ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- 10 Յունուարին հրապարակուած եւ ամերիկացի ճամբորդներուն առնչուող նոր զգուշացումներուն մէջ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Արցախ չայցելելու կոչ ըրած է իր քաղաքացիներուն, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ հոն յաճախակիօրէն կ՛արձանագրուին զինեալ եւ նոյնիսկ հրթիռային ընդհարումներ։
Նաեւ, զգուշացումներուն մէջ կը յանձնարարուի հեռու մնալ յատկապէս սահմանային շրջաններէն եւ կը շեշտուի, որ ամերիկեան կառավարութիւնը կարելիութիւնը չունի Արցախ գտնուող ամերիկացի քաղաքացիներուն օգնութեան հասնելու, որովհետեւ ամերիկացի պաշտօնատարներուն արգիլուած է Արցախ մուտք գործել՝ ակնարկելով Արցախ չայցելելու Պաքուի ազդարարութեանց։
Յատկանշական է, որ Արցախի մասին զգուշացումները տեղադրուած են թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի յատկացուած բաժիններուն մէջ։