ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Հայաստանը հրաւիրած է մասնակցելու 9-10 Դեկտեմբերին տեղի ունենալիք «Յանուն ժողովրդավարութեան» համաժողովին:
Ամերիկեան Politico թերթին կողմէ հրապարակուած է հրաւիրուած երկիրներուն ամբողջական ցանկը, որմէ ի յայտ կը դառնայ, որ Հայաստանի դրացիներէն միայն Վրաստանը հրաւիրուած է, իսկ հրաւիրեալներուն մէջ չկան Ատրպէյճանը, Թուրքիան եւ Ռուսիան:
Համաժողովը տեղի պիտի ունենայ առցանց եւ պետութիւններու ու կառավարութիւններու ղեկավարներէն բացի, անոր պիտի մասնակցին նաեւ քաղաքացիական հասարակութիւններու, բարեգործական եւ այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: