ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացած է ՀՀ վաստակաւոր նկարիչ Ռաֆայէլ Աթոյեան: Տարի մը առաջ՝ 2013ի Յունիս 15ին, Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ կայացած ցուցահանդէսով մը նշուեցաւ նկարիչին ծննդեան 80ամեայ եւ ստեղծագործական գործունէութեան 50ամեայ յոբելեանները:
Աթոյեան ծնած էր Գիւմրի, ուսած Մերքուրովի անուան գեղարուեստի դպրոցին, Երեւանի Թերլեմէզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարանին, ինչպէս նաեւ՝ Երեւանի գեղարուեստա-թատերական հիմնարկի գեղանկարչութեան բաժանմունքին մէջ: 1982ին, ան արժանացած էր ՀԽՍՀ վաստակաւոր նկարիչի կոչումին, իսկ 1991ին՝ բնակութիւն հաստատած էր Միացեալ Նահանգներ: