Լիբանանեան իշխանութիւններուն դէմ երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին բռնկեցաւ բողոքի բուռն ցոյց մը, որ սկսաւ Պէյրութէն եւ հասաւ մինչեւ Պեքաա, հիւսիս եւ հարաւ, եւ տեւեց մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը:
Կառավարութեան գումարած նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ կառավարութիւնը նախանցեալ օր որոշած է «Ուաթսափ»-ի հեռաձայնային հաղորդակցութեան գործածութեան համար օրական 20 սենթ տուրք վաւերացնել: Ան նշեց, որ այդ առաջարկը եկած է հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարէն` աւելցնելով, որ այդ տուրքին շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ 200 միլիոն տոլարի շահ ապահովել:
Այս մասին հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Մոհամետ Շքէյր նշեց, որ օրական 20 սենթի տուրքը պիտի ներառէ «Ուաթսափ»-ը եւ այն յաւելուածները, որոնք կ՛օգտագործուին հեռաձայնային հաղորդակցութեան համար, ինչպէս` «Ուաթսափ», «Ֆէյսպուք», «Ֆէյսթայմ», «Սնեփչեթ» եւ «Վայպըր», նոյնիսկ մէկ հաղորդակցութեան պարագային:
«Ուաթսափ»-ի գործածութեան համար օրական 20 սենթը, այսինքն` ամսական դրութեամբ 6 ամ. տոլարի տուրքը բողոքի ցոյցեր բռնկեցուց Պէյրութի մէջ:
Ցոյցերը սկսան Ռիատ Սոլհ հրապարակէն, ապա հասան Ռինկի կամուրջ` փակելով դէպի Համրա տանող ճամբան:
Բողոքի ցոյցեր կատարուեցան նաեւ Նահատակաց հրապարակին վրայ եւ Սայֆիի առջեւ:
Սայտայի մէջ եւ Մասնաայի սահմանին մօտ եւս արձանագրուեցան բողոքի ցոյցեր, ինչպէս նաեւ հրկիզուած անիւներով փակուեցաւ Մշարրաֆիէ-Ղպայրի ճամբան:
Ցուցարարները կոչ ուղղեցին ժողովուրդին իր վրայ պարտադրուած տուրքերը չվճարելու եւ քաղաքացիական անհնազանդութիւն յայտարարելու` ընդդէմ լիբանանեան իշխանութիւններու փտածութեան:
Երեկոյեան ժամը 9:00-ին, բողոքի ցոյցեր կատարուեցան Կեդրոնական Պէյրութի փողոցներուն մէջ:
Կեդրոնական Պէյրութէն անցնող նախարարի մը շքախումբը օդին մէջ կրակեց` ցուցարարներուն քովէն անցնելու ընթացքին:
Քիչ անց ցուցարարներ հաստատեցին, որ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Աքրամ Շեհայէպի թիկնապահներն են, որոնք օդին մէջ կրակած են` իրենց քովէն անցնելու ընթացքին:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ նախարար Աքրամ Շեհայէպէն պահանջեց օդին մէջ կրակած իր թիկնապահները յանձնել պատկան իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ պահանջեց թափանցիկ հետաքննութիւն բանալ:
Ցուցարարները ուղղուեցան Կեդրոնական դրամատուն, ուր շարունակեցին իրենց բողոքի նստացոյցը:
Ապա Ռիատ Սոլհի մէջ մեծ թիւով ցուցարարներ պահանջեցին տուրքերու ջնջումը:
Ցուցարարները փակեցին նաեւ Պէյրութի միջազգային օդակայան տանող ճամբաները:
Երեկոյեան ժամը 10:00-ին Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ բախումներ արձանագրուեցան:
Վարչապետարանին մօտակայքը համախմբուած ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ բախումներ արձանագրուեցան:
Այդ բախումները հետզհետէ աւելի բուռն դարձան, իսկ առաւօտեան ժամը 3:15-ին հասան իրենց գագաթնակէտին, երբ Ներքին ապահովութեան ուժերէն բացի ցուցարարները բախումներ ունեցան նաեւ լիբանանեան բանակին հետ: Ցուցարարները մօտեցան վարչապետարանին, ինչ որ մղեց, որ Ներքին ապահովութեան ուժերը արցունքաբեր կազեր արձակեն անոնց դէմ:
Ցուցարարները քարկոծեցին Ներքին ապահովութեան ուժերը եւ երկաթներով յարձակեցան անոնց վրայ` վիրաւորելով 40 ոստիկաններ:
Ցուցարարներ հրկիզեցին նաեւ Կեդրոնական Պէյրութի մէջ Մոհամետ Ամին մզկիթին մօտակայքը գտնուող նորակառոյց շէնքերը:
Հակառակ անոր որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Մոհամետ Շքէյր յայտնեց, որ «Ուաթսափ»-ի հաղորդակցութեան մասին տուրք պարտադրելու առաջարկը ջնջուած է եւ բնաւ պիտի չքննարկուի կառավարութեան կողմէ, ցուցարարները շարունակեցին մնալ փողոցը եւ շարունակեցին փակել ճամբաները` հրկիզուած անիւներով: Անոնք հաստատեցին, որ փողոցէն պիտի չհեռանան, մինչեւ որ կառավարութիւնը եւ իշխանութիւնները հրաժարին:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ուշ գիշերին յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է եւ անոր առաջարկած կառավարութենէն միասնաբար հրաժարիլ:
Քաղաքացիական ընկերութիւնը ներկայացնող միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ կոչ ուղղեցին ցուցարարներուն մնալու փողոցը, մինչեւ կառավարութեան հրաժարականը:
Երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ հրաժարելու կոչ ուղղեց կառավարութեան եւ նախարար Հասան Մրատի:
Կէս գիշերին, կրթութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ յայտարարեց, որ դպրոցներն ու համալսարանները այսօր փակ պիտի մնան:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա վաղը` շաբաթ, 19 հոկտեմբեր 2019-ին, կէսօրէ առաջ պատկերասփռուած ճառի մը ընդմէջէն պիտի անդրադառնայ լիբանանեան ներքին իրադարձութիւններուն:
Դրամատուներու միութիւնը հերքեց այն լուրը, թէ այսօր դրամատուները փակելու իմաստով վարչապետ Հարիրիէն ցուցմունքներ ստացած է, սակայն աւելի ուշ հաստատեց, որ դրամատուները այսօր փակ պիտի մնան:
Երեսփոխան Ուսամա Սաատ մասնակցեցաւ Սայտայի մէջ տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերուն, իսկ ցուցարարներ հրկիզեցին Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատի գրասենեակին մուտքը, ինչպէս նաեւ յարձակեցան Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսիի գրասենեակին վրայ` պատճառելով նիւթական վնասներ:
Ցուցարարներ հրկիզուած անիւներով փակեցին Ժեհիթայի ճամբան, Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբան, Զուք Մքայէլի մայրուղին, Ժիպէյլի մայրուղին, Ժիէի մայրուղին, Աքքարի մայրուղին, Տորա-Նահր Մոթ-Ժալ էլ Տիպ մայրուղին:
Ցուցարարները ներխուժեցին Նապաթիէի քաղաքապետարան, իսկ Թրիփոլիի մէջ անոնք ներխուժեցին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան գրասենեակը:
Ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի տակաւին յստակ որոշում չէ տուած` հրաժարելու մասին: Ան աւելցուց, որ վարչապետ Հարիրի այս իմաստով այսօր խօսք մը պիտի արտասանէ:
Առաւօտեան ժամը 2:00-ին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ երեկոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է վարչապետ Հարիրիի եւ Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ առաւօտ, որպէսզի կարելի ըլլայ բոլոր դաշնակիցներուն հետ համադրել եւ լաւագոյն լուծումով դուրս գալ այս կացութենէն:
Նշենք, որ կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց նիստ մը` գլխաւորութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 36 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Նիստէն ետք նախարար Ժարրահ յայտնեց, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է սահմանային ռազմավարութեան, որուն նպատակն է Լիբանանի եւ անոր դրացի երկիրներուն հետ սահմաններու պաշտպանութիւնը:
Այս մասին, աշխատանքի նախարար Քամիլ Պու Սլէյման յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը դէմ արտայայտուած է այդ ռազմավարութեան, սակայն պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ ընդգծեց, որ այդ ռազմավարութիւնը համախոհութեամբ վաւերացուած է:
Նշենք, որ վարչապետ Հարիրի կառավարութեան նիստէն ետք գումարեց ելեւմտական յատուկ նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան որդեգրուելիք հարկային միջոցառումները:
Հիմնականօրէն քննարկուեցաւ Յաւելեալ արժէքի տուրքը մէկ առ հարիւրով, իսկ պենզինի թիթեղին սակը երեք առ հարիւրով բարձրացնելու կարելիութիւնը:
Նիստին ներկայ գտնուեցան նախարարներ Ալի Հասան Խալիլ, Ժըպրան Պասիլ, Մոհամետ Ֆընէյշ, Եուսեֆ Ֆընիանոս եւ Ուաէլ Պու Ֆաուր: Նիստէն բացակայեցան Լիբանանեան ուժերուն նախարարները:
Կառավարութիւնը երէկուան իր նիստին չշարունակեց 2020-ի պետական ամավարկի քննարկումը, սակայն այսօր կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին ան պիտի գումարէ պետական ամավարկի քննարկման իր վերջին նիստը:
Երեկոյեան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին որոշեցին կառավարութեան այսօրուան նիստը Պաապտայի մէջ գումարել: