«Կան տարբեր կեդրոններ, որոնք շահագրգիռ են, որ Հայաստան-Ազրպէյճան բանակցութիւնները շարունակեն շինիչ կերպով, մենք ուրախ ենք տեսնելու այդ ջանքերը եւ կառուցողական կերպով տարբեր հարթակներու վրայ կը մասնակցինք այդ բանակցութիւններուն», Ազգային ժողովին մէջ 2023-ի ամավարկի քննարկման ընթացքին ըսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան:
«Քանի մը օր առաջ Սոչիի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Ազրպէյճան-Ռուսիա եռակողմ հանդիպում, քանի մը օրէն պիտի մեկնիմ Ուաշինկթըն, այնտեղ տեղի պիտի ունենայ իմ, պարոն Պայրամովի եւ Պլինքընի հանդիպումը», ըսաւ Միրզոյեան` աւելցնելով, որ աշխուժ հոլովոյթները կը վկայեն հարցին նկատմամբ միջազգային ուշադրութեան գոյութեան մասին: