ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- 14 Մարտին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր թուրք պաշտօնակից Մեւլուտ Չաւուշօղլուի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց. «Ուաշինկթըն Սուրիոյ մէջ ռազմակայաններ կը հաստատէ, եւ անկասկած կը փորձէ երկիրը մասնատել ու յաւիտեանս հոն տեղաւորուիլ: Այժմ աշխատանք կը տարուի Արեւելեան Ղութայի մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման սադրիչ գործողութեան մը վրայ»:
Իր կարգին Չաւուշօղլու յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ դրական տեղաշարժներ կը տեսնուին՝ աւելցնելով. «Սուրիոյ մէջ կան «Ճապհաթ Նուսրա»ի նման կազմակերպութիւններ, որոնց դէմ Ռուսիոյ հետ պէտք է պայքարինք: Մենք Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ կը զօրակցինք Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան»։
Ան նաեւ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նոր նախարարը պէտք է գիտակցի, թէ պէտք է յարգե՛լ Թուրքիան:
Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ իր կարգին մեկնաբանելով Ռեքս Թիլըրսընի պաշտօնազրկումը՝ ըսաւ. «Թուրքիոյ կեցուածքը յստակ է. ան մեծ կարեւորութիւն չ՛ընծայեր, թէ նոր արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօն ի՛նչ կը մտածէ իր մասին: Կը յուսամ, որ յառաջիկային առողջ յարաբերութիւններ կը կառուցուին»:
Նշենք, որ թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը գրած էր. «Իրանի հետ գոյացած համաձայնագիրին դէմ արտայայտուած Փոմփէօն Յուլիս 15ի զինուորական յեղաշրջման փորձին անմիջապէս յաջորդ օրը «Թուիթըր»ի վրայ Թուրքիան որակած էր «ամբողջատիրական իսլամական բռնապետութիւն»: Որոշ ժամանակ մը ետք ան ջնջած էր իր գրառումը»:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար զօր. Ճոզէֆ Վոթըլ յայտարարած է, որ Ռուսիան Սուրիոյ մէջ իր քայլերով սկսած է ազդելու թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ, ինչ որ կը մտահոգէ ամերիկեան կողմը:
«Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւններու ծիրին մէջ կ՛ուզեմ շեշտել դերը Ռուսիոյ, որ երկակի վարք կը դրսեւորէ եւ կը նպաստէ շրջանին մէջ մեր ռազմավարական գործընկերոջ հետ յարաբերութիւններու լարուածութեան աճին: Մենք անհանգստացած ենք Ռուսիոյ՝ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ստանձնած դերէն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւններուն վրայ այդ բոլորին ունեցած հետեւանքներէն», «Հիւրրիյէթ» թերթի թղթակիցին ըսած է ամերիկացի զօրավարը:
Նաեւ, Աֆրինի մէջ, Սուրիոյ կառավարութեան համակիր ուժերը Մարտ 14ին հակադարձած են իրենց շարքերուն մէջ 8 զոհ պատճառած թրքական ռմբակոծումին: Ռմբակոծուած են Հալէպի հիւսիսային գիւղական շրջանի Մարեհ գիւղին մէջ գտնուող թրքական ուժերուն դիրքերը:
Թրքական հրետանին եւ օդուժը նոյն երեկոյեան դարձեալ ռմբակոծած են Աֆրին քաղաքի կեդրոնը, իսկ թրքական բանակը կը յայտարարէ, որ արդէն պաշարած է Աֆրին քաղաքը, սակայն քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները կը հերքեն այդ պնդումը: