Պաղեստինեան պետութեան ճանաչման օրակարգը ներկայացուած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի սեղանին վրայ: Իսրայէլեան պետութեան ճանաչումէն վաթսուն տարի ետք, Արեւմտեան Ափն ու Կազան բռնագրաւելէ 45 տարի ետք, Միջին Արեւելքի խաղաղութեան բանակցութիւնները մեկնարկելէ քսան տարի ետք, Միացեալ Նահանգներու վեթօն պաղեստինցի ժողովուրդը կը զրկէ ՄԱԿ-ի լիիրաւ անդամը դառնալու արդար իրաւունքէն: Այստեղ շատ հաւանաբար, հայ բանաստեղծին պիտի միանային շատեր, թքելու ամերիկեան կերպարով ներկայացող արդարութեան երեսին:
Մօտաւորապէս տարի մը առաջ, նախագահ Պարաք Օպամա խոստացաւ նոր թափ ներշնչել իսրայէլապաղեստինեան բանակցութիւններուն գործընթացին եւ մինչեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր 66-րդ նստաշրջանի նիստերը պարարտ հողի վրայ մշակել ու պատրաստել պաղեստինեան պետութեան ճանաչման թղթածրարը: Այդ նպատակով, ան Միջին Արեւելք առաքեց Ճորճ Միչըլը: Բրիտանական կառավարութեան եւ Իրլանտայի Հանրապետական Բանակին “յ. Ար. Էյ.” միջեւ երկարաշունչ եւ սակայն արդիւնաւէտ բանակցութիւններ վարող ամերիկացի հմուտ դիւանագէտը, իր բազմամեայ փորձառութիւնը գործի լծելով հանդերձ, անզօր եղաւ յառաջընթաց արձանագրելու իսրայէլապաղեստինեան գործընթացին մէջ: Միչըլ հրաժարեցաւ իր առաքելութենէն, երբ վերջնականապէս համոզուեցաւ, թէ իսրայէլացիները ետդարձ պիտի չկատարեն արաբական բռնագրաւեալ հողերու վրայ բնակութեան միաւորներ կառուցելու ծրագիրէն: Միչըլի հրաժարականէն ետք, Նեթանիահու յաղթական այցելութիւն մը տուաւ Ուաշինկթըն Ներկայացուցիչներու Տան եւ Ծերակոյտի անդամներուն առջեւ յայտարարեց, թէ Թել Աւիւ պիտի շարունակէ բնակութեան ծրագիրները: Նեթանիահու կ’առարկէ, թէ պաղեստինցիները կը մերժեն ճանչնալ իսրայէլեան պետութիւնը£ Այս մէկը չի համապատասխաներ ճշմարտութեան£ 2002-ին, Պէյրութի մէջ կայացած Արաբական Գերաստիճանը, Սէուտական Արաբիոյ նախաձեռնութեամբ յստակ առաջարկ մը ներկայացուց Իսրայէլին բռնագրաւեալ հողերէն հեռացման փոխարէն դիւանագիտական ամբողջական փոխյարաբերութիւններու հաստատում: Իսրայէլ մերժեց արաբական նախաձեռնութիւնը: Իսրայէլ նաեւ կը մերժէ 1967-ի սահմաններով պաղեստինեան պետութեան մը գոյառումը: Իսրայէլ կը շարունակէ շրջափակումի տակ ՙխեղդել՚ Կազան, Իսրայէլ կը շարունակէ բռնագրաւել հարաւային Լիբանանի կարեւոր մէկ հատուածը, Կոլանը…:
Ուաշինկթըն ոչ միայն վեթոյով կը սպառնայ պաղեստինցիներու դիմումին, այլեւ ճնշում կը բանեցնէ Ապահովութեան Խորհուրդի մնայուն եւ ոչ մնայուն անդամ պետութիւններուն վրայ, որպէսզի վերջիններս դաւաճանէն արդարութեան ձայնին…:
Եւ այս մաքիաւելական քաղաքականութիւնը պաշտպանելով Մ. Նահանգներու պետական քարտուղարուհին ՙպատմութեան ճիշդ կողմը կենալու յորդորներ կու տայ Միջին Արեւելքի արաբական աշխարհի ղեկավարներուն: Ո՞վ կ’երաշխաւորէ, որ պետական քարտուղարուհին կեցած է պատմութեան ճիշդ կողմը եւ կամ որոնք են ՙճիշդ՚ կողմը կենալու չափանիշները…:
Քորէայի, Վիթենամի պատերազմներէն սկսեալ Ուաշինկթըն կեցած է պատմութեան սխալ կողմը, հարստահարելով ու ստրկացնելով աշխարհի ժողովուրդները, իւրացնելով անոնց բնական հարստութիւնները: Երկրագունդի բնական հարստութիւններուն վրայ ձեռք դնելու նպատակով, Ուաշինկթըն գարնանային ու ամառնային սենարիոներ կը պատրաստէ Երրորդ Աշխարհի ժողովուրդներուն: Բռնութիւն եւ ահաբեկչութիւն տարածելով ժողովրդավարութեան դասեր կու տայ աջուձախ: Ուաշինկթըն հետապնդած գաղութատիրական նկրտումները եւ քարոզած ժողովրդավարութիւնը իրարու անյարիր տեսլականներ են, առ այսօր: Զոհերու թիւը, ժողովուրդներու արդար þապանջները ոչինչ կը ներկայացնեն Ուաշինկթընի համար: Հիմնականը աշխարհի բնական հարստութիւններուն վրայ ձեռք դնելու նկրտումն է Ուաշինկթընի համար, իսկ իրաւունքներու պաշտպանութիւնը պայմանաւորուած է անոր շահերով:
Պաղեստինցի ժողովուրդը կը սպասէ արդարութեան: Ուաշինկըթն, մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակէ ստրկական ու բռնութեան տակ նուաստացնել արաբական աշխարհի ժողովուրդները: Պաղեստինեան հարցը կը մնայ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան բանալին: Բռնատիրութեան ու քաղաքական ահաբեկչութեան մեղսակիցը չի կրնար միաժամանակ արդարութեան պահանջատէր դառնալ: Պաղեստինցիները կը սպասեն արդարութեան պահուն:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
www.araraddailynews.com