Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն եւ Անգարա երկկողմ յարաբերութիւնները բարելաւելու քայլեր կ՛առնեն

April 7, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Ուաշինկթըն եւ Անգարա երկկողմ յարաբերութիւնները բարելաւելու քայլեր կ՛առնեն

ԿԸ ՔՆՆՈՒԻ ՆԱԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԸ

ԱՆԳԱՐԱ, «Ազատութիւն»․- Ամիսներ տեւած բանակցութիւններէ ետք, Ուաշինկթըն եւ Անգարա այս շաբաթ յայտարարեցին, թէ երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւնը կարելի եղած է յաղթահարել,  պատրաստակամութիւն յայտնելով այսուհետեւ կեդրոնանալու տնտեսական եւ ռազմական ոլորտներուն մէջ համագործակցութիւնը սերտացնելու ջանքերուն վրայ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուած միացեալ յայտարարութեան մէջ կը շեշտուի, որ Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգները կը ջանան   երկկողմ համագործակցութիւնը ընդարձակել, «Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտընի` Հոկտեմբեր 2021ին Հռոմի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին ստանձնուած պարտաւորութիւններուն համաձայն»։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սետաթ Էօնալ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Վիքթորիա Նուլընտ այս ծիրին մէջ Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ բանակցեցան այս շաբաթ: Կողմերը քննեցին երկու երկիրներուն համար փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող նիւթեր, ներառեալ տնտեսական եւ պաշտպանական համագործակցութիւնը, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ համաշխարհային հարցեր:

Կողմերը նաեւ ընդգծեցին իրենց հաւատարմութիւնը Ուքրանիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ:

Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգները այս տարի կը նախատեսեն երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հանդիպում մը իրականացնել:

Թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները վատթարացած էին շարք մը հարցերու, որոնց կարգին` Անգարայի կողմէ ռուսական սպառազինութեան ձեռքբերման, Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ արեւելեան Միջերկրականի մէջ տարակարծութիւններու պատճառով:

Ուաշինկթըն պատժամիջոցներ հաստատած է թրքական պաշտպանական արդիւնաբերութեան դէմ եւ դաշնակից Անգարան դուրս ձգած «Էֆ․ 35» ռազմական օդանաւերու արտադրութեան  ծրագիրէն:

«Արմէնփրէս»ը` յղում կատարելով թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն հանդիպում ունեցած է Նուլընտի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են շրջանային հարցեր, յատկապէս Ռուսիա-Ուքրանիա յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր:

«Նախագահական պալատին մէջ Իպրահիմ Քալընի եւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքական հարցերու փոխքարտուղար Վիքթորիա Նուլընտի հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են շրջանային հարցեր, ինչպէս՝ Ռուսիա-Ուքրանիա պատերազմը, Սուրիան, Ատրպէյճանը, Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները, Իսրայէլը, ուժանիւթային ապահովութիւնը, պաշտպանական համագործակցութիւնը, գնահատուած են երկկողմ քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Previous Post

«Կոչ կ’անեմ մեր հայրենակիցներին պատասխանատուութիւն ստանձնել սեփական ապագայի նկատմամբ եւ մասնակիցը դառնալ որոշումների կայացմանը»

Next Post

Համահայկական հռչակագիրը եզակի փաստաթուղթ է. պետական մակարդակով հատուցման իրաւական թղթածրարը չէ պատրաստուած. դոկտ. Յարութիւն Մարութեան

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.