ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիտալի Բալասանեան Արցախի հանրային պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարեց, որ Արցախը պիտի ունենայ աւելի արդիական, աւելի մարտունակ զինուած ուժեր:
«Որեւէ մէկի մտքով թող չանցնի, որ Արցախը չի ունենալու զինուած ուժեր: Արցախը երբեք չենք թողնելու որեւէ մէկի գրկում, Արցախը լինելու է որպէս անհատական, որպէս հայկական», նշեց Բալասանեան:
Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին վերաբերող հարցերուն: Բալասանեան շեշտեց, որ բոլոր հարցերը պէտք է լուծուին քաղաքակիրթ ճամբով, եւ Արցախը այս հարցին մէջ պիտի օգնէ Հայաստանին։