեր շրջաններ թափանցելու անոնց ծրագիրները, ահաբեկչական գործողութիւնները, առաւել եւս բանակին վրայ յարձակոււմները անընդունելի են բոլորէն:
Ճակատագրական է պահը,անակասկած: Բարեբախտաբար, լիբանանը խորհրդանշող բոլոր համայնքները անխտիր դատապարտեցին բանակին դէմ անարգ յարձակումը եւ մերժեցին օտարազգի բոլոր զինեալներու ներկայութիւնը լիբանանեան հողերու վրայ: Երեւոյթը՝ գօտեպնդիչ եւ նոյնքան գնահատելի: Բոլորը բանակի կողքին,բոլորը յանուն՝ հայրենիքի պահպանութեան: Ահաւասիկ այն պահը, ուր զգաստութեան գալով, լիբանանցիները կարենան լաւագոյնս օգտագործել՝ համախմբուելու հայրենիքին շուրջ, հայրենիքը գերադասելով բոլորէն վեր եւ ընտրելու ազգային դրոյթներուն, համոզումներուն եւ հիմունքներուն նուիրեալ, երկրի գերիշխանութիւնը, ամբողջականութիւնը պահպանելու երաշխիքներ ներշնչող նախագահ: Ինչո՞ւ սպասել շրջանային զարգացումներու ընթացքին եւ կամ՝ շրջանային փոփոխութիւններու ակնկալութեամբ անդամալուծել երկիրին գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւնները:
Տաաշի սարսափին դէմ միասնական բռունցք բարձրացնող ժողովուրդը, կրնայ եւ ճակատաբացօրէն նոր նախագահ մը ընտրել լիբանանեան այս հայրենիքին: Այլապէս, յանուն որու՞ն իրենց կեանքը պիտի նուիրաբերեն զինուորական հաստատութեան ու մայրիներու պահպանութեան ուխտաւորները: Մինչեւ եր՞բ քաղաքական հոսանքները, իրենց օտարամուտ եւ նեղ հաշիւներէն թելադրուած քայլերով, պիտի շարունակեն իններորդ, տասներորդ անգամ ըլլալով եւ հաւանաբար աւելի՝ պոյքոթի ենթարկել նախագահական ընտրութիւններու գործընթացը:
Հայրենիքի փրկութեան համար Տաաշի դէմ զէնք բարձրացնող, հայրենիքի ամբողջականութեան վահանակիր լիբանանեան նահատակները որքա՜ն պատուուած պիտի զգան, երբ յատկապէս այս օրերուն, մեր քաղաքական հոսանքները խնայեն երկիրն ու անոր ժողովուրդը, փոխհասկացողութեան ձեռք մեկնեն, հրաժարին այլամերժական կեցուածքներէն եւ վճռեն համախմբուիլ տեղական տարազով համախոհական նախագահի մը շուրջ:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ