ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Մեր կողմերը՝ Քեսապ, թռչնորսի ամենէն արդիւնաւէտ միջոցը եղած է որսորդական խէժը (բարբառ՝ տիէխպ․՝արաբ,՝ թըփըխ)։ Խէժը կը պատրաստէին տեղբ կոչուող պտուղէն, որ կ՛ըլլայ ողկուզաձեւ, հատիկները՝ կեռասի չափով, հասունը՝ դեղին։ Ծառը կը կոչուի տեղբենի (տըխպինա), տնկովի է, կ՛աճի միայն ծովափնեայ ջրառատ տեղերը, ինչպէս՝ Քեսապի մօտիկ թուրքմէն Պետրուսիա եւ Ֆագը Հասան ջրառատ գիւղերուն մէջ։ Գարատուրանի ծովափին միայն երկու ծառ կար, մէկը Գապի աղբիւրի առուին եզրին, միւսը՝ զօրանոցի բակին մէջ։
Որսորդական տեղբ ունենալու համար ամենէն առաջ կը պատրաստէին շուրջ 40 սմ․ երկարութեամբ, ճկոյթի հաստութեամբ ուղիղ ոստեր՝ ուռեր, (բարբառ՝ օռ)։ Ուռերը կը կտրէին ուռենիի (սա «լացող ծառը» չէ, ունի ուղղաձիգ ոստեր) կամ վայրի Ճդնիի եւ մրտենիի թուփերէն, կը քերթէին ու կը խանձէին կրակի վրայ, կը մաքրէին ու ամրօրէն կը փնջէին, որպէսզի չծռին։
Պտուղը կը հասուննայ Օգոստոսի կէսին, երկրորդ ծաղիկը պտուղ կու տայ Հոկտեմբերին։ Քաղուած պտուղը կը կշռեն․ մէկ «լէտըր»ը 4 քիլո է։ Ձայն կը տրուի թաղի մարդոց ու տղոց, որ գան «տեխպ թքնիլը»։ Այդքան ալ հաճելի բան չէ, բայց որս ընելու եւ որսը ճաշակելու հմայքը այնքան մեծ է որ․․․ սիրով կը մասնակցին։ Ասոնք կը նստին տաշտին շուրջ, պտուղը կեղեւէն դուրս հրելով կը դնեն բերնին մէջ․ մարդ բերնին մէջ հազիւ ափ մը պտուղ կրնայ բաւեցնել, կը ծամեն, կը ծամեն ու կուտով միասին կը թքեն տաշտին մէջ։ «Տեղբը թքել»էն ետք չորս քիլո պտուղի խիւսին կը խառնեն 200 կրամ մեղր կամ նոյնքան մը պինդ շաքարաջուր։ Մեղրը նախընտրելի է, խէժին կպչունութիւնը երեք տարի կը պահէ։ Այնուհետեւ վարպետը ափով լաւապէս կը ծեծէ խիւսը, խմորի պէս կը վերցնէ՝ կը զարնէ յատակին, այնքան որ պտուղին կորիզը ամբողջապէս լերկանայ, ապա մէկ քիլ բռնատեղ ձգելով ուռերուն վրայ՝ խիւսը կը փաթթէ ուռին վրայ ու կը յանձնէ օգնականներուն, որոնք պատին վրայ կեցած՝ ուռի կոթը երկու ափերուն մէջ արագօրէն կը տարուբերեն․ այս շարժումէն պտուղին հունտերը մէկիկ-մէկիկ կը թափին, կ’իյնան պատն ի վար։ Ապա ուռերը կը տնկեն զամբիւղի մը բերանը կամ կը յենեն պատի մը եւ երկու-երեք օր կը ձգեն արեւուն տակ։ Այլեւս կարելի է գործածել, մատ դպցնես՝ կը փակի կը մնայ։
Չորս քիլո պտուղը պզտիկ թռչուններուն համար 12-14 ուռ կը շինէ, իսկ միջակ մեծութեամբ թռչուններուն համար․՝ 8-9 ուռ։
Ուռերը կը փնջեն ու կը դնեն ուռենիի կամ մրտենիի ոստերով կամ եղեգով հիւսուած կապարճին մէջ (տըխպէմուն)։ Տեղբաման, կողով, զամբիւղ հիւսող վարպետներ կային շրջանին մէջ։ Խէժը առաջին տարին մեղրագոյն կ’ըլլայ, ապա հետզհետէ կը սկսի սեւնալ, մանր թռչուններու համար կը գործածուի մինչեւ երեք տարի։
Տեղբը արեւելեան հովուն չի բռներ, կը կորսնցնէ իր կպչունութիւնը, «կը սապունի» իսկ ցօղի տակ կամ նոյնիսկ թաց թուփերու վրայ՝ կը թափի, կը հոսի, կը փճանայ։ Կայ խէժին կէնչօկ (կանաչ) տեսակը, որ ամէն եղանակի կը բռնէ։ Լաթաքիոյ կողմերէն կը բերեն։
Տեղբով որսորդութիւնը կ’ըլլայ երկու ձեւով․՝ հիյեիլէօտը կամ պագլամա (հայելով՝ նայիլ սպասելով) եւ քշշիլէօտը (քշելով)։ Առաջին պարագային ուռերը կը փռեն առուի մը եզերքը, կամ թզենիի, բեւեկնիի կամ դափնիի մը վրայ, ուր թռչուններ ջուրի կամ կերի կ’իջնեն։ Այդպիսի վայրերը որսորդները գոց գիտեն, ու մութնուլուսուն կ՛երթան տեղը գրաւելու։ Որսի վայրը հասնելով՝ որսորդը ուռերու փունջէն դանակով ուռերը մէկիկ-մէկիկ կը բաժնէ ու կը տեղաւորէ՝ «կը լարէ» ճիւղէ ճիւղ, քարէ քար կամ կը տնկէ գետինը կոթին կողմէ։ Ասոր տեղբը լարել կ՛ըսեն։ Որսորդը կը պատկերացնէ, թէ կերի կամ ջուրի իջնող ծիտերը (չըտտիրը) ուր կ՛իջնեն, ուր կը թռչկոտին ու կը թառին։ Ուռին վրայ թառողը կը կախուի գլուխն ի վար, կը մնայ։
Որսորդը ժամը մէյ մը կ’երթայ կախուած թռչունները հաւաքելու։ Երբեմն կախուած թռչունին քով բազէ մըն ալ կը պատահի, որ թռչունը որսալու համար սուրալով ինկեր է նոյն թակարդին վրայ, նոյնիսկ օձ, մողէս․․․։ Որսը ազատելէ ետք՝ ան ուռը շրթունքներուն միջեւ դնելով՝ խածնելով կը մաքրէ փետուրէ ու խեշերանքներէ ու ետ իր տեղը կը դնէ։ Որսի աւարտին տեղբը կը հաւաքէ, կը փնջէ ու տեղբամանին մէջ դնելով կը զարնէ ուսին ու տուն կը դառնայ «խամոց մը» որս կախած գօտիէն։
Քըշշիլէօտ որսը առանձին չ՛ըլլար։ Որսորդը մէկ կամ աւելի օգնականներ կ’ունենայ։ Կամ քանի մը որսորդներ համաձայնաբար միասին որս կ’ընեն։ Ուռերը «կը լարեն» յատուկ տեղ մը, որ ուրագ (գ՝ ق) կը կոչուի։
Ուրագը ձորին բերանը կամ անտառին բարձրադիր մէկ տեղը թփուտ մըն է, ուր որսի եղանակէն առաջ որսորդներ թուփերուն մէջ պահարանի պէս յօտած կ’ըլլան՝ ուռերը տեղաւորելու համար։ Թփուտի ճակատային մասը պատին բացուած հաւաբոյներու տեսք կ՛ունենայ։ Տեղբը լարելէ ետք ձորը վարի ծայրէն, երկու կողմերէն «կը քշեն» այսինքն աղմկելով-քարկոծելով թռչունները կամաց-կամաց կը մղեն դէպի ուրագ։ Մեծ աղմուկի վախէն թռչունները շատ կը բարձրանան եւ ուրագ չեն մտներ։ Այդ գործողութիւնը կ՛ընեն կամաց-կամաց, թռչունները թուփէ թուփ առաջ մղելով։
Որոշ եղանակներու տեղբով որսը իրօք արդիւնաւէտ կ’ըլլայ։ Որսորդը իւրաքանչիւր ուռէն մէկ, երբեմն քանի մը թռչուն «կ’ազատէ»։ Բռնուած թռչունները կը մորթէին, խեղդելը մեղք կը նկատուէր։ Փոքրիկ որսորդներ դառն զգացումներ կ՛ունենան այդ պահուն, թռչունը մորթե՜լ․․․։ Օգոստոսէն Հոկտեմբեր տեղբով կը բռնէին գլխաւորաբար մանր թռչուններ՝ թըզկա (թզկի), բըվկա (բեւեկի), կաղնիկա (կաղնկի), համպըրէշ (կարմրապոչիկ), սնծըսգէնիկ (սնձոսկենիկ․՝ դեղնականաչ ու փոքրիկ), պաշշաղա (փոքրիկ․՝ բազէանան), գարգավուն (երգեցիկ ու մեծկակ), քիսիվար (գունագեղ, զօրաւոր կարճ կտուցով), ըղտը չըտտէկ (ուղտածիտիկ), մկըն չըտտէկ (մկնածիտիկ), սիվ գըլօխ (սեւ գլուխ), կէրմէր գըլօխ (կարմիր գլուխ), երբեմն աւելի մեծերը․՝ գարգավուն, պաշշաղա, դըղէն պլպէօլ (դեղին սոխակ), ալապըլպէօլ (սեւ․՝ արաբ սոխակ), պըրը խուրուզօկ (յոպոպ), խիէվ (խիւ)։ Բայց ամենէն սպասուածը Նոյեմբերէն ետք կ՛ըլլար։ Ոմանք նոր տեղբը կը պահէին այս օրուան։ Հոկտեմբերէն ետք շրջան կը մտնէին ընդհանրապէս միջակ մեծութեամբ թռչուններ․՝ գարթավօգ (թխսարեկ), սումուն, ճըռռիէգ (ճոռակ) ու մանրերէն․՝ համպէկ (կարմրալանջ)։ Առատ կեր կ՛ըլլար անոնց համար՝ դափնիի պտուղ, մուրտ եւ այլն։ Թխսարիկը շատ աղմկոտ սեւ թռչուն է, բռնուելու պարագային շատ կ՛աղմկէ ու ատիկա պատճառ կ՛ըլլայ, որ միւսերը բարձրէն թռին, ուրագ չելլեն։ Ամենէն յարգին սումունը կը նկատուի։ Ճոռակները երամով կ՛անցնին ու կը թառին տերեւաթափի ենթարկուած հսկայ կաղնիներու ծայրը։ Ոմանք այս ցուրտին ու հովուն չէին հրաժարեր այս բարձրութեան վրայ տեղբ լարելէ։ Որսորդութիւնը ամէն պարագայի արկածախնդրութիւն է։ Ոմանք ինկած գլորած են, ջարդած ձեռք ու ոտք։
Որսը երբեմն առատ կ՛ըլլար, բայց նորէն ալ որսի սիրահարներուն համար կ՛ըսէին․ «Զէտկըվին գըրընթէն շէօն չըկըշտէցընիր» (՚Զատկուան սեղանի աւելցուքը շուն չի կշտացներ)։ Խորովածի բոյրը ամբողջ թաղը կը լեցնէր։ Տղոց բերնէն շողիք կը վազէր։
– Հոգ մի ըներ,- կ՛ըսէր հայրը,- գալ տարի, Աստուած ուզէ, տեղբ պիտի պատրաստեմ։
Գիւղ տեղ՝ առանց տեղբի պիտի չըլլար։