ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնի առաջին օրը եղած է բաւական յագեցած եւ նախաձեռնութիւններով լի: Իրադարձութեան շաբաթը սկսած է տեղեկատուական ասուլիսներով, որոնց ընթացքին իրենց ժապաւէնները ներկայացուցած են Հայկական համայնապատկեր ազգային մրցոյթի մասնակիցներ Մարինէ եւ Սոնա Քոչարեանները («Ինչպէս Անցնել (Ջիլիզից Ջիլիզ»), Վահրամ Մխիթարեանը («Հովուի Երգը») եւ Ալեքս Իգիթբաշեանն ու Էմիլի Մկրտչեանը («Հատանցում»): Օրուան երկրորդ կիսուն կայացած է «Ոսկէ Ծիրան»ի ոչ պաշտօնական մեկնարկը խորհրդանշող ծիրանօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը, որ այս տարի տեղի ունեցած է Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ մէջ:
Փառատօնի առաջին օրը կազմակերպուած է իտալացի նշանաւոր դերասանուհի Օրնելլա Մութիի հանդիպումը լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն եւ երկրպագուներուն հետ:
Որպէս «Ոսկէ Ծիրան»էն հայ շարժապատկերի գործիչներուն մատուցուող յարգանքի տուրք՝ Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ, շարժապատկերի հայ անուանի այլ գործիչներուն անունը կրող աստղերուն կողքին, 90ամեակին առիթով բացումը կատարուած է շարժապատկերի բեմադրիչ Հենրիկ Մալեանի յիշատակը յաւերժացնող աստղին: Անիկա յուշաստղերու շարքին վեցերորդն է:
Արարողութեան յաջորդած էր «Ոսկէ Ծիրան» 12րդ փառատօնի բացման ժապաւէնի՝ ֆրանսահայ բեմադրիչ Ռոպեր Կէտիկեանի «Խենթին Պատմութիւնը» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը: Ժապաւէնը, որուն համաշխարհային շնորհահանդէսը տեղի ունեցած է այս տարուան Քաննի փառատօնի արտամրցոյթային ծրագիրով, մասնակիօրէն կ՛անդրադառնայ Ցեղասպանութեան նիւթին եւ կը պատմէ 1970-80ական թուականներուն Ցեղասպանութենէն վերապրածներու սերունդին մասին:
Շարժապատկերի փառատօնի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած է երեկոյեան, Ալ. Սպենդիարեանի անուան Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ. անուանի հիւրերը, մրցութային եւ ոչ մրցութային ծրագիրներուն մասնակիցները անցած են կարմիր գորգով: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային փառատօնի հիմնադիր տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեան, արդէն տասը տարի է փառատօնի գլխաւոր գործընկեր կազմակերպութեան՝ «Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան: «Մեծ կինոյով, եւ ընդհանրապէս՝ արուեստով, հայերս հաւասարը հաւասարի կանգնում ենք մշակութային ազգերի կողքին: Այսօր անչափ կարեւոր է ցուցադրել մեր կինոմշակոյթը եւ վերջինիս միջոցով՝ մեր ձգտումները, աշխարընկալումն ու ինքնութիւնը: «Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.»ի համար «Ոսկէ Ծիրան»ի առաքելութիւնը չի սահմանափակւում կինոմատոգրաֆիկ նշանակութեամբ. կինոփառատօնը կարեւոր քայլ է աշխարհի մշակութային քարտէզի վրայ Հայաստանի ուրոյն տեղն ամրապնդելու ուղղութեամբ: Տասնամեայ մեր ընկերութիւնն արդէն տասներորդ անգամն է աջակցում «Ոսկէ Ծիրան» կինոփառատօնին», յայտնած է ան։
Այնուհետեւ ներկայացուած են մրցութային ծրագիրին մէջ ընդգրկուած ժապաւէնները, ինչպէս նաեւ դատական կազմը: Բացման արարողութիւնը յատկանշուած է շարժապատկերի աստղեր Օրնելլա Մութիի եւ Նասթասեա Քինսքիի «Փարաջանովեան թալեր» մրցանակի յանձնման արարողութեամբ:
Փառատօնի առաջին օրը ստացած է իւրայատուկ երանգ եւ տրամադրութիւն՝ զուգադիպելով Վարդավառի տօնին:
Որպէս փառատօնի գլխաւոր գործընկեր՝ 10 տարիներու ընթացքին «Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.»ը փառատօնի իրականացման նպատակով յատկացուցած է աւելի քան 1.2 միլիառ դրամ: «Ոսկէ ծիրան» միջազգային 12րդ շարժապատկերի փառատօնի կազմակերպման համար ընկերութիւնը տրամադրած է 150 միլիոն դրամ: