Իսթանպուլահայ գրականութեան վերջին մշակներէն մին եւս՝ տոքթ. Վարդ Շիկահեր, այսօր հրաժեշտ տուաւ մեր աշխարհին…։ Իր աչքերը փակեց յաւիտեան։
Մի առ մի մեկնեցան.- Զաւէն Պիպէռեան, Զահրատ, Զարեհ Խրախունի, թատերագիր Արման Վարդանեան, Երուանդ Կոպէլեան, Խորէն Մանաւեան եւ ուրիշներ։ Ամբողջ սերունդ մը, անկրկնելի ու անվերագտնելի, որ 50-ական թուականներէն սկսեալ հրապարակ իջած էր ի պաշտպանութիւն հայ լեզուի, բայց նաեւ՝ վերակենդանացնելու համար Պոլսոյ երբեմնի գրական այն բացառիկ մթնոլորտը, որ հիմքն ու հէնքն էր արեւմտահայ գրականութեան։
Վարդ Շիկահեր մեզմէ կը բաժնուի 94 տարեկանին։ Լեցո՛ւն կեանք մը՝ կրթական, գրական ու հանրային մարզերու մէջ հաւասարապէս։
Քահանայի զաւակ էր ու այդ իսկ պատճառով՝ իր գրական ու հրապարակագրական էջերուն մէջ միշտ նշմարելի էր եկեղեցական տոհմիկ շունչ մը, խունկի բոյր մը։ Հմուտ գրաբարագէտ էր ու երջանկայիշատակ Մեսրոպ պատրիարքի թելադրութեամբ գրաբարէ աշխարհաբարի վերածած էր մեր եկեղեցւոյ «Պատարագամատոյց»-ը։
Հայերէնը, Վարդ Շիկահերի լեզուին վրայ ու գրչին տակ՝ կը շողար իր ամէնէն գեղեցիկ հանդերձանքով։ Այնքան ճոխ բառամթերք մը ունէր, որ հիացումէ անդին՝ զարմանք ալ կը պատճառէր շատերու։ Ինք, ի տարբերութիւն իսթանպուլահայ բանաստեղծներուն, «նորատարազ» քերթողութեան չհետեւեցաւ բնաւ, այլ մնաց դասականի հաւատարիմ բանաստեղծ։
Ունի տասնեակ մը հատորներ՝ բանաստեղծական ու արձակ, որոնք ամէն բանէ առաջ երեւան կը հանեն իր գիտելիքներու լայն դաշտը, ինչպէս նաեւ՝ լեզուական հմտութիւնը։
Բացառիկ անձնաւորութիւն մըն էր Վարդ Շիկահեր, որովհետեւ մասնագէտ սրտաբան մը ըլլալով մէկտեղ՝ աւելի քան 35 տարի հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած էր Պոլսոյ հայկական վարժարաններուն մէջ։ Մնայուն աշխատակից մըն էր «Մարմարա» օրաթերթին, որուն խմբագրին՝ Ռ. Հատտէճեանի ալ դասընկերն եղած էր Մխիթարեան վարժարանին մէջ։
Իր մահով՝ հայկական Պոլիսը քիչ մը եւս կ՛որբանայ, իսթանպուլահայ գրականութիւնը քիչ մը եւս կը կծկուի։
Կը փակուի գրական երջանիկ շրջաններու փառաւոր մէկ էջը եւս։
Լ. ՇԱՌՈՅԵԱՆ (Հալէպ)