ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց տարածաշրջանային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ գործերու նորանշանակ փոխտեղակալ Էրիքա Օլսընի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Վարչապետը անդրադարձաւ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն, Հայաստանի մէջ իրականացուող ամերիկեան ծրագիրներուն, նաեւ բարձր գնահատեց Միացեալ Նահանգներու դերը՝ ընթացիկ տարուան Յունիսին Ատրպէյճանէն 15 հայ գերիներու վերադարձին մէջ:
Փաշինեան գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ Միացեալ Նահանգները այս ուղղութեամբ ջանքերը կը շարունակէ։
Զրուցակիցները քննարկեցին Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն, Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման, ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ջանքերուն, Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու, պատանդներու եւ պահուող այլ անձերու վերադարձի ապահովման եւ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներուն վերաբերող հարցեր:
Փաշինեան կարեւոր նկատեց ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան գործունէութիւնը, վերջերս Նիւ Եորքի մէջ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման կազմակերպումը եւ համանախագահներուն տարածաշրջան ակնկալուող այցելութիւնը։ Նիկոլ Փաշինեան լուսարձակի տակ առաւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող գերիներու վերադարձի անհրաժեշտութիւնը եւ շեշտեց, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ խախտել 9 Նոյեմբեր 2020ի յայտարարութեան համապատասխան կէտը: Ան անդրադարձաւ նաեւ տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու բացման ու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատումը եւ սահմանագծումը իրականացնելու կարելիութիւններուն` ներկայացնելով երկրին յստակ դիրքորոշումները:
Էրիքա Օլսըն հաստատեց Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը` նպաստելու տարածաշրջանին մէջ մարդասիրական հարցերու լուծման, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ Արցախի տագնապի համապարփակ լուծման: