ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- «Ամերիկայի Ձայն»ի հայկական ծառայութիւնը շարք մը հարցումներ ուղղեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին Շուշի այցելելու՝ Պաքուի նախաձեռնութիւնը մերժելուն եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին այցելութեան ընթացքին Արցախի հարցը քննարկելու առնչութեամբ:
«Մենք չենք մեկնաբաներ դեսպանի ժամանակացոյցին վերաբերող մանրամասնութիւնները կամ այն պատճառները, թէ ինչո՛ւ ան մասնակցած է կամ չէ մասնակցած որեւէ ձեռնարկի: Մենք կը հասկնանք, որ Պաքուի մէջ գոյութիւն ունին բազմաթիւ դիւանագիտական առաքելութիւններ, որոնք ի վիճակի չեն եղած մասնակցելու Ֆիզուլի եւ Շուշի այցելութեան: Մենք չենք մեկնաբաներ Ֆրանսայի կամ Ռուսիոյ դեսպաններու ժամանակացոյցին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ: Պիտի խնդրենք, որ դիմէք Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ դեսպանատուներ՝ իրենց դեսպաններուն վերաբերեալ մանրամասնութիւններու համար», պատասխանեց նախախութիւնը, հետեւելով Մոսկուայի եւ Փարիզի օրինակին:
Անդրադառնալով վերջերս Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Պլինքընի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լը Տրիանի հանդիպումին ընթացքին Արցախի հարցի լուծման հոլովոյթի քննարկման մասին հարցումին՝ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մատնանշեց ֆրանսական կողմին հրապարակած տեղեկատուութիւնը, ըստ որուն, Ուաշինկթընի մէջ Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական գերատեսչութիւններու ղեկավարներու հանդիպման ընթացքին, կողմերը՝ իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահներ, խօսեցան միացեալ քայլերու մասին, որոնք պիտի օգնեն հասնելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութեան:
«Խորապէս մտահոգ ենք անցեալ աշնան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տագնապի վերսկսման ազդեցութեամբ եւ յստակօրէն կը գիտակցինք շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող մարդասիրական կարիքներուն մասին», նշեց նախարարութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ իր աջակցութիւնը յայտնեց ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ խաղաղ լուծման՝ շեշտելով. «Միացեալ Նահանգները կը սատարէ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հոլովոյթին եւ հաւատարիմ է կողմերուն օգնելու՝ հասնելու տագնապի մնայուն լուծման՝ հիմնուելով Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրի՝ ուժի չկիրարկման կամ ուժի սպառնալիքի չկիրարկման, տարածքային ամբողջականութեան, հաւասար իրաւունքներու եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքներուն վրայ»: