Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Կը Քննադատէ Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Գործունէութիւնը

February 14, 2019
in Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
US official: Turkey’s Russian missile purchase could ‘spike the punch’ in F-35 deal

ԵՐԵՒԱՆ ԿԸ ՀԱԿԱԴԱՐՁԷ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ազատութիւն».- «Չենք պաշտպաներ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ համագործակցութիւնը Սուրիոյ մէջ: Այս մասին Սուրիա հայ մասնագէտներու խումբ ուղարկելու վերաբերեալ «Այսօր»ի տուած հարցումին պատասխանելով՝ նշուած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան տրամադրած պատասխանին մէջ:

«Մեզի հասկնալի է Սուրիոյ մարդասիրական իրավիճակին արձագանգելու այլ պետութիւններու փափաքը եւ մենք կը կիսենք Միջին Արեւելքի մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան շուրջ մտահոգութիւնները», ըսուած է  պատասխանին մէջ:

«Այնուհանդերձ, մենք չենք պաշտպաներ Սուրիոյ զինուած ուժերուն ներգրաւուածութիւնը՝ ըլլայ քաղաքացիական անձերու օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով, թէ ռազմական ուղղուածութեամբ: Մենք նաեւ չենք պաշտպաներ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ համագործակցութիւնը այս առաքելութեան նպատակով: Ռուսիա կը գործակցի (Սուրիոյ նախագահ Պաշշար) Ասատի վարչակարգին հետ՝ կոտորածի ենթարկելով քաղաքացիներ եւ պատճառ դառնալով մարդասիրական աղէտի: Ռուսիա կը շարունակէ համաշխարհային հարթակի վրայ հանդէս գալ Ասատի վարչակարգին եւ վերջինիս վայրագութիւնները պաշտպանողի դիրքերէն», ըսուած է պատասխանին մէջ:

Յիշեցնենք, որ 8 Փետրուարին Սուրիոյ ժողովուրդին մարդասիրական մասնագիտական օժանդակութիւն ցուցաբերելու նպատակով ականազերծողներէ, բժիշկներէ եւ անոնց անմիջական ապահովութիւնը երաշխաւորող հայ մասնագէտներէ բաղկացած խումբը ժամանած էր Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան նշեց, թէ, ըստ իրեն, հարց կայ ամերիկեան յայտարարութեան թարգմանութեան մէջ: Տօնոյեան նկատել տուաւ, որ իրենք Սուրիա գործուղած են զուտ մարդասիրական նպատակներով աշխատողներ եւ ոչ թէ զինուորականներ:

«Հաւանաբար, հարցումներ են եղել, իրենք էլ իրենց կարծիքը յայտնել են, որ չեն աջակցում մեր՝ Ռուսիոյ  հետ համատեղ ծրագրին: Կարծում եմ՝ սրան արձագանգելու է արտաքին գործոց նախարարութիւնը», աւելցուց Տօնոյեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ամերիկեան արձագանգը ի՛նչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ՝ Տօնոյեան ըսաւ. «Տեսնում եմ, որ կայ որոշակի աշխարհաքաղաքական հակասութիւն, բայց մեր աջակցութիւնը Սիրիայի ժողովրդին, որի մաս է կազմում հայկական համայնքը, կարծում եմ՝ բարոյական առումով անխոցելի է, եւ որեւէ կերպ չի կարող շահարկման առիթ հանդիսանալ»:

Previous Post

US Fitness Influencer Gets Death Threats Over Scam Allegations

Next Post

Iranian President Lauds US Troop Pullout From Syria ‘If It’s True’

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.